Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Իրան. Հաւատարիմ «հակառակորդը» դառնում է հաւատարիմ «դաշնակից»

Մայիս 05,2015 12:45

 

 

Իրանի մէջ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակէն ի վեր (1979) Միացեալ Նահանգներուն համար կարեւորագոյն թիրախ եւ «թշնամի» դարձաւ Շիիթ աշխարհի առաջատարը համարուող՝ Իրանը: Եւ հակառակ ծանր ճանապարհի մը (Իրան- Իրաք պատերազմ եւ ապա տնտեսական երկարատեւ պատժամիջոցներ) Իրան յաջողեցաւ   շրջանային ազդեցիկ տէրութիւն դառնալ:

Իրանեան մօտեցումին մէջ ամէնէն հիմնարարը գիծը մնայուն ծրագիր մը ունենալն էր, բան մը որուն կարիքն ունին շրջանի Արաբ-Սիւննի տէրութիւնները: Այսօր Իրան կը գտնուի նոր հանգրուանի մը դիմաց: Այն իմաստով, որ Իրանցիները պատրաստ են ամբողջական զիջումներու երթալու միայն թէ յառաջիկայ Յունիսին յաջողին ստորագրել ԱՄՆ-ի հետ կորիզային համաձայնագիրը եւ փակեն 36 տարիներու «թշնամութիւն»ը ոչ միայն ամերիկայի այլ նաեւ արեւմուտքի հետ:

Այս իրավիճակին դիմաց ամերիկեան իշխանախումբին դիմաց ժամանակի լուրջ հարց կայ: Նախագահ Օպամա, որ քանիցս կարեւորոած է Իրանի հետ համաձայնութեան  կայացումը, այս քայլով պիտի փորձէ իր սխալներուն վրայ  շղարշ մը նետել: Միւս կողմէ նախագահական ընտրութիւններուն պատրաստուող Հանրապետականներուն համար տանելի չէ Իրանի հետ համաձայնութեան այս ձեւաչափը:

Ամերիկացի վերլուծաբաններ,  որոնք շատ հաւանական կը նկատեն համաձայնութեան ստորագրումը նաեւ հարց կ’ուտան, թէ ինչու Օպամա այս պայմաններով պիտի ստորագրէ Իրանի «փրկութեան» վաւերաթուղթին վրայ:

Իրան- ամերիկեան յարաբերութիւններու կայունացումէն ամէնէն աւելի անհանգիստ են  Արաբական Ծոցի Սիւննի երկիրները, գլխաւորութեամբ՝ Սէուտական Արաբիոյ: Սիւննի  տէրութեանց մօտ հասկնալի անհանգստութիւն մը կայ, այն իմաստով, որ Իրան ամէն գնով «կայսրութիւն» մը ըլլալու տրամադրութիւններով կը մօտենայ հարցերուն: Իրանցի դիւնագէտներ քանիցս կը խօսին իրենց «կայսրութեան» մասին ու մեծ համարձակութեամբ կը յայտարարեն, որ Իրանի սահմանները կ’երկարին մինչեւ Լիբանանի հարաւը:

iran-usa-main@@@

 

Բնական է, որ այս բոլորը հաշտ աչքերով պիտի չընդունուին Արաբներուն  կողմէ, որոնց համար Շիիթ-Իրանցիներուն իրենց ներքին խոհանոցը մտնելու փորձերը, ոչ միայն   դատապարտելի, այլ  տանելի չեն:

Սէուտական Արաբիա օրինակ Եէմէնի մէջ կատարուած զինուորական  գործողութեամբ   նոր հարթութեան կը տանէր համասիւննիական ներկայութիւնը: Այդ պայքարին մէջ  կը ներառնուէր նաեւ Եգիպտոսի ուժեղ  զինուորականին՝  նախագահ Սիսիի ամբողջական կարողականութիւնը:

Միւս կողմէ Իրանի համար Եէմէնեան դաշտին կորուստը թէեւ անսպասելի  հարուած էր, սակայն տոր դիմաց Իրան շարունակեց նոյն ինքնավստահութեամբ հանդէա գալ: Եէմէնէն աւելի կարեւոր են Սուրիան, Լիբանանը, բայց մանաւանդ Իրաքը, որուն  կայունութեան թիւ մէկ երաշխաւորը   նոյնինքն Թեհրանն է:  Ուրեմն հիմա ինչ: Միացեալ Նահանգներ  , որ քաջ գիտէ այս բոլորը  նժարի բոլոր քարերուն կշիռները լաւ հաշուարկելու խնդիր ունի:  Կորսցնե՞լ  Արաբական Ծոցը: Նեղացնե՞լ Սէուտական Արաբիոյ նոր գահ բարձրացած  Սըլման թագաւորը:  Գրաւ դնե՞լ   արդիական  շունչ  առնելու ուժ ունեցող Թեհրանի վրայ:

Այս բոլորէն անդին  կայ Իսրայէլեան  խնդիրը, որ սակայն  կարծէք   մէկ կողմ դրուեցաւ շնորհիւ Օպամայի սառն ու խելացի վերաբերմունքին:  Սիւննի- Շիիթ  հին հակամարտութեան    ծանր  բեռը անհանգստութիւն կը պատճառեն ԱՄՆ-ու ղեկավարութեան : Ու այս իմաստով պէտք  չէ մոռնալ նաեւ  Պարաք Օպամայի Արաբական Ծոցի երկիրներուն ուղղած  այն խօսքը, ուր   Իսլամ արմատներ ունեցող    Պարաք Հիւսէյն Օպամա  վրդովելով համա-իսլամական վէճէն    Ծոցի երկիրներուն կոչ  կ’ընէր (թերեւս հանդիմանական ոճով մը), որ «պարոնայք   նախ եւ առաջ ձեր ներքին հարցերը լուծեցէ՛ք»: Օպամա կը խօսէր  ծայրայեղական Սիւննիներուն, որոնց հանգիստ վարքին առընթեր ծայրայեղ մօտեցումներով  երիտասարդները լուրջ  հարց  դարձած են  այսօր Ալ Անպարէն մինչեւ Դամասկոսի գիւղական հատուածները:

Օպամայի համար  Սուրիան առաջնահերթութիւն չէ այլեւս: Ոչ   ալ     ISIS-ի դէմ  պայքարը  առաջուան կարեւորութիւնը ունի:  Ան ամէն գնով կ’ուզէ հաւատալ Իրանի ունենալիք դերին: Կ’ուզէ դերերը շրջել եւ Թեհրանէն  կերտել նոր վստահելի  դաշնակից մը ամբողջ շրջանին համար: Այս կացուգթիւնը կրնայ բարդ հետեւանքներ ունենալ: Չմոռնանք նաեւ Թուրքիոյ դերը   այստեղ:  Չմոռնանք մանաւանդ Րիատի դերը, որուն հանդէպ  ամերիկացիները  անառարկելի ու անքննելի վստահութիւն ունին: Ցնցումներ սպասելի են: Բայց մէկ բան յստակ է, որ շրջանին  մէջ ընդհանուր վերադասաւորումներու նոր հանգրուան մը  մեր  առջեւն է:

Կարեւոր է նաեւ յառաջկայ շաբաթներուն Ծոցի երկիրներու ղեկավարներու   Քէմբ Տէյվիտ  տալիք այցելութիւնը,  ուր  ամերիկայի ղեկավարութիւնը կրնայ «ծանր ու  թեթեւ» ընելով վերջնականապաէս դուրս գալ այս աղօտ վիճակէն: Բնականաբար արաբները եւս կը պատրաստուին Իրանի հետ համաձանութեան նոր հանգրուանին: Այս առումով կարեւոր է  լաւ կարդալ Սէուատական Արաբիոյ մէջ կատարուած իշխանական փոփոխութիւնները, ուր  առանց որեւէ նախազգուշացումի կամ  մթնոլորտի հասունութեան Սըլման թագաւոր Մոհամմատ Պըն Նայէֆը  գահաժառանգ կը դարձնէր իսկ նախկին գահակաժառանգ  Մըկրէն Պըն Ապտըլ Ազիզ իշխանին  «քաղաքական դերակատուրութիւն»ը  կը համարուէր փակուած: Կը փոխուէր նաեւ արտաքին գործոց նախարարը:

Դէտեր կը յայտնեն, որ Սէուտական  Արաբիոյ  աւելի  նախաձեռնող,  քաջ  եւ  համարձակ ղեկավարութիւն մը ունի այսօր եւ  Րիատի համար Եէմէնեան թղթածրարի փակումէն  ետք յառաջիկայ  քայլը սուրիական «վճռակամութեան փոթորիկ » մը սկսիլն է:

Ամերիկեան գետնի վրայ Իրան- ԱՄՆ  հաւանական յարաբերութիւններու բնականցումը   շատ մը ամերիկացիներու սրտով չէ, որովհետեւ  այս   համաձայնութեան դիմաց Իրան    պիտի շարունակէ  իր ծաւալապաշտական մօտեցումները եւ աճեցնէ  իր  ազդեցութեան գօտիները:

Իսկ  Իրանի ԱԳ  նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆի օրեր առաջ Նիւ Եորքի   մէկ համալսարանին մէջ իր  ունեցած ելոյթին ընթացքին ամէն ճիգ կ’ընէր ամերիկացի լսարանին  համոզելու  համար, որ իրենք ծայրայեղականներ չեն,  այլ վստահելի դաշնակիցներ: «Դաշնակից ենք Իրաքի մէջ: Դաշնակից են ISIS-ի  դէմ  ընթացող  պատերազմին մէջ»    այդպէս  կը յայտարարէր Զարիֆ, որուն   քաղաքական հայացքներուն,  կուռ  կեցուածքներուն դւ լրջախոհութեան դիմաց ամերիկեան քաղաքական  վերնախաւը պահ մը կեցաւ ու մտածեց:

Քիչ չեն  նաեւ այն ամերիկացիները, որոնք կը հաւատան այս նոր  յարաբերութեան: Իրանի հետ անոնց ունեցած  երկար տարիներու «հաւատարիմ» թշնամիի  իրավիճակը այսօր կրանյ փոխուիլ:

Ամերիկայի համար կարեւորագոյն կէտ է, որ իրան  կորիզային ուժի չվերածուի:  Որովհետեւ եթէ Իրանի «կորիզային ակումբ»ին մաս կազմէ   ապա շրջանի բոլոր տէրութիւնները       պիտի սկսին մրցավազք մը, որ կրնայ բարդ  իրավիհաճնկերու տուն տալ: Անկէ անդին թէ ինչ կրնայ ընել  Իրան եւ ինչ   մէքանիզմներով  կրնայ զօրանալ  շրջանին մէջ     ատիկա երկրորդական է: Արեւմուտքին համար վերջին քսան տարիներուն կարեւոր տուեալ մըն ալ կայ եւ այդ մէկը  Շիիթ տուեալն է: Ամերիկացիք  շատ աւելի մեծ վստահութիւնն ունին Շիիթներուն  հանդէպ քան Սիւննիներուն  վրայ:  Այդ մէկը կ’երեւայ  նաեւ Ծոցիերկիրներուն մէջ: Մինչ  Սիւննիները   իրենց  համար   գործակիցներ են, անդին  Շիիթները վստահելի    «հակառակորդներ»:  Հոս  թաքնուած է ամերիկեան մօտեցումին  հիմնական բանալին: Անոնք կը յարգեն  Շիիթները: Անոնց կազմակերպուածութիւնը, տինաիզմը եւ   կրօնա- գաղափարական  մօտեցումները: Անոնք կը յարգեն Իրանեան արտաքին քաղաքականութեան  մէջ կարեւորագոյն գիծ համարուող ՝ հաւատարմութիւնը:

Եւ արդեօ՞ք  հաւատարիմ «թշնամին»  այսօր հաւատարիմ բարեկամ պիտի դառնայ:  Յառաջիկայ օրերը   այս հարցերը կրնան  փարատել սակայն մէկ բան յստակ է, որ Իրան  բաւարար ներուժ ունի շրջանին մէջ կարեւոր եւ  վստահելի դեր մը  վերցնել:

Գէթ ամերիկեան պատուհանէն դիտուած: Կայ նաեւ հին  եւ մնայուն  բարեկամութիւններու կենսագրութիւնը: Իրան երբեք չի հրաժարիր  հիւսիսի  իր դաշնակիցէն ՝ Ռուսիայէն: Սակայն  այս նոր հանգրուանին արդեօ՞ք   այդ  յարաբերութիւննը կրնայ  իր ամրութիւնը  կորսնցնել:

Շատեր  Իրան- ԱՄՆ ներկայ համաձայնութեան փաթեթը կը նմանցնեն Բրիտանիոյ վարչապետ Նէվիլ  Չէմպըրլէնի Հիթլէրի Գերմանիոյ հետ  պարտուողական դիրքերէ կայացուցած համաձայնութեան մինչ շատ կ’ուզէին, որ համաձայնութիւնը ըլլայ ԱՄՆ նախկին  արտաքին գործոց նախարար՝     Հէնրի Քիսինճըրի    ԱՄՆ – Չինաստան կերտած  համաձայնութեան    ոգիով:  Առաջին համաձայնութեան պարագային   Բրիտանիա  մեծ զիջումներ կատարած էր   իսկ երկրորդ համաձայնութեան պարագային Չինաստանի  վրայ  բաւական ծանր պայմաններ   կը դրուէին:

Մինչեւ յառաջիկայ   30 Յունիսը կրնան  այնպիսի զարգացումներ արձանագրուիլ, որոնք  տարբեր ուղղութիւններով կրնան ազդել Իրան-  ամերիկեան համաձայնութեան վրայ:

Ու գաղտնիք չէ, որ  այսօր   համաձայնութեան օրակարգը  աշխարհի համար կիզակէտ դարձած օրակարգ է :  Եւ  այդ մէկը կը մատնէ  որոշ   անշրջանցելի կարեւորութիւն մը կապուած Իրանի  ապագային ունենալիք դերին հետ:

 

 Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031