Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը առաջին հերթին անոր գործածութիւնն է. horizonweekly.ca

Դեկտեմբեր 06,2016 17:45

horizonweekly.ca. Յաճախ ըսած եմ, որ մեծերու միտքերը իսկական դպրոցներ են, եթէ քաջութիւն եւ համեստութիւն ունենանք անոնց դիմելու եւ սորվելու, մենք մեզ եւ մեր ժամանակը հասկնալու, մեր կեանքին եւ արարքներուն ուղին ճշդելու:

Ուղի ճշդել, որ չի նշանակեր «քարվանսարայ շինել հոն ուր ամէն անգամ ուղտը ծունկը գետին կը դնէ», կ’ըսէր անտիտղոս երէց մը:

Ինչե՜ր ըսուած են լեզուի մասին: Յիշել Չարենցը եւ իր «արեւահամը» (արեւահամ բառն եմ սիրում), յիշել Թէքէեանը եւ իր «մրգաստան»ը (քե՛զ, հայ լեզու, կը սիրեմ մրգաստանի մը նման):

Օտարներ ալ խօսած են լեզուին մասին: Գերմանացի գիտնական Ալեքսանդր Հումպոլտ (Alexandre de Humboldt) կ’ըսէ, որ «Ժողովուրդի մը ոգին կ’ապրի իր լեզուին մէջ»: Իր ժամանակակիցներէն իմաստասէր Եոհան Ֆիխդ (Johann Fichte), իր կարգին ըսած է, որ «Ժողովուրդի մը լեզուն իր հոգին է»:

ԺԹ դարու ֆրանսացի մեծ պատմաբան Ժիւլ Միշըլէ, կ’ըսէ. «Ֆրանսայի պատմութիւնը կը սկսի ֆրանսական լեզուով: Լեզուն գլխաւոր ցուցանիշն է ազգութեան մը» («L’histoire de France commence avec la langue française. La langue est le signe principal d’une nationalité. Jules Michelet»):

Չգործածուող լեզուն կեանք չ’ունենար, բախտաւոր պարագային կը դառնայ ուսումնասիրողներու հետաքրքրութեան եւ հմտութեան առարկայ: Այսինքն՝ մեռեալ լեզու:

Իսկ ի՞նչ ճակատագիր կ’ունենայ իր լեզուն կորսնցուցած ժողովուրդը: Հարցում էր:

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան մասին յաճախ կը խօսուի եւ կը գրուի, լեզուական, ուղղագրական, շարահիւսական նկատողութիւններ կ’ըլլան, օգտակար եւ անհրաժեշտ ճշդումներ՝ մանաւանդ արեւմտահայերէնի ուսուցման՝ դպրոցներու մէջ կամ դասընթացքներու, բայց նաեւ հաղորդակցական միջոցներու:

Առաջին հերթին խօսուող, գրուող եւ լսուող հայերէնի որակը ուշադրութեան առարկայ պէտք է ըլլայ:

Առաւել, պէտք է օրակարգ ըլլայ հայերէնի գործածութիւնը, ի հեճուկս որուն, զարգացած է եւ կը զարգանայ օտարախօսութիւնը եւ օտարագրութիւնը, վասն գործնապաշտութեան, պատշաճեցման, յաջողութեան: Շատ քիչ կը մտահոգուինք մեր ազգային ինքնութեան ազգային լեզուէն քիչ կամ շատ հեռանալով, մեր տոկալու եւ տեւելու կարելիութեան հասնող վնասով:

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հարցը, ճշդութեան կողքին,անոր գործածութիւնն է, նախապայման՝ որ ան մնայ կենդանիլեզու:

Այսօր, բախտաւոր պարագային, արեւմտահայերէնը դասագիրքի եւ դասարանի լեզու է, լեզուն է՝ հետզհետէ նուազ ընթերցող եւ լսող ունեցող արեւմտահայերէնով արտայատուող լրատուամիջոցներու: Շատ կարեւոր է լեզուի մը հարազատութեան, ճշդութեան եւ անաղճատ պահպանումը, բայց այդ դրական մաքրակրօնութիւնը ազգի գոյատեւման հիմնական նպաստ չ’ըլլար, երբ այդ ազգը կը դադրի իր լեզուն խօսելէ եւ գրելէ:

Սփիւռքներու մէջ հայերէնը կեանքի լեզու չէ, հետզհետէ ան կը կորսնցնէ նաեւ տան լեզու ըլլալու իր բնոյթը, արդէն շատ մը վայրերու մէջ ան տան լեզու չէ: Այս նահանջին հետ քայլ կը պահեն, յաճախ կ’առաջնորդեն, իրենք զիրենք ազգային դերակատարութեան կոչած միութիւններ, անոնց ղեկավարները, նաեւ դարերով լեզուատիրութիւն ըրած հայ եկեղեցիի ծառաները, գիւտարարի գործնապաշտութեամբ:

Եթէ սփիւռքներու մէջ հաշուեկշիռ մը ընենք, պիտի տեսնենք, որ հետզհետէ աւելի եւ աւելի կը կծկուի հայախօսներու եւ հայերէն լսողներու շրջանակը, առաւել եւս՝ արեւմտահայերէն խօսողներու եւ գրողներու: Իսկ լսողներու հրամցուած զոյգ աշխարհաբարներով հայերէնը յաճախ անխնամ է, աղճատ: Երբեմն հակազդողներ կան, բայց լսողներ չկան:

Անցեալին, սփիւռքի հայ մամուլը զանգուածներուն համար ոչ միայն տեղեկութիւններ հասցնող էր, այլ նաեւ դպրոց, մարդիկ լեզու կը սորվէին թերթ կարդալով, անոնց մէջ կը զարգանար գրականութեան սէրը, որպէս թերթօն հրատարակուած գիրքերը կը հաւաքէին, հատոր կը կազմէին եւ անոնք տան գրադարանին մէջ կը պահուէին: Հայերէնի հանդէպ գուրգուրանք կար:

Կը փորձուի՞ք այսօրուան բաղդատել:

Օտարալեզու դարձող լրատուամիջոցները տեղեկութիւն եւ ծանօթութիւն կը փոխանցեն: Օգտակար են, բայց մշակոյթ չեն փոխանցեր, «հոգեւոր հայրենիք»ի դռները չեն բանար: Հետաքրքրասիրութեան եւ քաղաքական քարոզչութեան կը ծառայեն: Բաղդաւոր պարագային կարգախօսներ կը փոխանցեն, որոնցմէ ամէնէն յատկանշականը «ցեղասպանութիւն»ն է, իր «ճենոսայտ» ձեւով, որուն տգիտութեամբ կը մոռնանք կցել «հայրենահանում»ը:

Քաղաքական կարգախօսները տեղ չեն ձգեր յիշելու եւ յիշեցնելուոր ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի համար, որհայրենահանումը ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է,շարունակուող՝ նաեւ այսօր: Արեւմտահայերէնի նահանջըԱրեւմտահայաստանի կորուստի շարունակութիւնն է,շարունակութիւնը ցեղասպանութեան, որուն մասին չենք խօսիր«ճանաչում»ներու յանձնառութիւն չպահանջող արշաւի կրկնուողընթացիկին մէջ, որ մխիթարութեան համար հոլովուող աղմուկ է: Իսկ արեւմտահայերէնի նահանջ մեր մեղսակցութեամբ տեղի կ’ունենայ, ծափահարող պատեհապաշտներ ալ կը գտնուին:

Հայ կեանքի գործնապաշտական «ընթացիկ»ը, ինչպէս «ցեղասպանութեան ճանաչման» տեւաբար վերսկսող արշաւը, այնքան հզօր է, որ կը մոռցնէ նոյնիսկ բնագրաւուած Հայաստանը, կը մոռցնէ նաեւ հայրենահանուածներու առաջին սերունդներու յանձնառու վերադարձի երազանքը, որուն բնական շարունակութիւնը պէտք է ըլլար հայրենադարձութիւնը, որ սփիւռքներու ազգային-քաղաքական միտքի առանցքը պէտք է ըլլար եւ չէ, փոխան երգահանդէսներու, պարախումբերու, օտարագիր գրականութեան եւ օտարաբարբառ լրատուամիջոցներու: Այս վերջինները մեր յաջորդական եւ հեղեղի վերածուած նահանջներուն պատկերազարդ պատմութիւնն են: Եւ չխրտչեցնելու համբակի քաղաքականութեան հետեւելով, այս նահանջներու եւ հրաժարումներու մասին չի խօսուիր:

Օտարախօսները ստորագնահատելու կամ հայախօսները գերագնահատելու միտում չունիմ: Սփիւռքները դեռ ժամանակ մըն ալ «ազգային միութիւն» պիտի փորձեն ապրիլ, անորոշ սահմաններով այլալեզու հաւաքականութիւնները ազգային համախմբում համարելու փափաքով: Փափաք՝ քանի որ «միութիւն»ը թաւալող ժամանակին հետ նուազ մէկութիւն պիտի ըլլայ: Այլալեզու ըլլալու հոգեւոր հեռաւորութիւնը կը գումարուի աշխարհագրական եւ բարքերու հեռաւորութիւններուն վրայ, անցնող ժամանակն ալ յիշողութիւններուն կու տայ նոր լիցք, հետզհետէ աւելի աղօտ դարձնելով հինը, դեռ ժամանակ մըն ալ «զգացումով հայ» ըլլալու դատարկաբանութեամբ տեւող ինքնախաբէութիւն, անցնելով լատինատառ հայերէնի կորստական ճանապարհով:

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը կանցնի այդ լեզունխօսելու, կարդալու եւ գրելու անշրջանցելի ճանապարհով: Եթէ նախաձեռնութիւնները չմեկնին այս պարզ հաստատումէն, ինչ որ կ’ընենք, կամ կը կարծենք ընել, «ընտրանի»ի մը փակ շրջանակին մէջ եղած աղմուկ-իրարանցում է: Կայ «ընտրանի» մըն ալ, որ իր ինքնահաստատումը կը գտնէ օտարախօսութեան եւ օտարագրութեան մէջ, որ իր պարզագոյն ձեւին մէջ մեր շրջապատը տպաւորելու կը ծառայէ:

Այսօ՛ր հիմնական օրակարգ պէտք է ըլլայ հայախօսութիւնը եւ հայագրութիւնը, որպէսզի «ծագումով հայ»երու անինքնութիւն ամբոխ, կամ բախտաւոր պարագային, սոսկ այլազան լեզուներով ծէս ունեցող «կրօնական համայնք» չդառնանք: Մեր պատշաճելու անհրաժեշտութիւնը մեզի մոռցնել պէտք չէ տայ դեռ շատ քիչ ժամանակ հոլովուած գոյապայքարը:

Հայախօսութիւնը եւ հայագրութիւնը կը կազմակերպուի, ծրագրումով, նիւթական եւ մարդկային նպատակային ներդրումով, որ կ’առաջնորդուի ազգային իրաւ գաղափարախօսութեամբ, որ չըլլայ ամբոխավարութիւն եւ գիտոսիկութիւն (սոփեստութիւն): Եթէ կարելի է քանի մը լեզուներ սորվիլ, կարելի է նաեւ հայերէն սորվիլ: Այս գաղափարական գիտակցութիւնը հարկ է ներշնչել իւրաքանչիւր ընտանիքի, հայածնունդի, ղեկավարումի խնդիր է, որ անմիջականի, մարդորսութեան եւ դիրքապաշտութեան տուրք չի տար:

Այս հիմնահարցին այսօ՛ր լուծում պէտք է գտնել: Վաղը մենք մեզ պիտի գտնենք արեւմտահայերէնի կորուստին առջեւ, նաեւ՝ ազգի աւելի քան կէսի այլասերման, քանի որ «ծագումով հայեր»ը օր մըն ալ պիտի մոռնան այդ կրծքանշանի նմանող «ծագումը»:

Կիսամիջոցները եւ զգացականութիւնները հովահարող ծէսերը ազգի ապագայ չեն կերտեր:

 Յ. Պալեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031