Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թոլսթոյէն մինչեւ Խաչ՝ Յարութեան Պարգեւած Խաղաղութիւնը. Հրայր Ճէպէճեան

Մարտ 31,2026 16:40 Share

«Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ»։ Սաղմոս 46:9
«Եւ անով ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ՝ խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ երկնքի մէջ եղողները»։ Կողոսացիս 1:20

Լէօ Թոլսթոյի նշանաւոր վէպը՝ «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն»-ը, կը պատմէ Նափոլէոն Պոնափարթի մղած պատերազմներուն եւ Ռուսաստան անոր կատարած մեծ ներխուժումին մասին։ Վէպին մէջ, եթէ մէկ կողմէ նկարագրուած են պատերազմական վիճակներ, նոյնքան ալ կը ներկայացուին ազնուական ընտանիքներու ճակատագիրները, երբ անոնք իրենց ընկերային կեանքի բարձր մակարդակներէն կ’իյնան մինչեւ պատերազմի դաշտի արհաւիրքներուն մէջ։

Վէպը իր էութեամբ փիլիսոփայական խորք ունեցող պատմութիւն մըն է, որ գեղարուեստական ոճով կը ներկայացնէ մեծ մարդոց սնապարծութիւնը. մարդիկ, որոնք կ’ապրին ներաշխարհային վերիվայրումներ՝ հասնելով մինչեւ հոգեւոր գիտակցութեան եւ կերպարանափոխութեան։ Թոլսթոյ շատ ճարտար կերպով դուրս կը հանէ մարդկային կեանքի փորձառութիւնները՝ ցոյց տալու համար, թէ կեանքի իրական իմաստը ոչ թէ քաղաքական իշխանութեան կամ ռազմական փառքի մէջ է, այլ սովորական կեանքի պարզ ու խճճուած գեղեցիկ յարաբերութիւններու եւ հոգիի առեղծուածային ներաշխարհին մէջ։

Այս իմաստով, Լէօ Թոլսթոյ կը գրէ ոչ միայն պատերազմի արհաւիրքին մասին, այլ նաեւ մարդու հինցած «ես»-ը վերանորոգելու եւ վերստին ծնունդ առնելու գիտակցութեան շուրջ։ Ան իր գեղեցիկ պատկերներուն միջոցով կը փորձէ ներկայացնել կեանքի փոխուող իրավիճակները՝ պատերազմէն դէպի խաղաղութիւն, ինչ որ իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ իշխան Անտրէյ պատերազմի դաշտին վրայ, վիրաւոր վիճակի մէջ կ’ըսէ. «Այո՛, ամէն ինչ ունայնութիւն է, ամէն ինչ խաբէութիւն է, բացի այդ անհուն երկինքէն»։

Անհուն երկինքը, անշուշտ, հին մարդուն տեղափոխումն է դէպի յաւերժականը՝ հոգեւոր ճշմարտութիւնը, որ ուղղահայեաց կերպով կը բարձրանայ դէպի երկինք, դէպի Քրիստոս։

Մարդկային կեանքի պատմութեան ամբողջ առանցքին պատերազմները չեն դադրած ու տակաւին կը շարունակուին մինչեւ այսօր։ Մեղքը կը գործէ, եւ այն ալ՝ շատ ուժեղ։ Այսօր աշխարհ դարձեալ մեղքի, այսինքն՝ պատերազմի արհաւիրքին մէջ է. մահ, կոտորած, քանդում, տեղահանութիւն ու տակաւին վախ եւ սարսափ։

Աշխարհն այսօր վիրաւոր է։ Ան կարիքն ունի վերյիշելու իշխան Անտրէյի խօսքը՝ նոյնիսկ իր վիրաւոր վիճակին մէջ. «Այո՛, ամէն ինչ ունայնութիւն է, ամէն ինչ խաբէութիւն է, բացի այդ անհուն երկինքէն»։ Մեղքը սին է, փուճ ու ունայն. մեղքը կը քանդէ, բայց հոգեւոր ճշմարտութիւնը կը կառուցէ։
Անհրաժեշտ է մեր հայեացքները ուղղել դէպի երկինք, հոն՝ ուր խաղաղութեան ակունքն է։ Այս խաղաղութիւնը կերտուեցաւ բացարձակ զոհողութեամբ։ Աստուած մարդացաւ յանձին Քրիստոսի, որ աշխարհ եկաւ ու խաչուեցաւ, մահացաւ, բայց յարութիւն առաւ, որպէսզի խաղաղութիւն շնորհէ։

