Սահմանադրութիւնը երկու յօդուած տրամադրած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համար:
Յօդուած 17. Պետութիւնը եւ կրօնական կազմակերպութիւնները
1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնում երաշխաւորւում է կրօնական կազմակերպութիւնների գործունէութեան ազատութիւնը:
2.- Կրօնական կազմակերպութիւններն անջատ են պետութիւնից:
Կարդացեք նաև
Յօդուած 18. Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին
1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու` որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում:
2.- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու յարաբերութիւնները կարող են կարգաւորուել օրէնքով:
Նման մեղադրանքներ եւ պահանջներ հնչեցնելը, այս երկու յօդուածները նկատի ունենալով, հակասահմանադրական են: Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները կրնան դիմել Սահմանադրական դատարան, վարչապետի յայտարարութիւններն ու պահանջները հակասահմանադրական նկատելու եւ ըստ այնմ վերաբերում ճշդելու պահանջով: Թէեւ հակասահմանադրական առաջին յայտարարութիւնները չեն, որ կը հնչեն այդ մակարդակով:
Պարզ է, որ ընտրական նպատակով եղածը ուրեմն, բարոյական ճնշում ստեղծել է, որպէսզի պահանջարկը զանգուածայնանայ կաթողիկոսի հրաժարեցման:
Մէկ ուշագրաւ յայտարարութիւն եւս, կրնայ հետագայ ընթացքին վրայ նախանշային իմաստ ունենալ: Վարչապետին աշխատակազմի ղեկավարը յայտարարեց, որ խնդիրը չպարզաբանուելու պարագային կը դիմուի սահմանադրական ելքի: Ինչը կ՛ենթադրէ Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածներու փոփոխութիւն, իրաւական հիմնաւորում ունենալու համար միջամտութեան:
Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ գործող Սահմանադրութեան իւրաքանչիւր կէտ համաձայնեցուած է Վենետիկի յանձնաժողովին հետ, որ դէպի Եւրոպա համարկուող երկիրներու սահմանադրական նախագիծերու ճարտարապետական խումբն է: Հարց է, որ եւրոպական իրաւաչափութիւններուն որքա՞ն համահունչ կրնայ նկատուիլ պետութեան միջամտութիւնը եկեղեցւոյ գործունէութեան:
Պետական բարձրագոյն մակարդակներէ օգտագործուող բառապաշարի մակարդակը, գռեհիկ ոճաբանութիւնը եւ հակաիրաւական խօսոյթը հարցի հանգուցալուծման չեն առաջնորդեր: Այս բոլորը կը ստեղծեն լարուածութիւն, պառակտուածութիւն, բաժանարարութիւն: 2018-ով սկսուած վարքագիծին համաձայն:
Պարզ են Սահմանադրութեան 17-րդ եւ 18-դդ կէտերը: Նոյնքան պարզ է յայտարարութիւններուն հակասահմանադրականութիւնը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում