Ի՞նչ իրավիճակ է այսօր առավոտյան Հալեպում. տեղեկացնում է Arevelk.am-ը.
«Երեկ ամբողջ գիշեր տևած ռազմական գործողություններից հետո Հալեպն այսօր գտնվում է հարաբերական խաղաղության մեջ։ Թեև հեռվից դեռևս լսվում են պայթյունների ձայներ, քաղաքը դանդաղ փորձում է արթնանալ։
Մեծ թվով խանութներ դեռ փակ են, սակայն հույս կա, որ հատկապես սննդամթերքի և առաջին անհրաժեշտության ապրանքներ վաճառող հաստատությունները կվերաբացվեն։
Հայկական թաղամասերում իրավիճակը շարունակում է մնալ զգուշավոր, և նկատելի է, որ անցորդների թիվը կտրուկ նվազել է։
Կարդացեք նաև
Ամեն դեպքում առավոտյան առաջին ժամերն են, և դեռ վաղ է կանխատեսել, թե քաղաքում զարգացումները ինչ ուղղությամբ կընթանան»։
Բախումները վերադարձած են Հալէպ. հայկական թաղամասերուն վիճակը
«Արևելք»-ը գիշերը հայտնել էր. «Բախումները դարձեալ սաստակացած են Հալէպի մէջ։ Սուրիոյ պետական բանակի եւ «Քասատ» խմբաւորման միջեւ արդէն չորս օրէ ի վեր շարունակուող ռազմական գործողութիւններէն անմասն չեն նաեւ հալէպի հայահոծ թաղամասերը։
Տեսանիւթերուն մէջ երեւելի կը դառնայ յատկապէս Հալէպի Վիլլաներ շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղամասը, ուրկէ կ՚անցնին Սուրիոյ բանակի հրասայլերը։
Բախումներու կարեւոր հանդիպման կէտ կը համարուի նաեւ «Քաբրի» բոլորակը («Տուարաթ Քաբրի), որ նաեւ դարձած է ծանր բախումներու կիզակէտ։
Բոլոր տեսանիւթերը ուղարկուած են «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրին շնորհիւ։
Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն Հալէպին եւ ի վերջոյ հանգստութիւն եւ անամպ երկինք՝ հալէպահայութեան»։
Երեկ՝ հունվարի 9-ին «Ասպարեզ»-ը հայտնել էր. «Հալէպի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած եւ վտանգաւոր։ Արդարեւ, որոշ լաւատեսական մթնոլորտէ ու կառավարութեան կողմէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն ներկայացուած զինադադարի առաջարկէն ետք, ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, որ արդէն ամէն ինչ աւարտած է։ Սակայն իրականութիւնը այլ էր, արդարեւ, 9 Յունուարին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը մերժեցին պետական առաջարկը եւ յայտարարեցին, որ պիտի մնան իրենց թաղամասերուն մէջ։ Այս յայտարարութեան լոյսին տակ բախումները վերսկսան։
«Գանձասար»ը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, 8 Յունուարի վաղ առաւօտեան, Հալէպի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով, Շէյխ Թահա եւ Վիլլաներ հայաբնակ շրջաններուն մէջ հրասանդերու պայթումով նիւթական վնասներ արձանագրուած են։ Բանակը առիթ տուաւ Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի բնակչութեան դուրս ելլելու այդ շրջաններէն։
Տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին Շէյխ Թահայի եւ Վիլլաներու մէջ հայերու բնակարաններ վնասուեցան, սակայն զոհեր եւ վիրաւորներ չարձանագրուեցան։
Բերիոյ Հայոց թեմի բանբեր Մարիա Գաբրիէլեան «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մանրամասնութիւններ փոխանցելով՝ ըսաւ, թէ 8էն 9 Յունուար լուսցող գիշերը բաւական ծանր եղած է Հալէպի մէջ, թէեւ գիշերուան ժամերուն որոշ յոյսի նշոյլներ կային, որովհետեւ երեք շրջաններուն մէջ, որոնք քրտական տիրապետութեան տակ էին, բանակը բաւական յառաջխաղացք արձանագրած էր։
«Գիշերը տակաւին ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուէին, իսկապէս արհաւիրքային ժամեր էին, մինչեւ առաւօտ ծանր հրետանին գործեց եւ ծանր ռազմամթերքով հարուածներ հասցուց, բայց առաւօտեան պատկերը բոլորովին փոխուեցաւ՝ Սուրիոյ բանակը մուտք գործեց այդ երեք շրջանները, եւ մարդատարներ տրամադրեց, որպէսզի քրտական ուժերը դուրս գան այդ շրջաններէն եւ տեղափոխուին դէպի հիւսիս–արեւելք», ըսաւ Գաբրիէլեան:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիէ եւ Պանի Զէյտ թաղամասերու շուրջ զինադադարի հաստատումը՝ տեղւոյն ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ օրէնքի գերակայութեան ու պետական պաշտօնական հաստատութիւններու վերականգնումին համար ճամբայ հարթելու նպատակով: Նախարարութիւնը խնդրեց, որ Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիէ եւ Պէնի Զէյտ թաղամասերու զինեալ խմբաւորումները հեռացած են տարածքէն՝ հեռացող զինեալներուն թոյլատրելով կրել միայն անձնական թեթեւ զէնքեր:
Այս յայտարարութեան լոյսին տակ՝ որոշ դրական տրամադրութիւն տիրեց, աւազաբլուրները, արհեստական սահմանները եւ անցարգելները հետզհետէ սկսան հեռացուիլ. նախատեսուեցաւ, որ շուտով կրթական հաստատութիւնները բանան իրենց դռները, եւ կեանքը վերադառնայ իր բնական հունին։
Սակայն, նախատեսուած լաւատեսութիւնը շուտով յօդս ցնդեցաւ, որովհետեւ Հալէպի Շէջ Մաքսովդ շրջանի Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ներքին ապահովական զինեալ ուժերը մերժեցին դուրս ելլել շրջանէն, առ այդ, Հալէպի ներքին ապահովական ուժերու հանրակառքերը, որոնք եկած էին զիրենք փոխադրելու երկրի հիւսիս արեւելքը, վերադարձան։
«Երեկոյեան ժամը 4էն 6 մարդասիրական անցակէտ մը պիտի բացուի՝ Շէյխ Մաքսուտի բնակչութիւնը Աուարէտի շրջանէն դուրս բերելու համար», յայտարարեց Սուրիական բանակի ռազմական գործողութիւններու խորհուրդը:
Հալէպի նահանգապետը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու կարգ մը խմբաւորումներ արգելք հանդիսացան համաձայնաբար Շէյխ Մաքսուտի զինեալները դուրս բերելու գործընթացին, առ այդ, Աշրաֆիէի եւ Պէնի Զէյտի դուրս եկած բնակչութիւնը յորդորեց առայժմ չվերադառնալ, այլ սպասել ապահովական կողմերու թելադրանքներուն։
Աւելի ուշ, սուրիական բանակը Շէյխ Մաքսուտը ռազմական փակ շրջան յայտարարեց։
Սուրիական բանակի ռազմական գործողութիւններու գրասենեակը պատկերասփիւռի կայանէն ներկայացուց Շէյխ Մաքսուտի զինեալներու այն կէտերը, որոնք երեկոյեան ժամը 6էն ետք ռազմական թիրախ պիտի դարձնէ։ Այդպէս ալ եղաւ, բանակը դարձեալ սկսաւ գործողութիւններու՝ ռմբակոծումներ եւ թիրախներու հասցուած հարուածներ, յայտարարելով, որ նպատակ ունի Շէյխ Մաքսուտը մաքրագործել։
«Նիուզ»ը հաղորդեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը 9 Յունուարի երեկոյեան յայտարարեցին, որ Դամասկոսի կառավարութեան հետեւող աշխարհազօրայիններուն պատկանող անօդաչու թռչող սարքը հարուածած է Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին մէջ գտնուող Խալետ Ֆաճր քաղաքացիական հիւանդանոցը` զայն քանդելով։ Կը նշուի, որ հոն ապաստան գտած էին քաղաքացիներ, յատկապէս կիներ, ծերեր եւ մանուկներ։
9 Յունուարին արդէն յայտարարուեցաւ, որ Հալէպ-Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ` Երեւան- Հալէպ թռիչքները չեղարկուած են՝ անորոշ կացութեան պատճառով։
«Գանձասար» կը տեղեկացնէ, որ վտանգուած շրջաններու հայ բնակիչներ՝ շուրջ 50 ընտանիքներ ապաստանած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ»։


















































