Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2025-ին, Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ, բացումը կատարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին ու Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցւոյ կազմակերպած Արցախի կրօնական, մշակութային ու պատմական ժառանգութեանց պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համագումարին:
Համագումարի բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցւոյ նախագահ վերապատուելի Ռիթա Ֆամոս եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի դոկտ. Ճէրի Փիլէյ։
Համագումարի բացման նիստին խօսք առին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը անձամբ արտասանեց իր խօսքը, իսկ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տեսերիզի միջոցաւ իր խօսքը յղեց Անթիլիասի Մայրավանքէն:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ կէտերը յանձնեց համագումարի հայ եւ օտար մասնակցողներու ուշադրութեան.-
Կարդացեք նաև
ա) Արցախի մէջ ամբողջ ժողովուրդ մը արմատախիլ եղաւ իր դարաւոր հայրենիքէն եւ օրէ-օր մեր կրօնական, մշակութային ու պատմական ժառանգութիւնը Ազրպէյճանի պետութեան հովանաւորութեամբ քանդումի կ՚ենթարկուի ծրագրուած ձեւով։
բ) Ինչ որ տեղի ունեցաւ 2023-ին եւ կը շարունակուի այսօր՝ ցեղասպանութիւն է. 1915-ի Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութիւնը նոր մեթոտաբանութեամբ եւ աճող ուժգնութեամբ այսօր ի գործ կը դրուի Ազրպէյճանի կողմէ։ Ի մի բան՝ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։
գ) Միջազգային օրէնքը յստակօրէն կը դատապարտէ ցեղասպանութիւնը եւ կ՚երաշխաւորէ հայորդիներուն իրենց հայրենիքը՝ Արցախ վերադարձը։ Եկեղեցիներուն, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ բարի կամեցողութիւն ունեցող հաւաքականութիւններուն պարտականութիւնն է գործնականօրէն արձագանգել այս քայլերուն եւ արդարութեան վերահաստատման մասնակիցներն ու վկաները դառնալ։
դ) Այս համագումարը կոչուած է յայտարարութիւն կատարելէ անդին ուղեցոյց հանդիսանալու Արցախի դատի հետապնդման, մեր գերիներու ազատագրման, մեր ժողովուրդի զաւակներու Արցախ վերադարձին եւ արդարութեան վրայ խարսխուած խաղաղութեան վերահաստատման: