«Յարատեւենք աղօթքի մէջ ի նպաստ միութեան» այս է Վենեզուելլայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատգամը ուղղուած Աստուծոյ ժողովուրդին ի տես Երկրին մէջ տեղի ունեցածին։
««Մեր երկրին մէջ այսօր տեղի ունեցող իրադարձութիւններու լոյսին ներքոյ մենք Աստուծմէ կը խնդրենք որ բոլոր վենեզուելացիներուն շնորհէ հանգստութիւն, իմաստութիւն և ուժ», – կը գրեն եպիսկոպոսները Քարաքասի վրայ ԱՄՆ-ի կողմէ նախագահ Տոնալտ Թրամփի հրամայած յարձակումէն յետո՝ նախագահ Մատուրոյին և անոր կնոջ ձերբակալելու համար, անոնց թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան և ահաբեկչութեան մեղադրանք առաջադրելու և դատելու համար։
Աղօթել սրտի եւ ընկերութեան խաղաղութեան համար
Եպիսկոպոսները ապա իրենց զօրակցութիւնը կ՜արտայայտեն վիրաւորներուն ու մահացածներու ընտանիներուն հրաւիրելով բնակցութիւնը «աւելի խոր կերպով ապրելու յոյսը եւ սրտերուն ու ընկերութեան մէջ խաղաղութեան ի սպաս ջերմեռանդ աղօթքը»։
«Մենք կը մերժենք որեւէ բռնութեան արարք» կը յայտարարեն եպիսկոպոսները որ ապա կը քաջալերեն «հանդիպումի» եւ «փոխադարձ աջակցութեան» արարքները, մաղթելով որ «որոշումները կայացուին ի նպաստ բնակչութեան բարօրութեան։ Անոնք ապա Քորոմոթոյի Սուրբ Կոյսէն կը հայցենք որ ընկերանայ բոլորի ուղեւորութեան։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Լուսանկարը՝ Վիքիպեդիայից


















































