Կիրակի 11 Հոկտեմբեր 2026-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը, Լեւոն ԺԴ. Պապը յայտարարեց թէ մօտ օրէն վիրահատութեան պիտի ենթարկուի, ի տես վերջերս ստուգումներու բերումով յայտնաբերուած «թոքերու սահմանափակ ուռուցքային հանգոյցի մը» որ «շատ նախնական եւ լաւ տեղայնացուած փուլի մէջ է»։
«Բժիշկները նպատակայարմար կը նկատեն միջամտել։ Եւ ուրեմն, հետեւելով անոնց խորհուրդին, որոշեցի վիրահատուիլ՝ զայն հեռացնելու համար» ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով նաեւ թէ «Միջամտութիւնը արդէն ծրագրուած է յառաջիկայ օրերուն» ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին «հոգեւոր մօտիկութեան համար» եւ ինքզինք յանձնելով հաւատացեալներու աղօթքներուն»։
Ռոպէր ԱԹԹԱՐԵԱՆ
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում



















































