Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրիոյ Քրիստոնեաներ՝ Վաւերականութիւն, Մասնակցութիւն եւ Առաքելութիւն» խորագրով համագումար

Մայիս 07,2025 23:55

KANTSASAR. Հովանաւորութեամբ Հալէպի կաթողիկէ առաջնորդներուն,  Հալէպի ազգային կազմաւորման կաթողիկէ  եպիսկոպոսական յանձնախումբը Հինգշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ՝ 1,2 եւ 3  Մայիսին կազմակերպեց  հայրենիքի վերածաղկումին նուիրուած համագումար մը «Սուրիոյ Քրիստոնեաներ՝  Վաւերականութիւն, Մասնակցութիւն եւ Առաքելութիւն» խորագրով, որ տեղի ունեցաւ կաթողիկէ Համայնքի քրիստոնէական դաստիարակութեան միութեան սրահէն ներս, Ազիզիէ, Հալէպ։

Եռօրեայ  համագումարը կ՛ընդգրկէր դասախօսական նիստեր, զրոյցներ եւ գեղարուեստական յայտագիր, լուսարձակի տակ կ՛առնէր Սուրիոյ քրիստոնեաներու պատմական, արմատական ներկայութիւնը, երկրի զարգացման տարբեր փուլերուն անոնց ունեցած դերը եւ ներկայ փուլին անոնց ակնկալութիւններն ու դրական  մասնակցութիւնը Սուրիոյ վերածաղկումի աշխատանքներուն։

Համագումարը կարեւոր կը համարէր սուրիական ընկերութեան տարբեր բաղադրիչներու մասնակցութիւնը երկրի վերակերտման այս փուլին, սուրիական ընկերութեան միասնութիւնը էական մարտահրաւէր համարելով։

Վերջին օրը անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրիոյ սահմանադրութեան մէջ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանուածութեան, ժողովրդավարութեան, կրօններու եւ մշակոյթներու ազատութեան պահպանման կարեւորութեան։

Համագումարին ներկայ էին քրիստոնեայ համայնքապետներ, Հալէպի նահանգապետարանի ներկայացուցիչներ, բարեսիրական եւ երիտասարդական միութիւններ, ինչպէս նաեւ հալէպահայ միութիւններու, յարանուանութիւններու եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․ վարչութեան ներկայացուցիչներն ու  Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ․ Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեանը։

Համագումարի վերջին օրուան նիստերուն ներկայ գտնուեցաւ եւ խօսք առաւ նաեւ Հալէպի նահանգապետ Ազզամ Ղարիպը։ Ան ըսաւ, որ քրիստոնեաները անբաժան մասնիկն են սուրիական ընկերութեան ու պիտի շարունակեն սիրոյ եւ խաղաղասիրութեան իրենց առաքելութեամբ նպաստել հայրենիքի վերածաղկումին։ Համագումարի աւարտին ընթերցուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը։

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր    
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031