Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«ԳՐԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒՆ ԿԸ ՄԻԱՒՈՐԷ ՄԵԶ»

Սեպտեմբեր 30,2010 00:00

\"\"Նամակ՝ ուղղված Ազգային ժողովում տեղի ունեցած լսումներին

Ժողովրդական կամ խօսակցական լեզուն, թէեւ աւելի հարազատ՝ կը բաժնէ եւ կը հեռացնէ ընդհանուր լեզուն խօսող տարբեր հատուածները, կը կիսէ հայութեան թուաքանակը, որովհետեւ աւելի եւս կը հեռանայ պարսկահայու, պոլսահայու, նախկին հայաստանահայ-լոսանճելըսահայու ընդհանուր հայերէններէն:
Գրական լեզուն կը միաւորէ մեզ թէ՜ երկրէ դուրս ապրողներուն (արեւելահայ թէ արեւմտահայ) եւ թէ՜ մեր ժամանակէն առաջ ապրած մարդոց՝ անցեալին. աւելի հասկնալի ու մերձաւոր կը դարձնէ Մաշտոցը, Նարեկացին, Շնորհալին, Րաֆֆին, Չարենցը, Վարուժանը: Այսօր Մանուկ Աբեղեանի, Աւետիս Ահարոնեանի, Յակոբ Մանանդեանի եւ Լէոյի արեւելահայերէնը ԱՐԵՒՄՏԱհայերէնին աւելի մօտ ու հարազատ կը թուի, քան համացանցի վրայ կամ Երեւանի փողոցներուն ու հեռատեսիլի մէջ խօսուող արեւելահայերէնին: Բարբառային ձեւերը գեղեցիկ են ու պէտք է պահպանուին որեւէ պարագայի, բայց գեղարուեստական, գիտական ու հիմնօրինակային (ստանդարդ) լեզուի առկայութիւնն է, որ միաւորիչ հանգամանք ունի:
Օտարալեզու դպրոցները, հայերէն առարկաներով հանդերձ, պատճառ կը դառնան, որ ազգի մէկ մասը՝ հաւանաբար ղեկավար մասը հայերէնը ապագային սահմանափակէ խոհանոցային եւ ոչ-վերացական, ոչ-գիտական, ոչ-մասնագիտական ոլորտներու, ու հետեւաբար բարբառային-խօսակցական լեզուի մակարդակի վրայ առկայ խզումը նուիրագործուի նաեւ մնացեալ բոլոր մակարդակներու վրայ, այսինքն ապագայ գրական-լրագրային-գեղարուեստական հայերէններու միջեւ տարբերութիւնը վերաճի սպաներէնի, իտալերէնի եւ փորթուկալերէնի միջեւ եղած տարբերութեան:
Միայն արենակցութեան վրայ հիմնուած ազգութեան հասկացողութիւնը կը մօտենայ ցեղապաշտութեան, եւ խախուտ հիմքեր ունի: Ինչո՞ւ հարազատ զգալ միւս հային. իր արեա՞ն համար: Քննենք DNA-ն եւ պիտի տեսնենք, թէ թուրքերէն կամ «թուրք»երէն շատերը մեր արիւնը ունին, իսկ մեր արիւնը շատ հեռու է «զուտ», «մաքուր», միաձեւ զանգուած մը ըլլալէ, այլ խմբաւորումն է բազմաթիւ ու այլազան ճիւղերու, ինչպէս որեւէ պատմագէտ կամ հնագէտ պիտի վկայէր: Ազգութիւնը մշակոյթ է, ու մշակոյթի հիմնական արտայայտիչն ու խտացուցիչը լեզուն է: Ի՞նչն է որ կը սիրեմ միւս հայէն: Ոչ թէ արիւնը, այլ համամշակութայնութիւնը, համալեզուութիւնը, հասարակաց գեղեցիկը փոխանցելու եւ փոխադարձաբար ընկալելու կարելիութիւնը: Գեղեցիկը, որքան ալ ակնարկէ ապագային, հիմնուած է անցեալ ապրումներու եւ փորձառութիւններու վրայ: Այդ գեղեցիկը իրարու հետ բաժնելն է, որ մեզ կ’ընէ ազգ:
Ի՞նչն է, որ կը պահէ այս մշակոյթը, այսինքն՝ ազգութիւնը: Մասնատուած լեզո՞ւն: Կը խօսինք Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարին մասին, բայց ընդհանրապէս ի մտի չունինք թէ այդ հանճարը չէր կայանար թուղթի վրայ նոր նշանագրեր խծբծելու կասկածելի կարողութեան վրայ: Դ-Ե դարերուն ոչ հեռուստատեսութիւն կար, ոչ ալ հեռախօս կամ այլ հաղորդամիջոցներ, իսկ Հայաստանը անհամեմատ աւելի տարածուն էր, եւ ուրեմն լեզուականօրէն կամ բարբառայնօրէն շատ աւելի կոտորակուած՝ գերազանցապէս աւելի քան այսօր: Մաշտոցի հանճարը կայացաւ հայերէն այդ բոլոր բարբառներու եւ հնչիւնաբանական վստահօրէն բազմազան տարբերակներու համար միաւորիչ մէկ ու միակ այբուբեն, ու ոչ միայն այբուբեն, այլ եւ գրական հասարակաց լեզու կազմելու մէջ: Հին Հայաստանի նորաբաժան երկու հատուածները կամրջող գրաւական կազմեց: Նոյնն է այսօր: Գրական հայերէնը պէտք է խթանուի, խրախուսուի եւ քաջալերուի, որպէսզի մեր շարունակուող սփիւռքացումը չվերածուի որբացման: Ինքնախաբութիւն է կարծելը, թէ համաշխարհայնացման այս գործընթացի մէջ Հայաստանէն արտագաղթը պիտի դադրի: Ապագայ աշխարհը սփիւռքներու ցանց մը պիտի ըլլայ, իսկ Հայաստան իր գրեթէ միակ միաւորիչ ազդակը կրնայ այս ձեւով տկարացնել, անշուշտ միայն ի վտանգ իրեն եւ հին թէ նոր սփիւռքահայութեան:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել