Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Այս բոլորին դիմաց, մենք ի՞նչ կ’ընենք․ կը պատրաստուինք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ առեւտուի եւ ճամբաներու բացման ծրագիրներ մշակելու․ «Հայրենիք»

Դեկտեմբեր 12,2020 09:20

10 Նոյեմբերի աղէտաբեր համաձայնագիրէն ճիշդ ամիս մը ետք, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները ժամադրուած էին Պաքուի մէջ, ուր զինուորական տողանցքով եւ զէնքերու ցուցադրութեամբ (նաեւ մեզմէ խլուած զէնքեր) տօնեցին Արցախի մեծագոյն մասին բռնագրաւումը: Սա ճակատամարտ մը շահած՝ համաթուրանականներու սոսկական ժամադրութիւնը չէր, ո՛չ ալ այլապէս «բնական» տօնախմբութիւն մը:

Ալիեւ անգամ մը եւս բացայայտեց, որ Արցախը իր եւ Էրտողանի համար միայն նախաքայլ մըն է, որովհետեւ «Զանգեզուրէն մինչեւ Երեւան պատմականօրէն մաս կը կազմեն Ատրպէյճանի» (ան կը փորձէ աշխարհին ալ մոռցնել, թէ Ատրպէյճան անունով երկիրը հազիւ 100 տարեկան է), իսկ կրտսեր եղբօր ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրած (ամչցաւ յիշելու որ նա՛եւ… ահաբեկիչներով) Էրտողան ոգեկոչեց 1915-ի Ցեղասպանութիւնը ծրագրած ու գործադրած իր ոճրագործ նախահայրերը՝ Էնվէրն ու Նուրին:

Պաքուէն արձակուած այս սպառնալիքներուն դիմաց, մենք ի՞նչ կ’ընենք…

***

Հայաստանի վարչապետին բանբերը (նաեւ ուրիշներ) բացայայտ վրդովմունքով եւ արդարօրէն դատապարտեց յիշեալ յայտարարութիւնները: Մանէ Գէորգեանի խօսքերը լսողը կրնայ ունենալ այն տպաւորութինը, որ այս սպառնալիքները առաջին անգամն է որ կը հնչեն, առաջին անգամն է որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա «Հայաստանի հողերուն նկատմամբ նկրտումներ կը ցուցաբերեն» եւ «կասկածի տակ կը դնեն Ատրպէյճանի խաղաղասիրական տրամադրութիւնները, սպառնալիք են շրջանի անվտանգութեան»:

Մանէ Գէորգեան եւ իր պոսը նո՞ր կ’անդրադառնան, թէ Ալիեւ եւ անոր պոսը շատո՜նց խաղաղասիրութեան հականիշ են, կը վտանգեն շրջանի ու աշխարհի՛ խաղաղութիւնը: Հայաստանի ղեկին նստողները արդեօք լուսի՞ն ճամբորդած էին, երբ Ատրպէյճան եւ իր զինակիցները Արցախ ներխուժեցին 27 Սեպտեմբերին, քար ու քանդ ըրին հայկական բազմաթիւ շէներ, ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐ գործեցին ամբողջ 44 օր, գրաւեցին անվիճելիօրէն հայկական հողեր, վրան ալ, անպատուաբեր յայտարարութեամբ՝ նուէր ստացան ընդարձակ հողեր, զորս չէին կրցած զէնքով նուաճել, իսկ իբրեւ «յաւելուած-նուէր»՝ խոստում ստացան Մեղրիի վրայով անցք մը ապահովելու Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ:

Հայկական հողերու կորուստի օրերուն, մենք ի՞նչ կ’ընէինք…: Այո՜, Փաշինեանի շքախումբը ամբողջ հայութիւնը կ’առաջնորդէր «յաղթում ենք» սուտերով, որոնց՝ ո՛չ մէկ հայ ինք իրեն իրաւունք կու տար անկեղծօրէն եւ անվերապահօրէն չհաւատալու:

***

Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր, Հայաստանի ու Արցախի քարտէսը կը վերախմբագրուի մեր հասողութենէն անկախաբար: Պատմութի՛ւն կը խեղաթիւրուի ու կ’այլափոխուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արիւնածոր գրիչներով: Հայ Դատը նոր խորք ու հորիզոններ կը «նուաճէ» մեր կամքէն անկախ: Չխօսինք մարդկային եւ ընկերային ահաւոր տագնապներուն մասին…

Արցախի նոր սահմաններուն վրայ, ազերիներ «չնախատեսուած ու չհամաձայնուած» թափանցումներ կ’ընեն, նոյնը՝ Սիւնիքի շրջանին մէջ: Թրքական եւ ազերիական աղբիւները արտառոց առեւտուրի ծրագիրներ հրապարակ կը նետեն, կը յայտարարեն, որ Հայաստան 50 միլիառ տոլարի վնաս հասցուցած է Ատրպէյճանին, եւ որովհետեւ զայն հատուցելու կարողութիւնը չունի, պէտք է Զանգեզուրը յանձնէ Ատրպէյճանին: Այդ բոլորը՝ Ալիեւի ու Էրտողանի 10 Դեկտեմբերի սպառնական յայտարարութիւններէն առաջ էին:

Այս բոլորին դիմաց, մենք ի՞նչ կ’ընենք…: Այո՜. բաներ մը կ’ընենք. կը պատրաստուինք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ առեւտուի եւ ճամբաներու բացման ծրագիրներ մշակելու, մինչեւ իսկ կը փորձենք ժողովուրդը համոզել, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելը բարիք կը խոստանայ…

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031