Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արամ Ա. Միջին Արեւելքի համայնքներու անվտանգութիւնն առաջնահերթ հրամայական է բոլորիս համար

Մարտ 04,2026 15:17 Share

Cilicia TV. Երէկ գիշեր ուշ ժամուն, Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ թեհրանաբնակ Յովսէփ Աւետեանի հետ։ Վերջինը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին` Իրանէն ներս տիրող ներկայ կացութեան ընդհանրապէս եւ հայ համայնքին մասին մասնաւորաբար։ Տրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հայ համայնքը մարդկային կորուստ չունի, այլ` միայն նիւթական թեթեւ վնասներ։

Թեմական ու համայնքային պատասխանատուները մօտէն կը հետեւին կացութեան զարգացումներուն, երիտասարդական խումբեր կը շրջին հայ թաղերէն ներս` պատրաստ օգտակար ըլլալու ընտանիքներու կարիքներուն։

Երէկ գիշեր Նորին Սրբութիւնը նաեւ կապ հաստատեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի հետ։ Սրբազան հայրը որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայրապետին յիշեալ շրջաններու կացութեան մասին։ Մարդկային զոհեր ու նիւթական վնասներ չկան։

Քիչ առաջ նաեւ կապ հաստատուեցաւ Քուէյթի թեմական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ։ Քուէյթէն ներս եւս որեւէ ձեւով հայ համայնքը վնասի չէ ենթարկուած։

Բնականաբար բոլոր շրջաններուն մէջ կը տիրեն ընդհանուր անապահովութիւն, անորոշութիւն ու մտավախութիւն։ Մեր կրթական կառոյցները կը մնան փակ եւ առցանց կը կատարուին դասաւանդութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը թելադրեց բոլոր շրջաններու պատասխանատուներուն առաւելագոյն չափով հեռու պահելու մեր համայնքները վտանգալից պայմաններէ եւ մօտէն հետեւելու մեր համայնքներու կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հետ եւ տեղեակ դարձաւ վերջերս Կիպրոսի անգլիական զինուորական կեդրոնին վրայ եղած յարձակումի մանրամասնութիւններուն։

Երէկ գիշեր, Հայրապետին նախագահութեամբ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը առցանց յատուկ նիստ գումարեց, որուն ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Միջին Արեւելքէն ներս ստեղծուած կացութիւնը եւ մեր համայնքներուն աջակցելու կարելիութիւնները։ Ժողովը յատկապէս անդրադարձաւ Լիբանանի ու Պէյրութի հարաւային շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Պեքայի վրայ կատարուող իսրայէլեան յարձակումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն։

Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ զանազան շրջաններու մեր համայնքներու ընդհանուր կացութեան եւ անհրաժեշտութեան պարագային Cilicia TV-ն տեղեակ պիտի պահէ մեր ժողովուրդի զաւակները։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ    
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031