Հայ եկեղեցւոյ դէմ անտեղի պայքարը սաստկանալով ու իր հունէն ելլելով, դարձաւ հալածանք բարձրաստիճան կղերին, քաղաքական կուսակցութեանց եւ առհասարակ ընդդիմութեան դէմ։ Եւ որպէս արդիւնք՝ զոյգ մը հայրենապաշտ սրբազաններ կալանքի ենթարկելէ ետք, պարոն վարչապետը, կարկինը լայն բանալով, միլիառատէր բարերար Սամուէլ Կարապետեանը ինչպէս նաեւ շարքային դաշնակցական ընկերներ ձերբակալել տուաւ, պետական հարուած պատրաստելու անհիմն մեղադրանքով։
Ասոր վրայ, պարոն վարչապետ, պիտի տեսնէք, թէ ինչ ուժգնութեամբ երկրագունդի չորս ծագերէն, հայածին միլիառատէր գործարարներ, Հայաստան պիտի խուժեն «պիզնէս» հիմնելու եւ հսկայ ներդրումներ կատարելու, որպէսզի յետագային ալ՝ որպէս պետական հարուած ծրագրողներ ամբաստանուելով, Երեւանի պալատանման բանտախուցերը նետուին, ու հոն պարոն վարչապետին բացսիրտ հիւրասիրութիւնը վայելեն․․․
Հեռուէն դիտորդներուս այնպէս կը թուի, թէ նորին վսեմութեան վարչապետն ու իշխող կուսակցութիւնը, պետական հարուածի մը մղձաւանջը կ՛ապրին եւ աջ ու ահեակ գործակալներ ու դաւաճաններ կը փնտռեն․․․
Իսկ անակնկալ վերջին նորութիւնը՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ահաբեկչութեամբ կը մեղադրուի․․․
Կարդացեք նաև
Հայրենապաշտ, ցեղակրօն մեր կուսակցութիւնը ահաբեկի՞չ․․․
Դեռ ինչ ձաբռտուքներ պիտի լսենք իրենց շուքէն սարսափող հայրենի ներկայ ղեկավարութենէն։
«Եղբայր, այս ի՜նչ օրերու հասանք․․․» զարմանքով հարց պիտի տար աշխարհի չորս ծագերուն սփիւռքացած հայը, որ հայրենիքը, Հայ եկեղեցին, հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, հայ դպրութիւնը, դպրոցն ու մամուլը իր պաշտամունքին ու գուրգուրանքին առարկան դարձուցած է եւ անոնցմով կը շնչէ, անոնցմէ բխող ներուժով կը սնանի ու կը գոյատեւէ օտար ափերու վրայ․․․
Հարց կու տանք՝ այս բոլորին ետին, միթէ թաքուն միտում մը չէք տեսներ, իրենց շուքէն սարսափող ու մօտ ապագային իշխանութիւնը կորսնցնելու երկիւղը ապրող վարչակազմի անդամներուն մօտ, հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու՝ անոր գլխուն գալիք արհաւիրքէն։
Մենք ազգովին, խաղաղութեան ու հաշտութեան կողմնակից ենք, սակայն առանց մեր հողերն ու ինքնութիւնը աճուրդի հանելու․․․
Իսկ ներկայ վարչակարգը, քաղաքական կուսակցութիւններէն, այս պարագային՝ Դաշնակցութենէն ի՛նչ վատութիւն տեսած է, որ խորհրդարանի անոր անդամները կը հալածէ ու զանոնք դատի կու տայ․․․
Քաղաքական գիտութեան թեկնածու ըլլալու պէտքը չունինք կռահելու համար, որ անհիմն մտահոգութենէ թելադրուած՝ պարոն վարչապետն ու անոր խմբակը ձեռնարկեցին ոգիներու հալածանքի։ Քանի որ գաղտնիք մը չէ այլեւս, թէ առանցքային սարսափելի պահը կը մօտենայ, մեր դարաւոր թշնամիներուն հետ այնպէս կոչուած հաշտութիւն կնքելու եւ անոնց հետզհետէ ուռճացող պահանջքներուն միակողմանիօրէն գոհացում տալու․․․
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: