Լրահոս
Իրանի հակահարվածը
Օրվա լրահոսը

Ն․Ա․Տ. Սահակ Բ․ Պատրիարք հօր այցելութիւնները Արևմտեան թեմէն ներս

Հունիս 22,2025 10:53

ՆԱՏ. ՍԱՀԱԿ Բ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Երկուշաբթի 16 Յունիսի յետմիջօրէին, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան, հրաւէրով ԱՄՆ-ի Արեմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի օրհնաբեր այցելութեամբ ժամանեց Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայան։ Պատրիարք Հայրը, որուն որպէս գաւազանակիր կ՚ընկերանայ Հոգշ. Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, դիմաւորուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ, որու կ՛ընկերանային Սրբոց Ղեւոնդեան Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանն ու  Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ Արեւմտեան Թեմէն ներս կազմուած կարգադիր յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տիար Սարօ Մարուքեանը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթելէ ետք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ հիւրանոց, ուր Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեան եւ կարգադիր յանձնախումբի անդամներ բարի գալուստ մաղթեցին Ամենապատիւ Պատրիարք Հօր։ Նոյն օրը երեկոյեան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընթրիքի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ Կարգադիր Յանձնախումբի անդամներուն հետ եւ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան ծանօթացուց սեղանակիցները, ներկայացնելով իւրաքանչիւրի համայնքային կեանքէն ներս ունեցած հանգամանքները։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու սեղանակիցները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին եւ օրհնաբեր այցելութիւն ու բարի կեցութիւն մաղթեցին Պատրիարք Հօր, որ իր կարգին  շնորհակալութիւն յայտնեց դիմաւորութեան եւ կազմակերպչական լուրջ աշխատութեան համար։ Ընթրիքի ընթացքին ներկաներուն Պոլսահայ ազգային եկեղեցական կեանքի մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան:

Ն․Ա․Տ․ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ԵՒ ՍԱՀԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ

Արեւմտեան Թեմ կատարած իր  օրհնաբեր այցելութեան ծիրէն ներս, Երեքշաբթի 17 Յունիսի առաւօտուն, Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ուղեկցութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի յաջորդաբար այցելեց Յովսէփեան եւ Սահակ Մեսրոպ հայկական ամենօրեայ վարժարաններ։ Պատուրիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարք Հօր գաւազանակիր՝ Հոգեշնորհ Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը եւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասէն Արժ․ Տէր Մուշեղ Աւագ Քահանայ Թաշճեանն ու Արժ․ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Մովսէսեանը։

Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մուտքին Պատրիարք Հայրը նախ դիմաւորուեցաւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանի, ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ Յովսէփեան Վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ եւ «Հրաշափառ» երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր Յովսէփեան ամենօրեայ վարժարանի աշակերտները կոկիկ գեղարուեստական յայտագրով ներկայացուցին փունջ մը եկեղեցական ու ժողովրդական երգեր։ Յանուն Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ողջոյնի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանը, որ համայնքի հակիրճ պատմականը կատարելէ ետք, լուսարձակի տակ առաւ  ծուխին եկեղեցական, կրթական եւ մշակութային բազմածաւալ առաքելութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան ողջոյնի ու բարի գալստեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արեւմտեան Թեմի կեանքէն ներս Պատրիարք Հօր այցելութեան պատմական նշանակութեան։ Ապա, Վարժարանի տնօրէն Տիար Շահէ Մանկըրեան յանուն Յովսէփեան վարժարանի կրթական մշակներուն, աշակերտութեան եւ ծնողներուն բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ յիշատակի նուէր մը յանձնեց։

Մօտէն ծանօթանալէ ետք Յովսէփեան ամենօրեայ վարժարանի ուսումնական կեանքին ու առաքելութեան, Պատրիարք Հայրը  գնահատեց կրթական մշակներու  նուիրական աշխատանքը եւ փայլուն ապագայ մաղթեց աշակերտութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը հակիրճ ձեւով նաեւ անդրադարձաւ Պոլսահայ կրթական կեանքին ու առաքելութեան։

Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնելէ ետք բոլորը  եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ եկեղեցւոյ ու վարժարանի պատասխանատուներուն հետ։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ այցելութենէն ետք Պատրիարք Հայրը ուղեկցութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան այցելեց  Փասատինայի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համալիրը, ուր Յունուարի հրդեհներուն պատճառով Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի հրկիզումէն ետք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ ու կազմակերպութեան ողջունելի ընդառաջումով կը հիւրընկալուին հրկիզուած Սուրբ Սահակ Մեսրոպ ամենօրեայ վարժարանի աշակերտները։

Սահակ Մեսրոպ վարժարանի պատասխանատուները բարի գալուստ մաղթելէ ետք Պատրիարք Հօր եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հակիրճ կերպով ներկայացուցին վարժարանին պատմականը։ Ապա, Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան աշակերտներուն ծանօթացուց Պատրիարք Հայրը, յայտնելով, թէ՝ Նորին Ամենապատուութիւնը հեռաւոր Ստանպուլ քաղաքէն ժամանած է Լոս Անճէլըս եւ իր պատմական այցելութեամբ կը ծանօթանայ Արեւմտեան Թեմի զանազան հաստատութիւններուն, իր հայրական օրհնութիւնները բաշխելով բոլորին։

Իր պատգամին մէջ Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ համայնքային կեանքէն ներս կրթական առաքելութեան ու հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութեամբ կարեւորեց այն հանգամանքը, որ հեռաւոր Ամերիկայի Միացեալ Նահանցներէն ներս օրհնութիւն է տեսնել նորահաս սերունդին մօտ մայրենի լեզուին, ազգային-եկեղեցական կեանքին ու մեր աւանդութեանց պահպանութիւնը։ Պատրիարք Հայրը ցաւով անդրադարձաւ Լոս Անճելըսի Յունուարի հրդեհներուն պատճառած վնասներուն եւ գոհունակութեամբ վեր առաւ համահայկական համագործակցութեան ոգին, որուն շօշափելի արտայայտութիւնն է վարժարանի աշակերտութեան փոխադրութիւնը Հ․Բ․Ը․ Միութեան համալիր, մաղթելով ապագային կառուցուած տեսնել Սահակ Մեսրոպ նոր վարժարանը, ուր աշակերտները պիտի շարունակեն իրենց ուսումնական կեանքը։ Այցելութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարք Հօր գաւազանակիր՝ Հոգեշնորհ Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասէն Արժ․ Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեան։

Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնեց վարժարանի պատասխանատուները, ուսուցչական կազմի անդամները, աշակերտներն ու ծնողները։

ՆԱՏ ՍԱՀԱԿ Բ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՇՆՈՐՀԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»

Հինգշաբթի 19 Յունիսի առաւօտուն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ուղեկցութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի «Արարատ Տուն»։  Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարք Հօր գաւազանակիր՝  Հոգշ. Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանը։

«Արարատ Տան» մատրան մուտքին Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ հաստատութեան հոգեւոր պատասխանատու՝ Արժ. Տէր Երեմիա Քհնյ. Խաչատուրեանին, Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիար Ժոզեֆ Կանիմեանին, վարչական պատասխանատու՝ Տիար Տէրիք Ղուկասեանին եւ խնամակալութեան անդամներուն կողմէ։ «Հրաշափառ» արարողութենէն ետք մատրան Սուրբ Խորանին առջեւ Պատրիարք Հայրը մասնաւոր աղօթքը արտասանեց համախմբուած ուխտաւորներուն համար, որոնք եկած էին դիմաւորելու Նորին Ամենապատուութիւնը եւ արժանանալու անոր շնորհառատ օրհնութեանց։ Մատրան մէջ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ իր խնդակցութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց ուխտաւորներու ներկայութեան կապակցաբար, որոնք եկած էին դիմաւորելու եւ աղօթակից ըլլալու Նորին Ամենապատուութեան։

Իր արտասանած պատգամին մէջ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ հաւատքի կեանքի կարեւորութեան եւ մէջբերումներ կատարեց  Սուրբ  Յովհաննէս Կարապետի ապրած սրբակենցաղ կեանքէն։ Ան ներկաները յորդորեց նմանիլ Սուրբ Յովհաննէսին եւ ապրուած հաւատքի  կեանքով Տիրոջ ճանապարհը հարթել ու շատերը հրաւիրել  ուխտաւորաբար քալելու դէպի Աստուած առաջնորդող կեանքի ու անմահութեան ճանապարհէն։ Ապա ներկաները հարցումներ ուղղեցին Պատրիարք Հօր եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հոգեթով պատգամին համար։

