Դժբախտաբար, Թրամփի մոլութիւնը՝ «Թրամփմանիա»-ն կը շարունակուի։ Այս անգամ, ընդդիմադիր եւ «Միասնութեան թեւեր» քաղաքացիական նախաձեռնութեան ղեկավար Արման Թաթոյեան կարճ յառաջաբանով մը կը տեղեկացնէ, թէ հետզհետէ աւելի ցաւալի կը դառնայ պարզ ու ակնյայտ սահմանազատման գործընթացի ճշմարտութիւնը։
Ան կը շեշտէ, թէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն որոշ հատուածներու դուրսբերումը, իրականութեան մէջ, խաբէութիւն է, մանրամասնելով, որ 12 հանդիպում տեղի ունեցած է ցարդ, եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ոչ մէկ դիզ հող ազատագրուած է ատրպէյճանական բանակի գրաւումէն։
«Իրականութեան մէջ այս գործընթացը պարզապէս գործիք մըն է՝ տարիներ, գուցէ նոյնիսկ տասնամեակներ շարունակելու Հայաստանի տարածքներու գրաւումը եւ զայն օրիկանացնելու համար», կը շեշտէ Թաթոյեան։
Այս տեղին ախտաճանաչումէն ետք, անոր զարմանալի առաջարկն է, որ անակնկալ ապտակի մը նման կը մոլորեցնէ եւ յուսախաբութեան կը մատնէ հայորդին։ Արդարեւ, Թաթոյեան կը տեղեկացնէ, թէ ընտրապայքարի մէջ յաջողութեան պարագային, երկրին ղեկին իր պաշտօնավարման առաջին շաբաթն իսկ, պիտի վերանուանէ Սեւ լիճը եւ անոր յարակից տարածքները, զանոնք կոչելով «Տոնալտ Թրամփի ազգային անտառ-արգելոց», իսկ Ջերմուկի լեռները՝ մինչեւ սոճիներու պուրակ՝ «Մելանիա Թրամփի ազգային անտառ-արգելոց»։
Աւելին, շարունակելով այդ բացառի՜կ մտայղացումը, Թաթոյեան կը հաւաստէ, թէ այսպիսի որոշում մը նեղ կացութեան պիտի մատնէ Ալիեւը։ Իմաստուն հայորդին ալ պիտի ըսէր՝ Օհօ՜…
Կարդացեք նաև
Եթէ այս է տրամաբանութիւնն ու հարցերու լուծման միջոցը, այդ պարագային, ինչո՞ւ կարելի չէ Արցախն ալ «թրամփացնել» եւ, օրինակի համար, անուանել «Թրամփի ինքնավար պետութիւն», որպէսզի կարելի ըլլայ վերստին տիրանալ մեր հողերուն։
Իսկապէս հիւանդագին է, աւելի՛ն, քաղցկեղէ կը տառապի հայրենի քաղաքական կեանքը։ Զգալի է հեռանկարային մտածողութեան, ազգային արժէքներու պահպանման, առաջնորդող ընտրանիի պակասը։
Արդեօք պատշաճ կերպով յարգուա՞ծ են Հայաստանի մօտիկ, հայութեան համար ծառայած քաղաքական դէմքեր, սկսելով Սեւրի դաշնագրի օրերէն՝ Հայ դատին համար պայքարող Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընէն, մինչեւ ֆրանսացի ղեկավար Ժան Ժօրէս եւ դեռ վերջերս մահացած, հայութեան մօտիկ բարեկամ՝ Ուրուկուայի նախագահ Խոսէ Մուխիքա։ Շարքը երկար է, երբ նկատի ունենանք նաեւ հայ որբեր փրկած, դաստիարակած եւ գուրգուրած զուիցերիացի «Փափա» Քիւնցլէրը, դանիացիներ Քարէն Եփփէն եւ Մարիա Եաքոպսենը․․․։
Ողջմիտ մտածենք։ Չընկրկինք դրամատիրական մեծածաւալ ծուղակին մէջ։ Այս հրաւէրին դիմաց կը կանգնին նա՛եւ բոլոր անոնք, որոնք մինչեւ երէկ ՔՊ-ական իշխանութիւններուն ձախորդութիւններն ու թշնամահաճոյ ընթացքը բացայայտողի ուղիին մէջ էին…
Չափ ու սահման ունի ամէն բան։ Հայաստանը դրամատիրական ընկերակցական աշխարհ (corporate word) չէ, աւելի՛ն, որքան ալ որ Սպիտակ տան պետը ուզէ աշխարհի այս կամ այն երկրամասը վերամկրտել իր (կամ Ա.Մ․Ն․-ի) անունով՝ Հայաստանը «Թրամփիստան» չէ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում


















































