Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ISIS- Գլխատեց  Բանակի  Երկու Միաւորներ. Լիբանանի Լարուած Ականը Կրնայ Պայթիլ

Սեպտեմբեր 09,2014 17:17

Լիբանանեան բանակի շուրջ  30  միաւորներ  գերեվարուած կը մնան  Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող   ահաբեկչական խմբաւորումներու  մօտ (ISIS եւ «Ալ Նուսրա Ճակատ»): Ամիս մը  առաջ,  երբ  բանակը  կը ձերբակալէր  Ահմատ Ժումհա անունով  Իսլամիստ  պատասխանատուն՝ զինեալները արագ հակահարուած մը տալով  գերի վերցուցին բանակի միաւորները:

Դէպքը տեղի ունեցաւ Արսէլ աւանին մէջ, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Պէյրութէն  122 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ Սիւննիներեն: Արսէլ, որուն տարածութիւնը  316 քառակուսի  քիլոմեթր է,    Սուրիական պատերազմին սկիզբէն ետք դարձաւ կիզակէտ: Անոր Սիւննի բնակիչները իրենց տուները  բացին այն գաղթականներուն առջեւ, որոնք  Սուրիայէն խոյս տալով լեցուեցան աւանին մէջ:

Ոչ ոք կը  մտածէր, որ Արսէլը կրնար լարուած ռումբ  եւ   վտանգաւոր սպառնալիք    դառնալ երկրի ընդհանուր անվտանգութեան:

Համայնքային   շեշտուած  դրութեամբ կառավարուող Լիբանանին համար  Սիւննի- Շիիթ հակամարտութեան վտանգը միշտ առկայ է:Մինչ Սիւնիի  համայնքի     մեծամասնութիւնը դէմ են Պաշշար Ասատի վարչակարգին անդին Իրանի Իսլամական հանրապետութեան երեւելի  թելադրանքով   Շիիթ «Հըզպալլա»ի  զինեալ ջոկատներ կը մասնակցին վարչակարգը պաշտպանելու  համար մղուած մարտերուն:

Գաղտնիք չէ ուրեմն, որ  երկիրը սուր բաժանումի մը  գիրկին մէջ  է:

leb army  Main  aly  al sayedՔրիստոնեայ եւ Տիւրզի  համայնքները նոյնպէս մաս կը կազմեն  այդ բաժանումներուն:

Շուրջ տաս օրեր առաջ,   երբ բանակի    զինծառայող  Ալի Ալ Սայէտի (Սայէտ  Սիւննի համայնքի անդամ էր)  գլխատուած նկարը  Twitter-եան     միքրոբլոգի միջոցաւ շրջառութեան մէջ դրուեցաւ,  ոչ  ոք կուզէր հաւատալ, որ  Սայէտ (լուսանկարում-խմբ.)   իրօք գլխատուած էր: Զարգացումները  թէժացան, երբ Թրիփոլիի  «Իսլամ  կրօնաւորներ  համախմբում»-ի անդամները կը յայտարարէին , թէ   կը  հրաժարին բանակայինները  ազատելու իրենց  նախաձեռնութիւնէն  ըսելով, որ  Քաթար  եւ Թուրքիա կարեւոր  նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գան  եւ  աշխատանք տանին փրկելու համար      գերի  ինկած զինուորները:

Այնուհետեւ Իսլամիստները  ( ISIS  եւ «Ալ Նուսրա»  ճակատ)   քանի մը անգամներ   յայտարարութիւններ ըրին, հաւաստելով, որ իրենք պատրաստ են բանակցիլ   վարչապետ Սալամի  կառավարութեան հետ:Անոնց գլխաւոր պայմանը  Լիբանանի կառավարութեան    բանակի գերիները   Ռումիյէ  գլխաւոր բանտին մէջ գտնուող Իսլամիստ   կարգ մը մեղադրեալներու հետ փոխանակումն էր:

Դրուած պայմանները բաւական ծանր են:  Իսլամիստները իւրաքանչիւր զինուորի  դիմաց  պահանջեցին   15   մեղադրեալի ազատ արձակում:

Բայց  հիմնական   պահանջը կը մնար Ահմատ Ժումհայի  ազատ արձակումը, որ  Իսլամիստներու (ISIS)  կարեւորագոյն  պատասխանատուն կը համարուի Արսէլի եւ  Սուրիական  սահմանային շրջաններուն մէջ:

Անոնք   նաեւ խոստացած էին, որ   Ալի Սայէտի գլխատումէն   ետք    նպատակ չունին  այլ գլխատումներ ընել:Բայց  դրժելով  իրենց խոստումը՝ Շաբաթ երեկոյեան կը յայտարարէին, որ  գլխատած են երկրորդ   բանակային մը, որ Շիիթ համայնքէն էր եւ կը կոչուէր  Ապպաս Մըտլէժ:

dahesh agan @###Այս բոլորին դիմաց  բարձրօրէն կը լսուի  գերեվարուած  բանակայիններու ծնողներուն  արձակած  ճիչը: Անոնք ամէն օր ճանապարհներ կը փակեն եւ   կը յայտարարեն, որ  վստահութիւն չունին  կառավարութեան հանդէպ:

Ուշագրաւ է ուրեմն, որ կառավարութիւնը լուրջ տագնապի մը առջեւ է: Եթէ   կատարէ ծնողներուն փափաքը եւ ուղղակի բանակցութեան մէջ մտնէ  զինեալներուն հետ՝ զոհած պիտի ըլլայ բանակին վարկը: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ  առանց նախագահի    գոյատեւող երկրին համար  վստահութեան միակ ապաւէնը  Լիբանանեան բանակն է:

