Ընդունուած իրողութիւն է, թէ երբ դարաւոր թշնամիիդ հետ հաշտութիւն կնքելու համար, բանակցութեան սեղան կը նստիս, անոր հետ ուժի լեզուով զօրաւոր դիրքերէ պիտի խօսիս:
Ելլելով այդ իրողութենէն՝ Հայաստան, ըստ շրջող տեղեկութիւններուն, մօտեցած է Հնդկաստանի հետ բազմամիլիառ տոլարի պաշտպանական համաձայնութիւն մը կնքելու՝ ձեռք բերելու համար Hindustan Aeronautics Limited (HAL) ընկերութեան կողմէ արտադրուած Sukhoi Su-30MKI կործանիչները։
Ըստ Indian Defense News-ի զեկուցումին՝ համաձայնութիւնը, որ ներկայիս կը գտնուի յառաջադէմ բանակցային փուլին մէջ, կը դիտուի իբրեւ հակազդող քայլ՝ իբրեւ պատասխան վերջերս Ատրպէյճանի՝ Փաքիստանէն կատարած 40 JF-17C Block-III կործանիչներու գնումին:
Վստահ ենք, որ ընթերցող հանրութեան միտքին մէջ հարց պիտի ծագի, թէ՝ հասարակ քաղաքացիի բերանէն կտրելով ինչո՞ւ միլիառներ կը մսխուին զէնքի եւ զինամթերքի վրայ, որ շատ տեղին մտահոգութիւն է:
Կարդացեք նաև
Արդարեւ, ներկայիս երկրագունդը տնօրինող գերպետութիւններուն մօտ տիրող նոր հրթիռներով զինուելու խօլ արշաւ երթին ընթացքին, նորին վսեմութեան պարոնայքը պահ մը ուշքի գալով պիտի գիտակցի՞ն եւ անդրադառնա՞ն, թէ դէպի ո՞ւր կը տանին այս անտէր մոլորակը, ինչպէս նաեւ անոր հետ՝ իր բախտին լքուած մարդկութիւնը. յստակ է՝ դէպի բնաջնջում: Մարդը մարդուն դէմ, գերպետութիւնը՝ հզօր պետութեան դէմ։ Մարդ էակը տիեզերական մաշտաբով եւ գիշատիչի բնազդով նմանին դէմ գազանացած է իր։
Այո, արդեօք հարցուցա՞ծ ենք, թէ ներկայիս տիեզերական մաշտաբով տիրող աղքատութեան եւ չքաւորութեան ենթահողին վրայ, ի՞նչ ահաւոր գումարներ կը ծախսուին կամ կը մսխուին այսպէս կոչուած պաշտպանութեան եւ ռազմական համակարգեր ու զէնքեր ստեղծելու եւ համաշխարհայնացումին իրենց յետին նպատակներուն ծառայեցնելու մոլուցքին վրայ:
Եթէ վիճակագրութիւն մը պիտի կատարենք եւ թիւերու լեզուով խօսինք՝ երկրագունդի բնակչութեան զգալի մէկ տոկոսը՝ 733 միլիոնը անօթի է, 845 միլիոնը՝ կիսաանօթի, իսկ օրական 25,000 անմեղ մանուկներ անօթութենէն կը մահանան։ Իսկ փոխարէն համաշխարհային զէնքի ու զինամթերքի, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան տարեկան ծախսերը կը գլեն կանցնին 2.7 եռիլիոն տոլարը:


















































