Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ
Ն.Ս. ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ
Այս առաւօտ` Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը Վատիկանի մէջ առանձին հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ:
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նախ անդրադարձաւ հետեւեալ նիւթերուն.- Զատկուան միացեալ թուականի ճշդում, բոլոր նահատակներու յիշատակութեան օր եւ Վատիկան Գ. Համաժողովի գումարում՝ կարեւորութեամբ ընդգծելով յիշեալ նիւթերուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը համաքրիստոնէական կեանքէն ներս:
Կարդացեք նաև
Ապա, անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ, եկեղեցիներու եւ պատմական կոթողներու պահպանումը՝ միջազգային օրէնքին համաձայն եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը:
Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին՝ ընդգծելով Լիբանանի պետութեան գերիշխանութիւնն ու ներկայութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ, Իսրայէլի հեռացումը Լիբանանի հարաւէն եւ զինադադարի յարգումը: Բնականաբար, ան նաեւ անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական շարժումի կարեւորութեան, այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ նկատելով աստուածաբանական հարցերու առընթեր բարոյագիտական խնդիրներու յատուկ կարեւորութիւն տալու առաջնահերթութիւնը:
Վերոյիշեալ կէտերուն գծով Պապը իր հասկացողութինն ու զօրակցութիւնը յայտնեց՝ իր կարգին տալով անհրաժեշտ բացատրութիւններ:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը եւ Սրբազան Քահանայապետը յիշեալ հանդիպումէն ետք մէջ ընդ մէջ առանձին զրոյց ունեցան յիշեալ եւ այլ հարցերու գծով՝ տեսակէտներ ու մտահոգութիւններ փոխանակելով:


















































