6 Մարտին, Լոս Անճելըս քաղաքի Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովին կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ քաղաքի «Ազդեցիկ Կիներ» մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը։
Քաղաքին կողմէ այս տարի մեծարուած կիներուն շարքին էին համայնքային իրաւունքներու պաշտպաններ եւ ղեկավարներ Նորա Յովսէփեան եւ Նաթալի Սամարճեան։
Իրաւաբան Նորա Յովսէփեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ջատագոված է արդարութիւն եւ իր ժամանակը տրամադրած է համայնքին ծառայելու ջանքերուն։ Իր ասպարէզին ընդմէջէն եւս, ան նեցուկ կանգնած է յատկապէս բժշկական սխալներու զոհերուն։
Իրաւաբան Նաթալի Սամարճեան նախագահն է Coro California հաստատութեան, որուն նպատակը ժողովրդավարական սկզբունքները ամրապնդելն է՝ պատրաստելով կարող ղեկավարներ, յատկապէս փոքրամասնութիւններուն մէջ։
Սամարճեանի ղեկավարութեան տակ, հաստատութիւնը ռազմավարական նոր ծրագիր մը որդեգրած է, ընդարձակած է իր ծրագիրները եւ այլ կազմակերպութեան մը հետ գործակցութիւնը, նպաստելով շարք մը համայնքներու բարգաւաճման ջանքերուն։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

















































