Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Անվտանգութեան պահպանման ներկայ իրավիճակին տեւողութիւնը տակաւին անորոշ է. Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան

Մարտ 22,2026 21:01 Share

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը այսու կը տեղեկացնէ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ վերջին օրերուն համացանցին մէջ տարածուած տեղեկութիւնները՝ Սուրբ Յարութեան Տաճարի, Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանի փակման, ինչպէս նաեւ Տաճարին մէջ մատուցուող Սուրբ Պատարագներու, թափօրներու եւ այլ սրբազան արարաղութիւններու վերաբերեալ, կեղծ լուրեր են։

Ներկայ պատերազմական իրավիճակի սկիզբէն մինչ օրս, Սուրբ Յարութեան Տաճարի հաստատուած Status Quo-ի թելադրութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին վերապահուած բոլոր արարողութիւնները կատարուած են եւ կը շարունակուին առանց ընդհատման։ Բացառութիւն կը կազմեն Մեծ Պահոց շրջանին յատուկ որոշ արարողութիւններ, որոնք կը կատարուին դռնփակ՝ անվտանգութեան նկատառումներով, փոքրաթիւ միաբաններու մասնակցութեամբ։

Անվտանգութեան պահպանման ներկայ իրավիճակին տեւողութիւնը տակաւին անորոշ է, եւ առայժմ անկարելի է ճշդել Աւագ Շաբթուայ եւ Զատկական տօներու արարաղութիւններու վերջնական ժամանակացոյցը։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը մշտապէս հաղորդակցութեան մէջ է Սուրբ Յարութեան Տաճարի միւս երկու իրաւատէրերուն, ինչպէս նաեւ համապատասխան պետական մարմիններուն հետ։ Երբ Աւագ Շաբթուայ եւ Զատկական տօներու արարողութիւններու ժամանակացոյցին վերաբերեալ վերջնական որոշումներ առնուին, Պատրիարքարանը կը ծանուցէ մերազն հաւատացեալներուն եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին։

Այս դժուարին պայմաններու մէջ, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը կ’աղօթէ Սուրբ Երիրի խաղաղութեան եւ անդորրութեան վերահաստատման համար։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը քրիստոնէական ամենահին ներկայութիւն է Սուրբ Երկրին մէջ եւ պիտի շարունակէ հաւատարմօրէն իր սրբազան առաքելութիւնը, որ անխափան կը շարունակուի IV դարէն մինչեւ մեր օրերը։

— ԴԻՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌՈՅ

22 Մարտ, 2026

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ    
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031