Այսօր՝ Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուճթապի Ամանի։
Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Պապին Լիբանան այցելութեան, Լիբանանի այժմու կացութեան, Իրանի հայ համայնքին, Հայաստան֊Իրան յարաբերութեան եւ յատկապէս Զանգեզուրի միջանցքի առնչուած հարցեր։
Աւարտին, դեսպանը Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց Իրան այցելութիւն տալու։


















