Այնուհետեւ, Պատրիարք Հայրը այցելեց Արարատ Տան համալիրին մէջ հաստատուած «Արարատ Էսքիճեան Թանգարան»,  որու մասին  համապարփակ տեղեկութիւններ ստացաւ պատասխանատուներէն։ Լուտէր Էսքիճեանի բարերարութեամբ հաստատուած թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին պատմագիտական ու ազգագրական գոյքեր, որոնք կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, արուեստն ու հանճարը։ Թանգարան կատարած այցելութենէն ետք Նորին Ամենապտութիւնը առաջնորդուեցաւ Արարատ Տան առաջին մասնաշէնքը, ուր սեղանատան մէջ համախմբուած էին առողջապական դարմանումի կարօտ տարեցները։ Յանուն հոգաբարձութեան Պատրիարք Հօր բարի գալուստ մաղթեց Տիար Ժոզեֆ Կանիմեան։ Ապա Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան քրիստոնաէական սիրով ու վառ ապրումներով Արեւմտեան Թեմ օրհնաբեր ու պատմական այցելութեան առթիւ բարի գալուստ մաղթեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։

Ներկաներուն իր պատգամը փոխանցելով Պատրիարք Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր սիրալիր ու ջերմ դիմաւորութեան համար, ապա լուսարձակի տակ առաւ Արարատ Տան հաստատութեան մարդասիրական արժէքը։ «Հեռաւոր Լոս Անճելըսի մէջ իրապէս գանձ մըն է նման հաստատութիւն մը, որ իր շուրջ կը համախմբէ տարեց հայրերն ու մայրերը»  ըսաւ Նորին Ամենապատութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնելով հաստատութեան պատասխանատուներուն  տարեցներուն համար ստեղծած  այն գեղեցիկ միջավայրին համար, ուր անոնք ընկերային ու հաւաքական ամենօրեայ կեանքով կը կազմեն  մեծ ընտանիք մը։ Ապա հանդիսապետելով Տնօրհնէքի արարողութեան, Նորին Ամենապտուութիւնը օրհնեց հացը, ջուրը եւ աղը, ինչպէս նաեւ հաստատութեան բնակիչները, պատասխանատուներն ու պաշտօնեաները։ Հանդիպումին Պատրիարք Հօր գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տէր Յարութիւն Վրդ․ Տամատեան մեներգով   ոգեւորեց ներկաները։

«Արարատ Տուն» կատարած պատմական այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը պահ մը կանգ առաւ տնօրէնութեան գրասենեակ, ուր տեղեկութիւն ստանալէ ետք հաստատութեան առաքելութեան եւ ծրագիրներուն մասին, օրհնեց ու գնահատեց բոլորի նուիրումն ու ծառայութիւնը՝ ի խնդիր հայ տարեցի քաջառողջութեան ու արժանավայել կեանքին։ Հաստատութեան ատենապետ Տիար Ժոզեֆ Կանիմեան յանուն Արարատ Տան մեծ ընտանիքին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Ամենապատութեան եւ այս առթիւ  Պատրիարք Հօր յանձնեց Արարատ Տան կրծքանշանը, որպէս  պատուոյ անդամ Արարատ Տան։ Աւարտին, ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան տեղի ունեցաւ մասնաւոր ընդունելութիւն մը, ուր ներկաները պատեհ առիթը ունեցան մօտէն զրուցելու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Նուիրապետական Աթոռի Գահակալին հետ։ Պատրիարք Հայրը հաստատութեան պատուոյ տոմարին մէջ արձանագրեց իր տպաւորութիւնները, մաղթելով, որ հաստատութիւնը առաւել եւս ամուր քայլերով շարունակէ իր վսեմ առաքելութիւնը։ Նախքան բաժանումը, Պատրիարք Հայրը որպէս սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն յուշանուէր մը յանձնեց հաստատութեան։

«Արարարտ Տուն» այցելութենէն ետք Պատրիարք Հայրը Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ շքախումբին հետ միասին այցելեց  «Կէթթի» թանգարան, ուր  պահպանուած են մեր բազմադարեան ձեռագիրներէն նմուշներ։ Անոնցմէ յատկապէս ուշադրութեան արժանի են 13րդ դարու Հայ Կիլիկեան դպրոցի մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինի ձեռագործ աշխատութիւնները։

ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՆ ՏԻԷԿՈՅԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Ուրբաթ 20 Յունիս առաւօտուն, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ուղեկցութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, այցելեց  Սան Տիէկոյի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցի։ Պատրիարք Հօր  կ՛ընկերանար գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեանի եւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Տիար Արազ Էտուարտ Ատուրեանի, խորհուրդի անդամներուն եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ «Հրաշափառ»ի արարողութենէն ու Պատրիարք Հօր ուխտի աղօթքէն ետք  ողջոյնի խօսք արտասանեց Տէր Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան եւ բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր ու Առաջնորդ Սրբազանին։ Շրջան կատարած օրհնաբեր այցելութեան առթիւ յանուն ծխական խորհուրդին ու ժողովուրդին Հայր Սուրբը յուշանուէր մը նուիրեց Կոստանդնոըպոլսոյ Հայոց Գահակալին։

Իր արտասանած պատգամին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհակալութիւնն ու գոհունակութիւնը  յայտնեց ջերմ դիմաւորութեան համար եւ իր տպաւորութիւնները փոխանցեց նորահաստատ ծուխին աշխուժ ու արդիւնաւոր գործունէութեան կապակցաբար։  Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ ծուխի հաւատացեալներու դրսեւորած կամքը ըլլայ շարունակական եւ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին իր ժողովրդանուէր ծառայութեամբ ճառագայթող ներկայութիւն դառնայ եւ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ բոլորը ներգրաւէ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան առաքելութեան մէջ։
Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը Պատրիարք Հօր բարեբաստիկ այցելութեան առթիւ ինքզինք երջանիկ կը զգայ, նորահաստատ ծուխին համար պատմական ու հրաշալի առիթ համարելով Պատրիարք Հօր օրհնաբեր այցելութիւնը, միաժամանակ նոր մղում ու քաջալերանք հանդիսանալով համայնքային ուժեղ ու ծաղկուն առաքելութեան։

Ապա շքախումբը ուղղեցաւ դէպի Արազ Էտուարտ – Աննա Ատուրեան ընտանիքի բնակարանը, ուր ճաշկերոյթով մեծարուեցաւ Պատրիարք Հայրը։ Տնօրհնէքի եւ սեղանի օրհնութենէն ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Ատենապետ Տիար Արազ Ատուրեան։ Ան յայտնեց, որ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ Ատուրեան ընտանիքը պատուուած կը զգայ Պոլսոյ Պատրիարքին ծուխին եւ ընտանքին շնորհած այցելութեամբ։ Ճաշկերոյթի ընթացքին Աննա Ատուրեան Գրիգորեան եւ Անթոնի Կիւրիւնեան դաշնակի նուագով, Արփի Ատուրեան ասմունքով եւ Հայր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան մեներգով խանդավառեցին մթնոլորտը եւ արժանացան  բոլորի գնահատանքին ։

Ճաշի աւարտին Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ․ Պատրիարք  գնահատեց Տիար Արազ Էտուարտ Ատուրեանի ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմէն ու մասնաւորաբար Սուրբ Սարգիս Եկեղեցիէն ներս մատուցած ծառայական ներդրումը եւ քաջառողջութիւն մաղթեց ընտանեաց բոլոր անդամներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը առիթը պատեհ համարելով մեծ գոհունակութեամբ ու դրուատիքով  անդրադարձաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր ծառայական վաստակին եւ  գնահատեց  շրջանի  Հոգեւոր Հովիւ Տէր Բագրատ Ծ. Վարդապետի, ծխական խորհուրդի ատենապետի ու անդամներու, տիկնանց միութեան եւ յարակից բոլոր մարմիններու գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթեց բոլորին։

 

Դիւան Առաջնորդարանի

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս    
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30