Կիրակի` 4 Յունուար 2026-ին արտասանած Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետքը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն եւ հեռուստակայաններու ու այլ լրատուամիջոցներու միջոցաւ աղօթքին հետեւողներուն ուզեց անգամ մը եւս իր մօտիկութիւնը արտայայտել բոլոր անոնց` որոնք սուգի ու ցաւի մէջ անցեալ օրերուն Զուիցերիոյ մէջ պատահած ողբերգութեան պատճառաւ։
«Աղօթքս կ՜ապահովեցնեմ զոհուած երիտասարդներուն, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանիքներուն» ըսաւ Քահանայապետը։
Ան ապա նշեց, որ «Խոր մտահոգութեամբ լի սրտով կը հետեւի Վենեզուեյլայի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն»։
«Պէտք է` որ սիրելի Վենեզուելլայի ժողովրդի բարեկեցութիւնը գերակշռէ միւս բոլոր նկատառումներուն վրայ և հանգեցնէ բռնութեան յաղթահարման, հետապնդելով արդարութեան ու խաղաղութեան ուղիներ, երաշխաւորելով Երկրի ինքնիշխանութիւնը, ապահովելով սահմանադրութեամբ ամրագրուած օրէնքի գերակայութիւնը, յարգելով իւրաքանչիւր անհատի ու բոլորի մարդու և քաղաքացիական իրաւունքները և աշխատելով միասին կառուցելու համար համագործակցութեան, կայունութեան և ներդաշնակութեան խաղաղ ապագայ մը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով դժուարին տնտեսական իրավիճակներէն տուժած ամենաաղքատ խաւին»:
Կարդացեք նաև
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում


















































