Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մեր տեսլականն է արեւմտահայերէնը թրթռուն պահել` իբրեւ կենդանի, ստեղծագործ եւ աշխուժ հաղորդակցութեան լեզու. «Ասպարեզ»

Մարտ 18,2026 11:36 Share

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ` ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Արեւմտահայերէնի պահպանումը այսօր կախեալ է զայն երիտասարդութեան առօրեայ հաղորդակցութեան կենդանի գործիք դարձնելու մեր կարողութենէն:

Ժամանակն է արեւմտահայերէնի դասաւանդման ձեւերը վերատեսութեան ենթարկելու` զայն ձերբազատելով քննութիւններու եւ գրաւոր վարժութիւններու կաղապարներէն: Հարկ է վերահաւասարակշռել կրթական պահանջները` նկատի առնելով, որ արեւմտահայերէնը պետական կամ համաշխարհային քննութիւններու պարտադիր ցանկին վրայ չէ: Մայրենին անձնական ինքնութեան եւ զգացական աշխարհի արտայայտութեան լեզու եւ, կրթական նոր ռազմավարութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւնը տայ` աշակերտի ազատ ինքնարտայայտութեան, սեփական կարծիքը հիմնաւորելու կարողութեան եւ առօրեայ հաղորդակցական հմտութիւններուն:

Ընկերալեզուաբանութիւնը, յատկապէս` փոքրամասնութիւններու եւ վտանգուած լեզուներու պարագային, կը հաստատէ, որ լեզուի մը գոյատեւումը կախեալ չէ անոր քերականական անսխալականութենէն, այլ` անոր գործառնական արժէքէն: Սփիւռքեան միջավայրի մէջ, ուր տիրապետող լեզուն կը ճնշէ մայրենիին, կրթական համակարգը պէտք չէ ըլլայ լոկ գիտելիք ջամբող հաստատութիւն, այլ վերածուի «լեզուական ապահով տարածքի»:

Այս պատճառով, արեւմտահայերէնի ուսուցիչները պէտք է սերտօրէն գործակցին ընկերալեզուաբաններու հետ` երաշխաւորելու համար լեզուի կենսունակութիւնը սփիւռքեան փոփոխական պայմաններուն մէջ: Այս համագործակցութիւնը թոյլ կու տայ դասաւանդման ձեւերը յարմարեցնել լեզուական իրականութեան, ուր շեշտը կը դրուի ոչ թէ սոսկ կանոններու պահպանման, այլ լեզուն իբրեւ ստեղծագործական եւ հաղորդակցական կենդանի միջոց կիրարկելու վրայ:

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ` ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

Եթէ ընտանեկան յարկը լեզուի բնական բնօրրանն է, ապա կրթօճախը այն կենսունակ միջավայրն է, ուր մեր մայրենին կը զրահաւորուի արդիականութեամբ: Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ դպրոցը լոկ ուսումնական վայր չէ, այլ` ոգեշնչման աղբիւր, որ կը միացնէ սերունդները` կերտելով հայախօս ապագայ:

Մեր տեսլականն է արեւմտահայերէնը թրթռուն պահել` իբրեւ կենդանի, ստեղծագործ եւ աշխուժ հաղորդակցութեան լեզու` յատկապէս մեր այն աշակերտներուն համար, որոնք հայկական վարժարաններու երդիքին տակ կը կերտեն իրենց ինքնութիւնը: Այսօր հայ դպրոցը ընտրող իւրաքանչիւր աշակերտ թանկագին ներուժ մըն է, եւ մեր առաքելութիւնն է այդ սերունդին ջամբել այնպիսի լեզուական հարստութիւն, որ արեւմտահայերէնը դառնայ իրենց առօրեայ ինքնարտայայտումի լաւագոյն ու հարազատ միջոցը:

Այս տեսլականը իրականացնելու համար կարեւոր է քաղել Մայքըլ Մաքտենիըլի փորձառութեան խորիմաստ պատգամը: Լեզուաբան Մաքտենիըլ, որ 2005ին Թայլենտ մեկնեցաւ ախա համայնքի լեզուն փրկելու, շուտով հասկցաւ, որ լեզուի գոյատեւման նախապայմանը զայն խօսողին ապահովութիւնն ու առողջութիւնն է, նշելով. «Գիւղացիները մոծակներու դէմ պաշտպանիչ ցանցեր չունին, եւ մանուկները ճանճերու պէս կը մեռնին: Հիւանդանոցի ծախսերուն համար դրամ չկայ, օդը սաստիկ տաք է, տուներուն մէջ պատառ մը ուտելիք չկայ, իսկ մալարիան իր հունձքը կը կատարէ»: Ան իր ծրագիրները վերադասաւորեց` նախ կեդրոնանալով երեխաներու փրկութեան վրայ, գիտակցելով, որ լեզուի ապագան զայն հնչեցնող սերունդին մէջ է:

Նոյնպէս եւ մենք` սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, կոչուած ենք մեր առաջնահերթութիւնները յստակացնելու: Մեր մեծագոյն ներդրումը պէտք է ըլլայ նոր սերունդի հայեցի կրթութեան եւ հոգեկան կապի ամրապնդումը: Թերեւս թուի, թէ նոր ձեւերու որդեգրումը կը պահանջէ ահռելի միջոցներ, սակայն հայութեան համաշխարհային ներուժը անսպառ է: Մենք ունինք սփիւռքի հսկայական փորձառութիւնն ու նուիրատուութեան ոգին, որոնք պատրաստ են թեւ ու թիկունք կանգնելու իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան:

Մեր միասնականութեամբ եւ նպատակասլաց քայլերով, մենք կրնանք երաշխաւորել արեւմտահայերէնի ամէնօրեայ գործածութիւնը եւ պահպանումը: Վստահինք մեր պատանիներուն երեւակայութեան եւ զինենք զանոնք արդիական գործիքներով, որպէսզի մեր լեզուն հնչէ հպարտ, անկախ եւ յաւերժ ժամանակակից:

ԴՈԿՏՈՐ ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ    
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031