Զինուորական ընտրանքներու մասին   թէեւ կը խօսուի,  բայց յստակ է,  որ  մինչեւ    8  հազար զինեալներու  համար ապաստան դարձած Արսէլ աւանի լեռնային շրջանները գրոհելու համար բանակը կարիքն  ունի  ոչ միայն  յատուկ   զէնքերու, այլ  հիմնականը՝արդիական  օդուժի:  Առնուազն այս հանգրուանին    բանակի շարժումները կը  խօսին այն մասին, որ  անոր հրամատանատարութիւնը չի պատրաստուիր  զինուորական պատժիչ  գործողութիւն մը իրականացնել :

Կը մնայ հասկնալ , որ Իսլամիստներու այս «ճարպիկ»  քայլը    լարուած ուժանակի կը վերածէ ամբողջ երկիրը: Մինչ անոնք կը պահանջեն «Հըզպալլա»ի զինեալներուն Սուրիայէն հեռացումը նաեւ պատանդներու տեսագրութիւններով  կը  յայտարարեն, թէ  հիմնական նպատակը «Հըզպալլա»ն  Քալամունի   ճակատամարտէն հեռու  պահելն  է: Զինեալներուն համար Քալամունը  խիստ կարեւոր   Լիբանանի հետ սահմանային  այն շրջանն է, որ շուրջ տարի մը առաջ  անցած էր Ասատեան ուժերու տիրապետութեան տակ եւ հոն էր, որ «Հըզպալլա» բացայայտ կերպով    յայտարարեց իր մասնակացութիւնը Սուրիական պատերազմին:

Կը մնայ  հարցադրումը՝ արդեօ՞ք վարչապետ Սալամի  կառավարութիւնը  հետզհետէ համաժողովրդային դարձող ճնշումներուն դիմաց տեղի պիտի տայ եւ   բանակցութիւններ  վարէ   զինեալներուն հետ: Կամ  շարունակէ ապահովական     «կարեւոր»  համարուած ժողովներ գումարել եւ այդպիսով   ժամանակ  շահիլ:

Այս իրավիճակին մեծագոյն վտանգը Սիւննի – Շիիթ  համայնքներուն միջեւ լարուած    դրութեան մը պայթումին վտանգն  է ու  հակառակ համակեցութեան մասին լսուող «հին երգերուն» ՝  դէպքերուն  հետեւողի մը համար   շատ յստակ է, որ  եթէ  արտաքին ճնշումներու ալիքը նուազի, ապա  այդ հակամարտութեան պատրոյգը մէկ  օրուան մէջ կրնայ  վառիլ ու  տակնուվրայ ընել երկիրը :

Գուցէ  բանակի միաւորները  դառնան այս   լարուածութեան պատրոյգի վերացման գլխաւոր    միջոցը:

Տակաւին չեմ  խօսիր   Քրիստոնեայ համայնքներուն մասին , որոնք    առանց յայտարարութիւն տալու  սրդողած են եւ  միայն բանակին  մէջ կը գտնեն իրենց  գոյութեան ապահովութիւնը:

Տեսարանները եւ գլխատուած զինուորներուն պատկերները  իրապէս ցնցիչ են: Թէ  ինչ  աւարտ կ’ունենայ այս սցենարը ոչ ոք գիտէ: Բայց յստակ է նաեւ, որ Լիբանան իր քաղաքական   կեցուածքներու միասնական որոշումի մը բացակայութեան գինն է, որ կը վճարէ: Գաղտնիք չէ նաեւ,որ շատ  մը   կողմեր    կը փորձեն  խառնակչութիւն ստեղծելով    «գլխատուած  հանրապետութեան»  (նկատի ունիմ   առանց նախագահի հանրապետութեան )  մէջ  անիշխանական վիճակ ստեղծել:

Շաբաթ  երեկոյեան  գլխատուած զինուորը   Շիիթ համայքի անդամ է: Մինչ շաբաթ մը առաջ   գլխատուած    Ալի Ալ Սայէտը  Սիւննի է:  Ու  զարմանալի չէ , որ Իսլամիստ զինեալները իրենց դրած  կանոններով կը գործադրեն  արձակուած  սպառնալիքները  միշտ փայփայելով այն հին երազը, որ   Լիբանանի մէջ   լարուածութեան պատրոյգը կը  բոցավառի, ու  Սուրիոյ կրակներէն  շուրջ երեք տարիներէ  ի վեր ինքզինք հեռու  պահող   երկիրը   կը դառնայ  փոքր պատերազմներու  նոր թատերաբեմ:

Քաղաքական- ապահովական որոշումը ուշացած է  եւ պարզ է նաեւ, որ մինչեւ  հիմա իրենց դիրքերէն ոչ մէկ   քայլ զիջած  կողմերը   նոր զիջումներու պիտի չերթան բացի  այն պարագայէն, երբ  շրջանային ուժեր իրենց հայացքները Իրաքի Մուսէլէն, Նինուէն  եւ Սուրիոյ Ռաքքայէն  ու  Տէր Զօրէն   վեր հանելով մտածեն իրենց աչքերը   ուղղել     համայնքային սուր     հակադրութիւններով  գոյատեւող Լիբանանին:

Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930