Քրիստոս այս խաղաղութիւնը կերտեց ու շնորհեց երկու մակարդակներով.
Առաջին՝ երբ Քրիստոս ցոյց տուաւ իր ուժը ոչ թէ քանդելով, այլ այդ քանդող մեղքը՝ պատերազմները դադրեցնելով, եւ այն ալ ամէնուրեք՝ մինչեւ «երկրի ծայրը»։ Սաղմոսին մէջ ներկայացուած պատկերը, թէ «աղեղը կը կոտրտէ» ու «նիզակը կը ջարդէ», ցոյց կու տայ Աստուծոյ բացարձակ ուժը։ Ներկայ աշխարհն ու անոր պատերազմները ի յայտ կը բերեն, թէ մարդը որքա՛ն ընդլայնած է իր ռազմական սպառազինութիւնը եւ որքա՛ն կ’ուզէ յենիլ մարդկային այս ուժին վրայ։ Բայց Սաղմոսի համարները կու գան հաստատելու, որ մարդկային ուժէն շատ աւելի հզօր զօրութիւն մը կայ, որ կրնայ աշխարհի ներկայ մեղքը՝ պատերազմական մագլցումները հակադարձել եւ ամբողջական խաղաղութիւն ապահովել։ Քրիստոսի ուժը շատ աւելի հզօր է, քան մարդուն կուտակած ուժը։

Հարցումը սա է՝ մարդը պատրա՞ստ է ընդունելու Քրիստոսի ուժը։
Երկրորդ՝ Քրիստոս այս ուժը չգործածեց միայն մարդկային ռազմական կարողականութեան հակադարձելու համար, այսինքն՝ ուժին դէմ ուժ գործածելով։ Ան Իր ուժը գործածեց մարդուն ներաշխարհը փոխելու եւ խաղաղութիւն շնորհելու համար։ Ուժին դէմ՝ խաղաղութիւն։ Քրիստոս Իր ամբողջական ուժը դրաւ խաչին վրայ՝ անարգուելով, չարչարուելով ու մահանալով, այսինքն՝ «արիւն թափելով», որպէսզի խաղաղութիւն բերէ։
Ներկայ աշխարհին մէջ, որ լեցուն է պատերազմներով, քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային մարտահրաւէրներով, Քրիստոսի շնորհած խաղաղութիւնը տիեզերքին կը պարգեւէ արմատական հաշտութիւն, որ վեր է ամէն տեսակ հաշուարկէ։ Աստուած Քրիստոսի միջոցով ուզեց «ամէնքը» հաշտեցնել Իր հետ։ Ան մարդը հաշտեցուց Իր հետ, որպէսզի ապա նոյն այդ մարդը կարենայ հաշտուիլ միւս մարդուն հետ։

Այս իմաստով, Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքը՝ իր հոգեւոր ինքնութեամբ, միայն մարդուն ներքին կեանքին համար չէ կամ իր անձնական պատեանին մէջ քաշուած իրականութիւն մը չէ, այլ համամարդկային ու համաշխարհային յարաբերութիւններու մէջ արդարութեան վերստեղծում է։ Եթէ մարդը կը հաշտուի Աստուծոյ հետ, ան այլեւս չի կրնար մնալ իր «ես»-ի պատեանին մէջ։ Քրիստոսի խաղաղութիւնը կամուրջ է, որ «ես»-ը կը կապէ «մենք»-ին, կը վերացնէ բախումները եւ կը ստեղծէ խաղաղութիւն մարդկային կեանքերուն համար։

Այս խաղաղութիւնն է, որ իր ուղղահայեաց յարաբերութեան միջոցով կը կամրջէ երկիրը երկնքին։ Մարդը խաղաղութիւնը կը ստանայ Աստուծմէ (ուղղահայեաց կապ) եւ կը բաժնէ զայն հորիզոնական տարածումով՝ մարդկային կեանքերու հետ։ Ուղղահայեաց եւ հորիզոնական այս յարաբերութիւնները կը խաչաձեւուին իրար հետ՝ ստեղծելով խաչի պատկերը, որուն կիզակէտը Քրիստոս է։

Իշխան Անտրէն՝ Թոլսթոյի վէպի հերոսներէն մէկը, պատերազմի ընթացքին իր վիրաւոր վիճակին մէջ կրցաւ տեսնել, թէ իրական խաղաղութիւնը, որ մարդը կրնայ ունենալ, այս ուղղահայեաց կապին մէջ է։ Հոն է, որ մարդը կը միանայ Աստուծոյ եւ որմէ ետք միայն կրնայ իսկական խաղաղութիւն ապրիլ հորիզոնական կապով՝ մարդկութեան հետ։

Այս այն խաղաղութիւնն է, որ մարդուն շնորհուեցաւ Քրիստոսի խաչելութեամբ ու Իր յարութեամբ։ Քրիստոսի յարութիւնը այն ուժն է, որ քանդեց մեղքը եւ կառուցեց Նոր Կեանքը՝ շնորհելով խաղաղութիւն։ Աշխարհ այսօր կարիք ունի դառնալու դէպի այս խաղաղութիւնը, որ կերտուեցաւ Քրիստոսի յարութեամբ. յարութիւն, որ պատերազմը կը վերածէ խաղաղութեան։

Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն։ Անպայմանօրէն՝ խաղաղութիւն։ Քրիստոսի յարութեամբ շնորհուած խաղաղութիւնը։

Այս գիտակցութեամբ՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։
Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի։
Յարութիւնը, որ մարդուն եւ աշխարհին կու տայ ճշմարիտ խաղաղութիւնը։

Հրայր Ճէպէճեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ    
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031