Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կրթական հեռանկարներ

Սեպտեմբեր 08,2010 00:00

Մոտեցումներ եւ հետեւութիւններ

2010 Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն Հայաստանի մէջ կայացան երկու համագումարներ, որոնք նիւթով, կազմակերպուածութեամբ եւ ելակէտով տարբեր ըլլալով հանդերձ, ըստ էութեան կը հետապնդէին մէկ գլխաւոր նպատակ. աջակցիլ սփիւռքահայ կրթական կեանքին: Խօսքը կը վերաբերի «Արեւմտահայերէնի Ուսուցման Վիճակը Սփիւռքի Մէջ» համաժողովին (կազմակերպուած ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ, 3-5 Յուլիսին) եւ Համահայկական Դ. Կրթական Խորհրդաժողովին (կազմակերպութեամբ ՀՀ ԿԳ Նախարարութեան, 13-17 Օգոստոսին):

Հայաստան-Սփիւռք 3 համաժողովներէն ետք (1999, 2002, 2006), հայութեան երկու զանգուածներուն կազմակերպ համագործակցութիւնը ստացաւ նոր բնոյթ, երբ գումարուեցան ամենատարբեր մասնագիտական համահայկական գիտաժողովներ, որոնք իրենց շօշափած նիւթերով, արծարծած խնդիրներով, առաջարկած լուծումներով եւ մանաւանդ ընդհանրական բնոյթի հարցերէն աւելի՝ որոշակիի՛ն անդրադառնալու յատկանիշով, նոր թափ հաղորդեցին հայութեան երկու զանգուածներուն փոխյարաբերութեան: Այս աւանդոյթը թափ առաւ Սփիւռքի Նախարարութեան հիմնումէն ետք:

Ա. Մասնագիտական Մօտեցում

Ի տարբերութիւն կրթական խորհրդաժողովին, արեւմտահայերէնի համաժողովը կը յատկանշուէր ընդգծուած մասնագիտականութեամբ: Անիկա կը հետապնդէր յստակ նպատակ մը՝ քննել արեւմտահայերէնի դիմագրաւած դժուարութիւնները սփիւռքահայ կրթական ոլորտին մէջ, եւ փորձել լուծումներ առաջադրել: Անոր հրաւիրուած էին այդ կալուածին մասնագէտները եւ անմիջական առնչութիւն ունեցող մարդիկ: Արդիւնքը եղաւ ոչ միայն հաղորդագրութեան մը հրապարակումը (զոր կարելի է կարդալ Սփիւռքի Նախարարութեան էլ-թերթին մէջ՝ hayernaysor.am), այլ յատուկ մարմնի մը կազմումը, որ պիտի հետապնդէ առնուած գլխաւոր որոշումին՝ արեւմտահայերէնի հիմնարար դասագիրքի մը իրագործումը: Կրթական խորհրդաժողովը, շարունակելով նախորդ երեք խորհրդաժողովներուն աւանդոյթը, արծարծեց ընդհանուր նիւթեր. Ռուսիոյ կամ Հոլանտայի մէկօրեայ դպրոցին ու Լիբանանի կամ ԱՄՆի ամէնօրեայ կրթօջախին խնդիրները խառնուած էին իրար, արեւելահայերէնի դասաւանդման հարցերն ու արեւմտահայերէնի դիմագրաւած խնդիրները եթէ քննուեցան, ապա միեւնոյն պարունակին մէջ: Նման ոչ-մասնագիտացած, ընդհանրական մօտեցում, եթէ հասկնալի էր առաջին քանի մը գիտաժողովներուն ընթացքին, սակայն Կրթութեան Նախարարութեան Սփիւռքի բաժինի ութամեայ փորձը պէտք է թելադրէր այլ մօտեցում ցուցաբերել այս խիստ կարեւոր ու շնորհակալ խորհրդաժողովներուն հանդէպ: Պարզ է, որ իւրաքանչիւր գաղթօջախ ունի իր առանձնայատկութիւնը, եւ անհնար է առանձին անդրադառնալ իւրաքանչիւրին. հետեւաբար հարկ է կատարել գէթ տարածաշրջանային բաժանում, իսկ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ խորհրդաժողովին կազմակերպիչները, որոնք լաւ ճանչնալու են Սփիւռքն ու անոր կրթական խնդիրները, առանձնացնէին մի քանի հիմնախնդիրներ, մասնագէտները պատրաստէին համապատասխան զեկոյցներ, մասնակիցները նախապատրաստուէին այդ ուղղութեամբ, եւ խորհրդաժողովը տար արդի՛ւնք: Հաճելի է Ծաղկաձորի չքնաղ բնութեան մէջ նոր ծանօթութիւններ հաստատել, հին ծանօթութիւններ վերականգնել, խօսիլ կրթութեան բնագաւառը յուզող հարցերու մասին, տեղեկանալ սա կամ նա գաղութի դժուարութիւններուն մասին եւն.: Սակայն հայրենի պետութեան նիւթական սուղ միջոցները այլեւս պէտք է գործածուին աւելի նպատակայարմար ծրագիրներու վրայ:

Բ. Կազմակերպչական մօտեցում

Ի տարբերութիւն արեւմտահայերէնի գիտաժողովին, կրթական խորհրդաժողովը կը տառապէր նաեւ կազմակերպչական մի քանի այլ թերութիւններով: Ելոյթները չէին համակարգուած. օրինակ, Սփիւռքէն միայն մէկ անհատ (Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան) եւ երկու պատուիրակութիւն (ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Պապայեան Մանկավարժական Հիմնարկ եւ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Վիրթուալ Համալսարան) եկած էին նախօրօք պատրաստուած ելոյթներով: Ի մէջ այլոց, ի տարբերութիւն Դոկտ. Փիրումեանի ելոյթին, Ե. Պապայեան Հիմնարկը, անհասկնալի պատճառներով, միայն խորհրդաժողովի երկրորդ օրը, ինչ որ կերպով «խցկուեցաւ» ծրագրին մէջ, այն ալ մասնախումբերու աշխատանքային խումբ, հակառակ ամիսներ առաջ կրկնակիօրէն ներկայացուած մասնակցութեան յայտերուն: Որեւէ միտում չենք ուզեր դիտել, այլ կ’արձանագրենք սոսկ փաստ մը: Յանուն արդարութեան, անհրաժեշտ է նշել, թէ հայաստանցի մասնակիցները (Ճարտարագիտական Համալսարան, Ֆրանս-հայկական Համալսարան, Մանկավարժական Համալսարան, 3 հրատարակչատուներ, Կրթական Տեխնոլոգիաների Ազգային Ինստիտուտ եւն) նոյնպէս եկած էին նախապատրաստուած:

Յարգելով հանդերձ Ճարտարագիտական եւ Ֆրանս-հայկական համալսարաններուն ներդրումը, չհասկցանք թէ հայեցի կրթութեան մէջ մեծ վաստակ ունեցող եւ ապագայ խոստացող Երեւանի Մանկավարժական Համալսարանի բանասիրութեան եւ մանկավարժութեան բաժանմունքներն ու «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կենտրոնը, ԵՊՀ բանասիրութեան, պատմութեան, աստուածաբանութեան եւ նամանաւանդ արեւմտահայերէնի ու սփիւռքագիտութեան բաժինները ինչո՞ւ բացակայ էին խորհրդաժողովէն: Արդեօ՞ք ճարտարագիտականը աւելի մեծ ներդրում ունի հայագիտութեան եւ մանկավարժութեան մարզին մէջ: Մի՞թէ վերոնշեալ բաժանմունքներուն ղեկավարները չէին հրաւիրուած. եթէ այո՝ ինչո՞ւ, եթէ ոչ՝ ինչո՞ւ չէին եկած: Յամենայնդէպս, երկու պարագաներուն ալ, պատասխանատուներուն վարմունքը անհասկնալի է ու ներելի չէ:

Գ. Հաշուետուութիւն

Իւրաքանչիւր խորհրդաժողով, որպէսզի աշխատի արդիւնաւէտութեամբ, պէտք է քննէ նախորդ խորհրդաժողովին առնուած որոշումները, ստուգէ անոնց իրագործումը կամ կատարումը: Կրթական Դ Խորհրդաժողովին տեղի չունեցաւ նման բան մը: Ինչ խօսք, որ դժուար է երկու տարուան մէջ բազմընդգրկուն խորհրդաժողովի մը ընթացքին առնուած որոշումները իրականացնել: Սակայն անհրաժեշտ է նախորդին անդրադարձումը, որպէսզի կրկնութիւններէ կարելի ըլլայ խուսափիլ, անիրագործելի ծրագիրներ չորդեգրել եւն: Նման խորհրդաժողովներ ունի՞ն թէ չունին օրէնսդիր իշխանութիւն, չենք գիտեր: Նախարարութիւնը հաշուետո՞ւ է իւրաքանչիւր խորհրդաժողովի, այն ալ չենք գիտեր:

Դ. Դասական Սփիւռքին մասնակցութիւնը

Գրանցուած 96 սփիւռքահայ մասնակիցներէն, Կրթական Դ խորհրդաժողովին կը մասնակցէին միայն 23 արեւմտահայ եւ պարսկահայ կրթական մշակներ հետեւեալ երկիրներէն. ԱՄՆ (7), Լիբանան (5), Իրան (5), Իրաք (2), Սուրիա (1), Եգիպտոս (1), ԱՄԷ (1), Ֆրանսա (1):

Յատուկ շեշտեցինք արեւմտահայերու եւ նախկին հայաստանցիներու մասնակցութեան այս մեծ տարբերութիւնը, շեշտելու համար բացակայութիւնը Սփիւռքի արեւմտահայախօս զանգուածին, որ ունի կազմակերպուած դպրոցական ցանց մը, մօտաւորապէս 200.000 աշակերտով: Չենք կասկածիր, որ հրաւէրներ ղրկուած են բոլորին: Սակայն անհրաժեշտ է վերլուծել արեւմտահայ դպրոցներու ներկայացուցիչներուն նօսր թիւը: Արդեօ՞ք պատճառը նիւթականն է, արդեօ՞ք անտարբերութիւնն է, կամ դեսպանատուներուն անբաւարար աշխատանքը:

Դ. Այլ Հարց Մը

Երեք հրատարակչական տուներ խորհրդաժողովի երկրորդ եւ երրորդ օրերուն, երկարօրէն ներկայացուցին ցարդ իրենց կատարած աշխատանքը: Լոյս տեսած գիրքերը, իրենց որակով բնաւ չեն զիջանիր եւրոպական եւ ամերիկեան գիրքերու: Սակայն այստեղ եւս ցաւով արձանագրեցինք փաստ մը: Լոյս տեսած 70 դասագիրքերու, ուղեցոյցներու, մեթոտիկաներու, ընթերցանութեան օժանդակ գիրքերու (մանրամասն ցանկը տեսնել www.spyurk.dasagirq.am), առաւել մի քանի տասնեակ որմազդերու, դաստիարակչական խաղերու, տեսա/ձայնասկաւառակներու մէջ հանդիպեցանք արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ հրատարակուած միայն չորս գիրքի. երկու դասագիրք՝ Լիլիթ Տէր-Գրիգորեան եւ Անժէլ Քիւրքճեան՝ «Հայրենի Աղբիւր» Ա. եւ Բ. եւ երկու հէքեաթներու գիրք, Վահագն Գրիգորեան՝ «Անտառային Հէքեաթներ», որ ունի նաեւ էլեկտրոնային տարբերակ եւ Սուրէն Մուրատեան՝ «Հայկական Հէքեաթների Աշխարհ»: Մեր ուշադրութենէն կրնան վրիպած ըլլալ քանի մը այլ գիրքեր: Յաւելենք վերոյիշեալներուն ԵՊՀ հրատարակած արեւմտահայերէնին նուիրուած քանի մը լեզուաբանական գիրքերը եւ բառարանը (հեղինակներ՝ Ռուբէն Սաքապետոյեան, Եուրի Աւետիսեան): Արդի՞ւնք: Տասնամեակի մը ընթացքին, 6-7 գիրք է անկախ Հայաստանի հրատարակչական ներդրումը արեւմտահայախօս Սփիւռքի կրթական մարզին: Եթէ բաղդատութիւն մը ընենք միայն «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնին արեւմտահայ կամ սփիւռքահայ գրողներու բնագիր լեզուով եւ ուղղագրութեամբ լոյս ընծայած գեղարուեստական, գրականագիտական, լեզուաբանական եւ մանկավարժական գիրքերուն (ընդհ. 28 հատ), ապա ի յայտ կու գայ, որ 3-4 պաշտօնեայ ունեցող Կեդրոն մը, սահմանափակ պիւտճէով աւելի մեծ գործ կատարած է, քան ամբողջ Նախարարութիւն մը…

Սփիւռքի խնդիրներով կը զբաղին հայաստանեան տարբեր կազմակերպութիւններ:

Անհրաժեշտ է կատարել համակարգում մը, որովհետեւ միեւնոյն խնդիրներով զբաղող տարբեր մարմիններ, ենթակայական թէ առարկայական պատճառներով խաչաձեւումներ կ’առաջացնեն, որոնք կը վնասեն գործին: Սփիւռքը, իր բոլոր աշխարհագրական բաժանումներով, ունի գերխնդիրներ, որոնք կը կարօտին համապարփակ քննարկումի ու լուծումի: Հայաստանը պէտք է ներկայանայ Սփիւռքին մէկ մարմինով: Սփիւռքի նախարարութիւնը, ցարդ իր կատարած աշխատանքով կրցաւ ապացուցանել, թէ ինք պէտք է ըլլայ Սփիւռքի հետ տարուող բոլոր աշխատանքները համադրող, ուղղորդող մարմինը:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել