Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արեւմտահայերէնը տան մէջ` ինքնութեան եւ յաջողութեան բանալին. Արտա Ճէպէճեան

Հունիս 30,2026 17:30 Share

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Դոկտոր Ընկերալեզուաբանութեան

Յառաջաբան

Գիտէի՞ր, թէ երկրագունդի 7000-է աւելի լեզուներու հսկայ ովկիանոսին մէջ մեր արեւմտահայերէնը կը փայլի իբրեւ հնագոյն ու ազնուական գանձ մը, որուն տէր կանգնիլը մեր մեծագոյն հպարտութիւնն է:

Մայրենին իւրաքանչիւր ազգի գոյութեան ամէնէն խորունկ հիմնաքարն է, իսկ տունը` այդ հիմնաքարը կերտող առաջին ու անփոխարինելի դարբնոցը: Այսօր սփիւռքեան համաշխարհային իրականութեան մէջ մեր առջեւ կը պարզուի հրաշալի կարելիութիւն մը. ընտանիքները սիրով ու գիտակցութեամբ կը հրաւիրուին աւելի աշխուժօրէն արմատաւորելու տան մէջ մայրենին խօսելու կենսատու աւանդութիւնը: Այս մտերմիկ միջավայրն է, որ մանուկը կը կապէ իր արմատներուն եւ կ’ապահովէ հարուստ մշակոյթներու պայծառ ու անխախտ ապագան: Աշխարհի բոլոր գիտակից ժողովուրդներուն նման, որոնք կը գուրգուրան իրենց լեզուական ժառանգութեան վրայ, մենք եւս ունինք նոյն նախանձախնդրութիւնը:

Մեր նախորդ յօդուածը քննեց հայկական ընտանեկան յարկերուն տակ արեւմտահայերէնի միջսերնդային փոխանցման ներկայ ընթացքն ու անոր դրդապատճառները: Այս յօդուածին մէջ, փոխանակ կեդրոնանալու հայ ծնողներու տան մէջ հայերէն չխօսելու բացասական հետեւանքներուն վրայ, պիտի կեդրոնանանք տան մէջ հայերէն խօսելու դրական կողմերուն վրայ եւ ապա ներկայացնենք արեւմտահայերէն խօսելու ռազմավարութիւնը գործադրելու միջոցներ:

Ընտանեկան Կապերու եւ Արժէքներու Զարգացումը

Երբ տան մէջ կը խօսուի արեւմտահայերէն, ընտանիքին մէջ կը ստեղծուի սերունդները միացնող կենդանի կամուրջ մը, որ իրարու կը կապէ անցեալը, ներկան եւ ապագան: Այս հաղորդակցութեան շնորհիւ` թոռնիկները կրնան անմիջականօրէն հաղորդակցիլ իրենց մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն հետ` ընկալելով մեր բանաւոր պատմութեան, նրբերանգներուն եւ մշակութային իմաստութեան հսկայական շտեմարանը:

Լեզուն միայն տեղեկութիւն փոխանցելու միջոց չէ, այլ` զգացումներ արտայայտելու աշխարհ: Հայերէնի յատուկ քնքշանքի բառերը, ինչպէս` «հոգիս» կամ «ձագուկս», եւ մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու օրհնանքները ընտանեկան յարաբերութիւններուն կու տան իւրայատուկ հարազատութիւն եւ բնական ջերմութիւն:

Տան մէջ հարազատ լեզուով խօսիլը նաեւ կը բարձրացնէ ծնողական հեղինակութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը: Երբ ընտանիքը կը հաղորդակցի իր հարազատ միջավայրին մէջ, լեզուն կը դառնայ միացնող տարր, որ մանուկները կը պահէ ընտանեկան լուրջ խօսակցութիւններուն եւ անցեալի յուշերուն մասնակից: Այս ձեւով հայերէնը կը դառնայ բաց եւ վստահելի մթնոլորտ ստեղծելու գրաւականը:

Մեր լեզուն իրեն հետ կը բերէ բարոյական եւ ընկերային բարձր արժէքներ: Արեւմտահայերէնը ունի ընտանիքի, յարգանքի եւ հաւաքական պատասխանատուութեան յատուկ ընկալումներ, որոնք կը նպաստեն, որ մանուկը մեծնայ հաւասարակշռուած արժեհամակարգով: Լեզուի ճամբով ընտանեկան աւանդութիւնները` Ս. Ծնունդ, Ս. Զատիկ, եւ յիշատակի օրեր, կը ստանան իրենց իսկական խորհուրդը` դառնալով ապրող ու ոգեշնչող տօնակատարութիւններ:

Զաւակներուն Հոգեբանական Անդորրը եւ Ինքնութեան Ծաղկումը

Մանուկին համար հայերէնին տիրապետելը ժառանգուած ինքնութեան ամրապնդումն է: Լեզուն պարզապէս հաղորդակցութեան գործիք մը չէ, այլ` մշակոյթի եւ ինքնայատուկ աշխարհահայեացքի ճանաչողական քարտէսը: Այս քարտէսով օժտուած հայ երիտասարդը կը մեծնայ ինքնութեան յստակ գիտակցութեամբ` ունենալով զայն ապրելու եւ արտայայտելու ներքին հարուստ բանալին:

Տան մէջ լեզուի քաջալերանքը մանուկին ենթագիտակցութեան մէջ կը սերմանէ սեփական ինքնութեան հանդէպ հպարտութեան եւ արժեւորման զգացում: Երբ ծնողները նախապատուութիւնը կու տան հայերէնին, մանուկը կը հասկնայ, որ մայրենին բարձր արժէք ունի եւ յաջողութեան լաւագոյն երաշխիքներէն մէկն է: Անոնք կը դառնան իրենց պատկանած մշակոյթի կերտողն ու կրողը` քալելով ինքնավստահութեամբ:

Երբ այս երիտասարդները կը գտնուին հայկական միջավայրի մէջ, անոնք իրենք զիրենք լիարժէք հայ կը զգան: Լեզուի տիրապետումը անոնց կու տայ վստահութիւն` ազատօրէն մասնակցելու համայնքային կեանքին եւ հայկական հաւաքներուն, միշտ սիրով ու ջերմութեամբ ընդունուելով շրջապատին կողմէ: Ասիկա կը ստեղծէ ներքին խաղաղութիւն, որուն շնորհիւ անոնք հպարտութեամբ կը կապուին իրենց արմատներուն:

Տարիքի բերումով, երբ երիտասարդը կը սկսի արժեւորել իր արմատները, անոր մէջ կը ծնի երախտագիտութեան խոր զգացում իր ծնողներուն հանդէպ, որոնք կամրջեցին դարաւոր շղթան: Ան կը զգայ, որ հարազատօրէն շարունակողն է իր նախնիներու յիշատակին: Այսպիսի անհատներ կրնան ամբողջութեամբ նոյնանալ թէ՛ հայութեան եւ թէ՛ տեղական մշակոյթին հետ` դառնալով երկու աշխարհներու հարստութիւնը վայելող օրինակելի քաղաքացիներ: Անոնք կ’ունենան կատարեալ պատկանելիութեան զգացում, ինչ որ հոգեբանական մեծ ապահովութիւն կը ջամբէ իրենց կեանքին:

Լեզուական Կենսունակութեան Տնտեսական եւ Գործնական Առաւելութիւնները Սփիւռքի Մէջ

Այսօրուան համաշխարհայնացած շուկային մէջ բազմալեզուութիւնը մեծ հարստութիւն է: Արեւմտահայերէնին տիրապետող երիտասարդը ունի յաւելեալ լեզուական հմտութիւն, որ լայն դուռ կրնայ բանալ միջազգային յարաբերութիւններու, թարգմանական, դիւանագիտական եւ առեւտրական մարզերէ ներս: Լեզուներու տիրապետող հայ երիտասարդը կը դառնայ բազմակողմանի զարգացած անհատ` պահելով իր աշխատանքային իւրայատկութիւնն ու բարձր արժէքը:

Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող հսկայական հաստատութիւնները` հայկական դպրոցներ, հրատարակչատուներ, թերթեր, մշակութային կեդրոններ ու միութիւններ, կը ծաղկին, երբ նոր սերունդը կը խօսի հայերէն: Ասիկա կ’ապահովէ` մեր կառոյցներուն կենսունակութիւնը, դպրոցներու աշխուժութիւնը, գիրքերու ու թերթերու տարածումը եւ միութիւններու բազմամարդութիւնը: Այս ձեւով կ’արժեւորուին հայկական միլիոնաւոր կալուածներն ու հիմնադրամները` ծառայելով իրենց բուն նպատակին:

Հայկական սփիւռքը աշխարհասփիւռ գործօն ցանց մըն է: Արեւմտահայերէնը այն հարազատ բանալին է, որ իրարու կը կապէ Պէյրութի, Լոս Անճելըսի, Փարիզի կամ Տուպայի հայ գործարարները: Լեզուին տիրապետող հայ երիտասարդը լիարժէքօրէն կ’օգտուի այս համաշխարհային ցանցէն` ընդլայնելով իր սեփական գործը եւ վայելելով հզօր համայնքային թիկունք մը:

Լեզուի կենդանի պահպանման շնորհիւ, հայկական կազմակերպութիւնները` բարեգործական, քաղաքական եւ մշակութային, միշտ կ’ունենան պատրաստուած, երկլեզու եւ տաղանդաւոր ղեկավարներ, տնօրէններ ու խմբագիրներ: Ընդունակ երիտասարդները, տիրապետելով մայրենիին, յառաջապահ դիրքեր կը գրաւեն ազգային գործերէ ներս` ապահովելով մեր համայնքներու մակարդակի շարունակական բարձրացումն ու վերելքը:

Երկլեզուութեան Առաւելութիւնները

Երկլեզուութիւնը պարզապէս երկու բառարան ունենալ չէ ուղեղին մէջ, այլ` երկու տարբեր աշխարհընկալումներու տիրապետել: Երբ երեխան տան մէջ կը մեծնայ արեւմտահայերէնով, իսկ դուրսը` տեղական լեզուով, անոր հոգեկան եւ մտային աշխարհը կ’օժտուի իւրայատուկ առաւելութիւններով:

Երկլեզու երեխաները ունին աւելի զարգացած մտային ճկունութիւն եւ գործադիր համակարգ: Անոնք դիւրութեամբ կը կեդրոնացնեն իրենց ուշադրութիւնը` զատելով կարեւոր տեղեկութիւնը պարզ աղմուկէն, եւ ունին բարդ խնդիրներ լուծելու բարձր կարողութիւն: Գիտականօրէն փաստուած է, որ մանկութենէն երկու կամ աւելի լեզուներով մեծցողներու ուղեղը աւելի ճկուն կ’ըլլայ, ինչ որ կը դիւրացնէ նաեւ օտար լեզուներու արագ սորվիլը: Տան մէջ հայերէնը կենդանի պահելով` ծնողները իրենց զաւակներուն կը պարգեւեն բնական մտային մարզանք մը, որ մեծապէս կը նպաստէ անոնց դպրոցական ու համալսարանական յաջողութիւններուն:

Լեզու մը սորվիլը նաեւ զգացումներ արտայայտելու նոր ձեւերու տիրապետել է: Արեւմտահայերէնը ունի քնքշանքի, յարգանքի եւ ընտանեկան սիրոյ այնպիսի նրբերանգներ, որոնք իւրայատուկ են: Երկլեզու երեխան կրնայ իր զգացական աշխարհը ձեւաւորել աւելի հարուստ գոյներով` դառնալով հոգեպէս աւելի հաւասարակշռուած: Այսպիսի երեխաներ կանուխէն կը հասկնան, որ բառերը խորհրդանիշներ են, ինչ որ անոնց կու տայ վերացական մտածողութեան մեծ առաւելութիւն` նպաստելով թուաբանութեան, գիտութեան եւ ստեղծագործական մարզերու մէջ:

Երկու լեզուի եւ մշակոյթի մէջ մեծցող մանուկները աւելի դիւրին կրնան իրենց անձերը դնել ուրիշին տեղը: Անոնք կանուխէն կը հասկնան, որ մարդիկ աշխարհին կրնան նայիլ տարբեր տեսանկիւններէ, ինչ որ զիրենք կը դարձնէ աւելի բաց, հանդուրժող եւ ընկերային:

Գիտնալէ ետք տան մէջ հայերէն խօսելու այս բոլոր դրական կողմերը, եկէ՛ք, այժմ միասին նայինք դէպի յառաջ եւ ընդգծենք մեր յառաջընթացի գործնական ուղիները:

Տնային Վերակենդանացման Ռազմավարութիւններ

  • Ընկերալեզուաբանական ամէնէն զօրեղ կառոյցը «Տան մէջ մայրենի լեզու» ռազմավարութիւնն է: Այս մօտեցումը տունը կը վերածէ լեզուական ապաստանի, ուր հայերէնը կեանքի բնական ու հարազատ միջոցն է:
  • Ընկերալեզուաբանութիւնը ցոյց կու տայ, որ մանուկները գործնական են եւ բնականաբար կը հակին դէպի նուազագոյն ճիգի ճամբան: Հետեւաբար տունը որպէս լեզուական ապաստան պահելու համար լաւագոյն լուծումը ծնողական սիրալիր հաստատակամութիւնն է` տան պատերէն ներս միշտ նախապատուութիւնը տալով հայերէնին: Ասիկա կը ստեղծէ հարազատ ու միասնական լեզուական միջավայր մը:
  • «Խոհանոցային հայերէնի» սահմանափակ պատկերէն անդին անցնելու համար ընտանիքը կրնայ սիրով ընդլայնել լեզուական մակարդակը: Ասիկա կարելի է իրագործել տան մէջ արեւմտահայերէնով հետաքրքրական նիւթեր, գիտութիւն, պատմութիւններ կամ զգացումներ քննարկելով: Երբ մանուկը բառ մը կը պակսեցնէ, ծնողը կրնայ զայն մատուցել որպէս գեղեցիկ «նուէր» եւ ոչ թէ որպէս սրբագրութիւն` պահպանելով զաւակին դրական հոգեվիճակը: Ասիկա կ’ամրապնդէ մանուկին լեզուական ինքնավստահութիւնը:
  • Ծնողներու միջեւ արեւմտահայերէն խօսելու սովորութիւնը վերակենդանացնելու լաւագոյն ձեւերէն մէկը տան մէջ յատուկ «լեզուական գօտիներ» հաստատելն է: Օրինակ` խոհանոցը կամ հիւրասենեակը կրնան նկատուիլ միայն հայերէնի յատկացուած տարածքներ, ուր հայերէն խօսիլը միշտ կը քաջալերուի:
  • Ծնողներ կրնան որդեգրել «15 վայրկեանի կանոնը»` պայմանաւորուելով տուն վերադառնալէ ետք առաջին քառորդ ժամը խօսիլ բացառապէս մայրենիով, որպէսզի լեզուական անցումը աւելի բնական ըլլայ:
  • Առօրեայ հաղորդակցութեան թուային դաշտը փոխելը եւս մեծապէս կ՛օգնէ. հեռախօսային կարճ հաղորդագրութիւնները հայերէն տառերով գրելը կամ ձայնագրելը կրնայ վերածուիլ մնայուն եւ ազդու սովորութեան (կարեւոր է ուղղագրական սխալները սիրով սրբագրել կամ երբեք չի սրբագրել, բայց միշտ քաջալերել զաւակը):
  • Զաւակներուն հետ հայերէն խօսելու ամէնէն տարածուած ու յաջող դրութիւններէն մէկը «Մէկ ծնող, մէկ լեզու» ռազմավարութիւնն է, ուր աւելի սահուն հայերէն խօսող ծնողը մանուկին հետ միայն մայրենիով կը հաղորդակցի, իսկ միւսը` տեղական լեզուով:
  • Կարեւոր է նաեւ լեզուն կապել օրուան կանոնաւոր սովորութիւններուն հետ. օրինակ` լոգանքի ժամը, նախաճաշը կամ քնանալէ առաջ հեքիաթ կարդալու պահը կրնան ըլլալ միայն հայերէնով:
  • Փոքրիկներու պարագային, «կեանքը պատմելու» ձեւը հրաշքներ կրնայ գործել, ուր ծնողը իր ամէն մէկ շարժումը կամ ըրած գործը բարձրաձայն կը նկարագրէ պարզ բայերով ու նախադասութիւններով, ինչ որ կրնայ հարստացնել մանուկին բառամթերքը:
  • Լեզուն պարտականութեան չվերածելու համար կարելի է զայն ներառել հաճելի ժամանցի եւ խաղերու մէջ: Ինքնաշարժով ճամբորդութիւններուն կամ տան խաղերու ընթացքին կարելի է միշտ մանկական արեւմտահայերէն երգեր կամ ձայնագիր պատմուածքներ մտիկ ընել, ինչ որ երեխային ականջը կը վարժեցնէ ճիշդ հնչիւններուն:
  • Ծանօթ ու աւանդական խաղերը, ինչպէս` «Կը տեսնեմ բան մը…», (I Spy) կամ «Սիմոնը ըսաւ…» (Simon Says), կամ այբուբենի խաղը, ուր իւրաքանչիւր տառով կը կազմուի բառ մը, օրինակ` «Ա» տառով. «Անունս Անի է, Արուեստագէտ եմ եւ կ՛ապրիմ Ալպանիա»: Այսպէս, խաղալով ու խնդալով հայերէնով, լեզուն բնականօրէն կը մտնէ առօրեային մէջ, եւ մանուկները առիթ կ՛ունենան ուրախ մթնոլորտի մէջ նոր բառեր սորվելու:
  • «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ ստեղծուած https://www.zndoog.com/ կայքը հիանալի աղբիւր է ծնողներուն համար: Այնտեղ զետեղուած են գիրքեր, տեսերիզներ, խաղեր եւ բազմաթիւ գործիքներ` մանուկներու լեզուական զարգացման համար: Յատկանշական ծրագիրներէն են «Պատառիկներ»` մանկական ձայներիզներու շարք մը, լեցուն ուրախ խաղերով, շուտասելուկներով եւ երգերով, եւ «Ձեռք ձեռքի» մանկապարտէզի համապարփակ ծրագիր, որ երգի եւ աւանդական գիտելիքներու ընդմէջէն կը զարգացնէ երեխային լեզուական կարողութիւնները:
  • «Բարեւ արեւ»՝ https://www.youtube.com/@parevarevhttps://www.facebook.com/parev.arevhttps://abrilbooks.com/publisher/parev-arev/  հեղինակ եւ պատկերազարդող` Անահիտ Սարգիսեան, նախաձեռնութիւնը հրաշալի միջոց մըն է արեւմտահայերէնը հաճելի ու ստեղծագործ ձեւով տան մէջ կենդանի պահելու: Գեղեցիկ պատկերազարդուած գիրքերու եւ գծանկարային (animated) տեսահոլովակներու միջոցով, անիկա լեզուի ուսուցումը կը վերածէ ընտանեկան, համագործակցային եւ հրապուրիչ խաղի մը:

 

Ամէնօրեայ փոքր քայլերով եւ ուրախ մթնոլորտով կրնանք հայերէնը դարձնել մեր տուներուն ամէնէն բնական ու սիրելի շունչը: Ի վերջոյ, տան մէջ արեւմտահայերէն խօսիլը միայն լեզու պահպանել չէ, այլ` մեր զաւակներուն նուիրել հարուստ ինքնութիւն եւ ապահով ապագայ կերտելու լաւագոյն հիմքերը:

Պահպանումէն դէպի Կենսունակութիւն` Նոր Ուխտ մը Սփիւռքի Համար

Ընկերալեզուաբանական տուեալները կը պարզեն սթափեցնող իրականութիւն մը, սակայն արեւմտահայերէնի պատմութիւնը անխուսափելի կորուստի մասին չէ, այլ` գործելու խորունկ կարելիութեան:

Արդի հայ զոյգին համար տան մէջ մայրենիով խօսելու որոշումը մշակութային դիմադրութեան արարք է եւ տեսլականով լեցուն նուէր մը` յաջորդ սերունդին: Որդեգրելով «Տան մէջ միայն արեւմտահայերէն» կառոյցը` ընտանիքները իրենց կենցաղային տարածքը կը վերածեն լեզուական ապաստանի, որ կը հակադրուի համաշխարհայնացած ձուլման ճնշումներուն: Այս նոր ուխտին մէջ հայ տունը կը վերադառնայ իր իսկական դերին` ըլլալու հայեցի մտածողութեան առաջին աղբիւրը:

Ծնողներու դժուարութիւններն ու վախերը յաղթահարելի են գործնական ու հաստատակամ քայլերով: Պատրաստենք սերունդ մը, որ հպարտ է իր արմատներով, հարուստ է իր մտքով, եւ երաշխաւորենք, որ մեր զաւակները ոչ թէ միայն յիշեն իրենց ինքնութիւնը, այլեւ ապրին զայն իրենց արտասանած իւրաքանչիւր բառով:

Նիկոսիա, յունիս 2026

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Ամենաընթերցված

Օրացույց
Հունիս 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս    
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930