Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արդեօք Մոսկուա պիտի՞ հրաժարի Ասատէն

Ապրիլ 29,2015 11:31

Սուրիոյ տագնապին պատերազմական վերջին զարգացումները կրնան ճանապարհ հարթել քաղաքական նոր հանգրուանի մը: Վերջին հանգրուանին սուրիական տագնապին համար Մոսկուայի մէջ կայացած ժողովը դրական արդիւնքներու չհանգեցաւ: Ռուսիոյ կողմէ գործադրուող ճիգերը ապարդիւն պիտի անցնէին, որովհետեւ գետնի վրայ ազդեցութիւն ունեցող Սուրիոյ ընդդիմութեան չափաւորական թեւերը չմասնակցեցան այդ ժողովին: Մոկուա լաւ գիտէ, որ իր հրաւէրով համաժողովի մասնակցող «ներքին ընդդիմութիւն» կոչուած մարմինները ձեւական բնոյթ ունեցող ընդդիմութեան մասնիկն են: Բայց Մոսկուա կը փորձէ քաղաքական լուծման համար որոշ մթնոլորտ մը պատրաստել: Գետնի վրայ Ասատի ուժերը անցնող օրերուն  հերթաբար ծանր հարուածներ ստացան:  Այդ առումով կարեւոր էր Իտլիպ շրջանի ընդդիմութեան ձեռք անցնիլը, որուն մասին   նոյն Ասատի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ այդ նահանգէն  բանակային ուժերուն քաշուիլը սոսկ ռազմավարական քայլ մըն էր: Բայց խորքին մէջ այդպէս չէ: Հեռացումէն ետք եւս վարչակարգը շարունակեց ու կը շարունակէ ամէնօրեայ դրութեամբ ծանր ռմբակոծումներու ենթարկել այդ շրջանները: Ընդդիմութիւնը  գլխաւորութեամբ «Ալ Նըսրա» ճակատին (Ժապհաթ Ալ Նըսրա) կը շարուանկէ իր   յառաջխաղացքը: Անոր զինեալները գրաւելէ ետք «Ժըսր Ալ Շուղուր» շրջանը նաեւ իրենց տիրապետութեան տակ առին  Իտլիպէն քիչ հեռու գտնուող «Ալ Քըրմիտ» անունը կրող վարչակարգի զօրանոցը: Անոնք նաեւ յաջողեցան Ասատեան բանակի տասնեակ հրասայլեր վերցնել:  Արաբական մամուլը կարեւորութեամբ կը նշէ նաեւ, որ  Ասատեան վարչակարգը  իր իշխանաբուրգի կարեւորագոյն կէտերուն մէջ նոյնպէս լուրջ տագնապներ եւ փլուզումներ կ’ապրի: Այս խօսքին վերջին (բայց երեւի ոչ վերջնագոյն) ապացոյցը  վարչակարգի «քաղաքական անվտանգութիւն» կոչուած մարմնի ղեկավար Զօր. Րըսթոմ Ղազալէիի իր պաշտօնէն հեռացումն ու ապա մութ պայմաններու մէջ  մահն էր: Ղազալէ, որ երկար տարիներ Սուրիոյ իշխանութեան Լիբանանի մօտ որոշում կայացնող գլխաւոր «կուսակալ»ն էր լուրջ խնդիրներ ունեցած է իշխանութիւններուն հետ:  Կը խօսուի նաեւ, որ ան նախքան իր մահանալը թունաւորուած էր: Չպէտք է մոռնալ, որ     անվտանգութեան մարմիններու այլ  կարեւոր անձնաւորութիւն մը ՝  Զօր. Ղազի Քընաան եւս    «անձնասապանութեան վարկած»ով հեռացուած է քաղաքական խաղադաշտէն: Իսկ իշխանութեան  կարեւոր «սէմպոլ» համարուող  նախկին փոխ նախագահ Ֆարուք Ալ Շարէհ եւս լոյսերէ հեռու կը պահուի: Անոր մասին տեղեկութիւններ ընդհանրապէս չկան չնայած անոր, որ  Ֆարուք Շարըհի անունը որպէս Ասատը փոխարինող եւ երկիրը տագնապէն դուրս հանող հաւանական գործիչ տարբեր առիթներով շրջանառութեան մէջ դրուած է:

