Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Շաբաթ, 31 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, Աթէնքի Մարիոթ պանդոկի սրահին մէջ տօնախմբուեցաւ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակը՝ հայ համայնքի կառոյցներու ու յոյն եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու եւ ազգայիններու ներկայութեամբ։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Յունաստանի Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան անդամ Շողիկ Տատոյեան, որուն յաջորդեց վարչութեան խօսքը՝ ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանի կողմէ։ Վերջինս իր խօսքին մէջ ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետին վերանորոգող ու ներշնչող ներկայութիւնը թեմին մէջ։ Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ, որ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը յունահայութեան պարգեւեց հոգեւոր ցնծութիւն ու խանդավառութիւն։ Ապա, օրուան պաշտօնական խօսքը արտասանեց Ազատ Օր օրաթերթի խմբագրապետ Քերոբ Էքիզեան։ Ան Հայրապետը ներկայացուց որպէս մտաւորական, հովուապետ, շինարար եւ միջ-եկեղեցական ու միջազգային հանրածանօթ անձնաւորութիւն։ Իքիզեան Նորին Սրբութիւնը նաեւ նկատեց եզակի դէմք այն բոլոր մարզերուն մէջ, որոնք հայրապետական գահակալութեան 30 տարիներու շրջանին նոր էջ բացած է հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին ու առաքելութեան մէջ։
Խմբագրապետի խօսքին յաջորդեց Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեանի երախտագիտական խօսքը։ Ան եւս, իր կարգին, ընդգծեց Վեհափառ Կաթողիկոսի գահակալութեան իւրայատուկ երեսները ու նշանակալից իրագործումները։ Իր խօսքի աւարտին, ան հրաւիրեց Հայրապետը, որպէսզի ներկաներուն ուղղէ իր հայրական պատգամը։
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գահակալութեան 30 տարիներու գործունէութիւնը բնորոշեց մէկ բառով.- ծառայութիւն։ Ան ըսաւ, որ անթիլիասական ծառայութիւնը նոր վարկ ու ծաւալ ստացաւ՝ իր մէջ ներառելով ողջ հայութիւնը, Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքի բազմազան բնագաւառները։
Կարդացեք նաև
Նշենք, որ Հայրապետին գահակալութեան 30-ամեակի հանդիսութեան առիթով տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ՝ պատրաստուած Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքին կողմէ. իսկ հանդիսութեան աւարտին, յանուն Յունաստանի Հայոց Թեմին, Վեհափառ Հայրապետին յանձնուեցաւ հայրապետական մատանի։