Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Խե՜ղճ Աշխէն, խե՜ղճ «մանր դաւաճաններ»: Պէտք էր իշխանականներուն համազօր պատուհասներ բերէիք, որպէսզի անպարտ ու ազատ մնայիք. «Հայրենիք»

Սեպտեմբեր 02,2025 09:30

Օգոստոսի վերջին շաբաթ օրը՝ 30-ին, Երեւանի մէջ տարածուեցաւ ՊԵՏԱԿԱՆ վարչամեքենային մէջ դաւաճանական գայթակղութեան մը նորագոյն լուրը: Պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պաշտօն վարող «փափկասուն» մը՝ Աշխէն Ալեքսանեան անունով, ձերբակալուած է, Ատրպէյճանի հաշւոյն լրտեսութիւն կատարած ըլլալու մեղադրանքով (նման «հերոսներու» հաշիւը ո՞վ կը պահէ): Լուրը գաղտնի պահուած է… երկուք ու կէս ամիս: Մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան կնոջ, լրտեսութեան գործողութեան եւ բացուած քննութիւններուն, նաեւ սպասուող պատիժին մասին: Սա ամէն բանէ առաջ նոր ապացոյց մըն է, թէ իշխանական դասը որքա՛ն փտած է, իսկ իշխանապետն ու «ուսապարկերը» անշե՛ղօրէն հաւարատիմ են ամէն բան ժողովուրդէն գաղտնի պահելու «աւանդութեան»:

Մտածեցի. խե՜ղճ Աշխէն Ալեքսանեան: Այդ ի՞նչն էր, որ քեզ մղեր է նման դաւաճանութեան: Արդեօք պարգեւավճարներու ցանկին վրայ չէի՞ր, իսկ եթէ էիր՝ արդեօք «ապագայ կայ»-ի խոստումները իրականացած չէի՞ր տեսներ եւ կ’ուզէիր աւելի շուտ հասնիլ մուրազիդ, Պաքուէն տարածուող քարիւղաբոյր հրապոյրները քե՞զ ալ մագնիսուցած էին, ինչպէս որ կը ներգրաւեն եւրոպացի ամերիկացի եւ այլ ջոջեր..:

Բայց քեզ խեղճ որակելուս պատճառը ասոնք չեն: Խեղճ ես, որովհետեւ դուն ըրեր ես «պզտիկ դաւաճանութիւն» մը եւ ահա կը խայտառակուիս, պիտի դատապարտուիս ու բանտ նետուիս, մինչդեռ անդին, Արցախը նոյն Ազերիին նուիրողը, հայրենիքէն պատառիկներ իբրեւ վրադիր յանձնողը, վերջերս ալ Սիւնիքի սահմանային կենսական հողաշերտի մը վրայ գերիշխանութիւնը նօսրացնողը ազատ-համարձակ կը պտտի երկրի լայնքին ու երկայնքին, կը պատրաստուի թշնամիին ջաղացքներուն ջուր բերող նոր քայլերու, կը բացայայտէ դաւաճանական այլ արարքներ՝ Ցեղասպանութեան իրողական դրժում, ցեղասպան թշնամիներուն արիւնոտ ձեռքերուն «մաքրազտում», բանակի թուլացում, մէկ խօսքով, հազարապատիկ աւելի՛ ծանր յանցանքներ՝ քան քու «պզտլի՜կ դաւաճանութիւնդ»: Քեզ ո՛չ թէ պէտք է բանտ տանին, այլ ազատ արձակեն, Ռամիլ Սաֆարովին պէս պատիւներո՜ւ արժանացնեն, որպէսզի իշխանապետին ու դաւադրակիցներուն պէս ազատ-համարձակ շրջիս եւ… օրինակ դառնաս «նոր Հայաստանին» մէջ:

Քու «անմեղութիւնդ» ապացուցելու համար, խորհուրդ կու տամ, որ դատաւորիդ ուշադրութեան յանձնես, յիշեալներէն բացի՝ մէկ քանի այլ նորութիւններ: Հարց տուր, որ այդ ինչպէ՞ս պատահած է որ զուիցերիացի Սանտրօ մը իր մոթոսիքլէթով շրջապտոյտի ելեր է դէպի Հայաստանի սահմանային դիրքերը, եւ արդեօք սահմանապահներու հետ գաւաթ պարպելէ անդին՝ ի՞նչ ըրած է, վաղը արդեօք ի՞նչ «ներդում» պիտի աւելցնէ եւրոպացի խաղաղապահ դէտերու վաստակին վրայ, որոնք իրենց տեղեկագիրները Պաքու կը փութացնեն:

Եթէ դատաւորդ այդ ալ «արհամարհելի բան» որակէ, հարց տուր, թէ ի՞նչ որակում պէտք է տալ Փաքիստանի հետ դիւանագիտական կապերու հաստատման ճամբայ բանալուն, ա՛յն Փաքիստանին՝ որ Արցախի պատերազմի օրերուն, Թուրքիոյ նման զինական եւ այլ օժանդակութիւն հասցուց մեր բանակները ջարդող ազերիներուն, մինչեւ այսօր ալ կը մնայ անոր սերտ գործակիցը, իսկ մեր նահատակներուն ծնողները հայանուն ոստիկաններու ձեռքով կը քաշկռտուին, բանտ կը նետուին: Սա նաեւ ա՛յն Փաքիստանն է, որ սերտ գործակից է համաթուրանական Թուրքիոյ ու երդուեալ մէկ թշնամին՝ Հնդկաստանի, որմէ ՔՊ-ական իշխանութիւնները կ’ուզեն զէնք գնել, բայց գործնական յաջողութիւն չեն արձանագրեր: Եթէ դատաւորդ առարկէ, որ սա դիւանագիտական նուաճում է, յիշեցուր, թէ արդեօք դիւանագիտական ա՞յլ նուաճում էր կապեր հաստատելը Իսրայէլի ոճրածին իշխանութիւններուն հետ, որոնք նմանապէս զէնք ու այլ միջոցներ հասցուցին-կը հասցնեն Ատրպէյճան, պատերազմի մտան մեր հարաւի դրացիին հետ, իսկ հիմա, անոր անորակելի վարչապետը, նիկոլական ստաբանութիւններու հետ մրցումի ելած՝ կը խօսի, միայն կը խօսի Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, մինչդեռ անոր եւ նախընթաց իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը եղած է դրժողականութիւն:

Խե՜ղճ Աշխէն, խե՜ղճ «մանր դաւաճաններ»: Պէտք էր իշխանականներուն համազօր պատուհասներ բերէիք, որպէսզի անպարտ ու ազատ մնայիք:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո    
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930