syria Hot @

Ինչն է, որ կը պահէ Ասատը իշխանութեան վրայ: Եւ իրօք ինչն է այն ուժը, որուն վրայ հիմնուելով Սուրիոյ   վարչակարգի ղեկավարը կը շարունակէ մնալ իշխանութեան վրայ:  Անցեալ հանգրուաններուն,  շատ կը խօսուէր Իրանի սուրիական խնդրին մէջ կարեւոր ազդեցութեան մասին բայց այսօր իրավիճակը տարբեր է:Եթէ գետնի վրայ Թեհրանէն, Իրաքի տարբեր շրջաններէն եւ Պէյրութէն  Դամասկոս ու Հալէպ հասած զինեալները կը փորձեն ամէն գնով պահպանել այս իշխանութիւնը ապա բացորոշ է, որ սուրիական տագնապի լուծման թիւ մէկ բանալին կը գտնուի Մոսկուայի եւ անմիջապէս Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութինի մօտ: Այս շրջանագիծին մէջ կարեւոր փոփոխութիւն մը   յառաջ բերելու նպատակով Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի  յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի այցելէ Մոսկուա եւ տեսակցի Ռուսիոյ նախագահին հետ: Սաատ Հարիրի Րիատի թիւ մէկ բանագնացն է ու ան Մոսկուա պիտի չայցելէ  միայն Լիբանանի ապահովութեան մասին խօսելու այլ անոր   ունեցած հիմնական օրակարգը Սուրիոյ տագնապն է: Սուրիոյ տագնապը երեսի վրայ ձգած ԱՄՆ նախագահի իշխանախումբը եւս գիտէ, որ Դամասկոսի  իրավիճակը կրնայ կտրուկ (դրական իմաստով) փոփոխութիւն կրել եթէ Րիատ եւ Մոսկուա համաձայնութեան մը յանգին: Հարիրիի Մոսկուա այցը նաեւ կարեւոր է, որովհետեւ ան պիտի նախապատրաստէ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորին  հաւանական այցը դէպի Մոսկուա: Այս բոլորէն անդին կարեւոր է, որ Մոսկուա վստահի Րիատին ու նաեւ հասկնայ, որ արաբական աշխարհին մէջ ստեղծուած քաոսին նախնական վերջ մը տալու համար  պէտք է անպայման Սիւննի մեծամասնութեան հետ  համագործակցիլ: Մոսկուա  այս առումով յարգելի պատճառներ ունի, որովհետեւ անցնող տարիներու  արեւմուտքի կատարած բոլոր նախաձեռնութիւնները ինչպէս օրինակ Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ եղան առանց իր «օրհնութեան» կամ համաձայնութեան: Այսօր երեւելի է նաեւ, որ հակառակ տնտեսական պատիժներուն Փութինի  Ռուսիան նոր ներուժով պիտի մասնակցի շրջանին մէջ   հասունցող լուծումներու կերտման:

Վերադառնալով սուրիական տագնապին նկատելի է նաեւ, որ ՄԱԿ-ը եւս որոշ   աշխուժութիւն ցոյց կուտայ  «Ժընեւ-3 » մը կայացնելու համար: ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ կայացած  նախկին երկու ժողովները երեւելի արդիւնքներու չհասան: Այ առումով Սթէֆան Տէ Միսթուրա  հրաւէր ուղղած է Դամասկոսին մասնակցելու Ժընեւի ժողովին, ուր նաեւ  գետնի վրայ ազդեցութիւն ունեցող ուժերը ներկայ պիտի ըլլան: Այս բոլորը սակայն ձեւական կրնան ըլլալ այնքան ատեն, որ  Րիատ եւ Մոսկուա վճռական ծրագիր մը չունին տագնապին լուծման համար: Այս առումով նաեւ կը հաղորդուի, որ Տէ Միսթուրա կարեւոր ճիգեր գործադրելով Հալէպի մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ նախնական մէկ տարուան կրակմարի վերաբերեալ  պայմանաւորուածութիւն ձեռք ձգած է: Սակայն Տէ Միսթուրայի ծրագիրը խախուտ է տրուած ըլլալով, որ անուանի դիւանագէտը Հալէպի համար նման ծրագիր մը մէջտեղ նետած էր ու չէր կրցած կրակը դադրեցնել: Սուրիոյ տագնապին  համար վճռորոշ դեր կատարողը պատերազմական զարգացումներն են ու եթէ  Դամասկոս նախնական համաձայնութիւն տուած է մասնակցիլ յառաջիկայ Մայիսին նախատեսուած «Ժընեւ-3»ի այս կը նշանակէ, որ վարչակարգը ընդդիմութեան արձանագրած առաւելութիւններուն կտրուկ եւ արագ պատասխան մը տալու ի վիճակի չէ: Այս բոլորէն անդին  մեզի հայերուս համար մտահոգիչ ու կիզակէտ կը մնայ Հալէպի իրավիճակը: Հոն տիրող իրավիճակը բաւական բարդ է ու կը թուի անդարմանելի ըլլալ:  Քաղաքը դժոխային վիճակ մը ունի: Ջուրի, ամէնօրեայ հացի, ելեքդրականութեան տագնապները Հալէպը վերածած են  կեանքի նախնական պայմաններ չունեցող կայանի մը: Ու բացի ասկէ  Հալէպի ազգային իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց «գաղութը ամէն գնով» պահելու իրենց սառն քաղաքականութիւնը: Անոնք առիթ չեն փախցներ ըսելու, որ ամէն գնով պիտի պահեն  աւերակուած Հալէպը: Ուշադրութիւնս կը գրաւէր Հալէպահայ կնոջ մը վկայութիւնը վերջին օրերու զարգացումներուն մասին: Հրանոյշ Առաքելեան, որ հեռախօսային կապ հաստատած էր «Ազատութիւն» ռատիօկայանի լրագրող Նայիրա Պուլղատարեանին հետ ընդհանուր իրավիճակը  ներկայացնէ ետք, բառացիօրէն կ’ըսէր, որ արդէն անզօր է դիմադրութեան: Անոր տունը քանդուած է, ու ան  ներկայիս կ’ապրի իր հարեւանին տունը: Հրանոյշ Առաքելեան, որ ՀՀ քաղաքացի է նիւթական կարողութիւն չունի Հայաստան  ապաստանելու համար եւ  օժանդակութիւն կը խնդրէ հայրենի կառավարութիւնէն: «Ազատութիւն» ռատիօկայանի լրագրողը նաեւ նկատել կու տար, որ Հայաստան որեւէ քայլ առնելու վիճակին մէջ չէ այնքան ատեն, որ Հալէպի ներկայ ղեկավարութիւնը բացայայտ կերպով  քաղաքը պարպելու կոչով հանդէս չի գար: Այստեղ կարեւոր է նաեւ Անթիլիասի դերը: Ու այս առումով որեւէ ուշացում կրնայ շատ ծանր նստիլ մեզի:

Վերադառնալով Սուրիական տագնապի հաւանական  զարգացումներուն ,ինչպէս վերեւը նշեցի շատ կարեւոր ու անկիւնադարձային կրնան ըլլալ Մոսկուայի մէջ կատարուած խմորումները: Այն իմաստով, որ եթէ ընդդիմութիւնը յաջողի նոյն թափով շարունակել իր յառաջընթացը ապա Մոսկուա  կրնայ հաւանական համաձայնութիւն գոյացնել Րիատի հետ եւ ընդդիմութեան  թիւ մէկ պահանջին անսալով հրաժարիլ Ասատին ցուցաբերուած իր նեցուկէն պայմանով, որ Պաշշար Ասատ իր ընտանիքին հետ  ապահով կերպով դուրս բերուի Դամասկոսի «Քասր Ալ Մուհաժիրին»էն: Սակայն եթէ պատերազմական գործողութիւնները   տեղաշարժ մը չկարողանան  իրականցնել աւելին, եթէ վարչակարգը յաջողի  հակահարուած մը տալ այդ պարագային բոլոր խաղաքարտերը կը վերադառնան իրենց տէրերուն ու նախկին արիւնահոսութիւնը «օրինաչափ» կերպով կը շարունակուի:

Սուրիոյ տագնապին   ամբողջ  ժամանակագրութեան մէջ կարեւոր հանգրուանի մը առջեւ ենք: Տրուած ըլլալով նաեւ  շրջանին մէջ Սիւննիներուն կարեւոր դերին վերադարձը, որ  երեւաց Եէմէնի Շիիթ- հաուսիներուն դէմ  տրուած հարուածով: Եէմէնի  մէջ կատարուած գործողութիւնը կրնայ անսպասելիօրէն  ուղղութիւն ստանալ դէպի Դամասկոս ու Հալէպ, որովհետեւ արեւմուտքը համամիտ է Արաբական նոր գոյացած դաշինքի հզօրացման: Գետինը պատրաստ է նաեւ, Իրանեան գետնի վրայ այն իմաստով, որ կորիզային ծրագրի հաւանական համաձայնութեան  պարագային շատ հաւանական է, որ ԱՄՆ ստիպէ Րուհանիի (ոչ Խամէնէյիի) Իրանին, որ հեռու մնայ Ասատը պաշտպանելու իր նախկին բաւական վճռրորոշ դերէն: Իրանի համար կարեւորը հիմա Ասատի փրկութիւնը չէ այլ իր դէմ առկայ պատժամիջոցներուն վերացումը:

Ամէնէն ծանր վարկածը  Արաբական հաւանական հարուածին կայացումն է, որ հիմնապէս կրնայ աւերակի վերածել Հալէպն ու Դամասկոսը, որոնք արդէն շնչասպառ քաղաքներ են այսօր: Ու այս ֆոնին վրայ կրնայ ողբերգական դառնալ մեր հայրենակիցներուն վիճակը:

Կը մնայ հարցումը, արդեօ՞ք Մոսկուա  պիտի փոխէ իր կարծր դիրքորոշումը Սուրիական տագնապին առընթեր  եւ յանուն նոր համաձայնութեան հրաժարի Պաշշար Ասատէն:

Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Ամենաընթերցված

Օրացույց
Ապրիլ 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930