Ներկայ պայմանները նկատի ունենալով չի բացառուիր, որ սահմանի բացումը տեսականօրէն խաղաթուղթի գործառոյթ ունենայ Անգարայի կողմէ: Խօսքը Անգարա-Պաքու յարաբերութիւններուն վերաբերեալ շրջանառուող լարուածութեան մասին է: Երկուստեք կը հնչեն խիստ քննադատութիւններ իրարու հասցէներուն: Հասարակական բողոքներու երեւոյթները կը քաջալերուին թրքական քաղաքական շրջանակներու կողմէ, մինչ Պաքուի վարիչները ուղիղ ակնարկներ կ՛ընեն Անգարային` տէր չկանգնելու իրենց արձանագրած յաղթանակներուն: Անգարա-Պաքու շահերու բախման սուր կէտեր կը նկատուին նաեւ Իսրայէլի ուղղութեամբ: Եթէ առաջինը կը սաստկացնէ իր դիրքորոշումները Թել Աւիւի նկատմամբ, երկրորդը չ՛ուզեր ազդուիլ անկէ եւ իր համագործակցութիւնը կը շարունակէ խորացնել:
Այս բոլորը չբացառուող ենթադրութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ են: Երկու պետութիւնները Շուշիի Հռչակագիրով յանձնառութիւններ ստանձնած են հայկական հարցերու ուղղութեամբ դաշինքի հիմնադրոյթները ամրագրուած պահելու եւ դիրքորոշումներն ու գործողութիւնները համակարգելու: Սահմանի բացումի հաւանականութիւնը կամ անհաւանականութիւնը այս ռազմավարական խոր արմատ ունեցող դրուածքէն կախեալ է:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:



















































