31 Հոկտեմբեր 2025-ին, Պաքուի մէջ աւարտեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ այլ գերիներու դատավարութեան նախնական բաժինը:
Ի՞նչ բանի մէջ կը մեղադրուին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները: Ատրպէյճան զանոնք կը մեղադրէ Ատրպէյճանի դէմ պատերազմ սկսելու եւ իրականացնելու, ահաբեկչութիւն կատարելու, ցեղասպանութիւն իրականացնելու, իշխանութիւնը բռնազաւթելու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններ կատարելու մէջ:
3 Նոյեմբերին, պետական մեղադրողը` Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազի օգնական Վիուսալ Ալիեւ յայտնեց, որ դատարանին առջեւ կանգնած են բազմաթիւ յանցագործութիւններ կատարած անձերուն միայն մէկ մասը: Աւելի՛ն. մեղադրեալները անուղղակիօրէն մասնակցած են «այն յանցագործութիւններուն, զորս Հայաստանի պետութիւնը գործած է 1998-էն սկսեալ մինչեւ Սեպտեմբեր 2023»:
Կատարուող այս բեմադրութեան նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւնները լուռ են: Ատրպէյճանի հետ ստորագրուած խաղաղութեան յուշագիրը չի յիշատակեր Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ապօրինի դատավարութիւնը, որուն ընթացքին Ատրպէյճանի դատախազութիւնը մեղադրեալի աթոռին կը նստեցնէ նաեւ Հայաստանի պետութիւնը:
Կարդացեք նաև
Հայաստանի իշխանութիւնները յայտնապէս ընդունած են իրենց մեղքը, ճանչցած են Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, Արցախը ներառեալ, մեղայի եկած ու քաշուած մէկ կողմ, իսկ միջազգային հանրութիւնը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուող խաղաղութիւնը ողջունող արեւմուտքն ու արեւելքը ինչո՞ւ պիտի հետաքրքրուին դատուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ճակատագիրով եւ գաղթական դարձած արցախահայերով: Չէ՞ որ Հայաստան պահանջ չունի. Հայաստանի հռչակած խաղաղութեան խաչմերուկին մէջ Արցախը եւ արցախահայերը չեն տեղաւորուիր: Արցախ եւ արցախահայեր պետական պաշտպանութիւն չեն վայելեր, ո՛չ հայաստանեան, ո՛չ ալ օտար:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ


















































