Սիւնիքի վրայով տարածաշրջանի ապաշրջափակման ուղղութեամբ ամերիկեան առաջարկները խաղաթուղթերը խառնած են հասկնալիօրէն:
Անգարան եւ Պաքուն սկզբունքով միջանցքային առաջադրանքը իրականացնելու ուղղութեամբ կ՛աշխատին: Չի բացառուիր, որ համաձայն ըլլան ամերիկեան ապապատուիրակումին կամ վարձակալումին:
Ռուսիան կը զգուշացնէ ոչ սահմանակից ուժերու տեղակայումէն: Իրանը կը մերժէ ոչ տարածաշրջանային ուժերու յայտնուիլը իր սահմանամերձ տարածքներուն վրայ: Միացեալ Նահանգները քաղաքական հրաշքի մասին կը խօսին տպաւորութիւն փոխանցելով, որ մոգական գաւազանով հարաւային կովկասեան տիրոյթը ռուսականէն ամերիկեանի կը փոխակերպուի:
Իսկ Երեւանը այս աշխարհաքաղաքական հանգոյցի լուծման համար առաջարկուածը ծանրագոյն պարզեցումի կ՛ենթարկէ` ըլլալիքը նմանցնելով օդակայանի վարչակառավարման մասնաւոր ընկերութեան յանձնելուն:
Կարդացեք նաև
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: