Գանատայի Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացան Կիրակի, 2 Նոյեմբեր 2025-ին: Անոնց կարգին՝ Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն առաջադրուած հայազգի թեկնածուներէն երեքը յաղթանակ արձանագրեցին: Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»-ը։
Մոնթրէալի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած հայազգի թեկնածուներն են՝ Վանա Նազարեան, երկրորդ անգամ ըլլալով, «Ensemble Montréal» կուսակցութեան կողմէ, Սեն Լորան շրջանի Côte-de-Liesse ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, Շահէ (Sharkie) Տարագճեան, երկրորդ անգամ ըլլալով, Ensemble Montréal կուսակցութեան կողմէ, Pierrefonds-Roxboro շրջանի Cap-Saint-Jacques ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, Լաւալի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց Սեդա Թոփուզեան, նոյնպէս երկրորդ անգամ ըլլալով, Mouvement Lavallois կուսակցութեան կողմէ, Լաւալի Renaud Coursol շրջանի քաղաքապետութեան:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթում:


















































                        
         
         
         