Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թորոս Սէֆիլեան. ունենալ անկախ, խաղաղ ու բարեկեցիկ պետութիւն որտեղ արդարութիւնն ու արժանապատուութիւնը ամենաբարձր աստիճանաչափի վրայ են

Դեկտեմբեր 30,2017 17:42

Սիրելի Հայ Ժողովուրդ, Ազգային ազատագրական պայքար մղող յարգելի զինակիցներ, հայրենիքի գործին աջակից յարգարժան հայրենակիցներ.

Շատ կը ցաւիմ, որ անկախութիւն հռչակելէն 26 անց տակաւին ՀՀ իշխանութիւններուն վրայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունին միջազգային կառոյցներն ու այլ պետութիւններու քաղաքականութիւնը, քան Հայաստանի քաղաքացիական հանրութիւնն ու հայ ժողովուրդը՝ ընդհանրապէս։

Անցնող 2017 թուականին եւ նախորդ տարիներուն Հայաստանի կեանքէն ներս անորոշութիւնն ու տագնապը յաճախ մեզ մատնեցին հիասթափութեան, այն աստիճան, որ նոյնիսկ Հայաստանի ապագան շատերուս համար թուեցաւ անդառնալիօրէն կորսուած: Արտերկրի մէջ ծնած ու մեծցած հայորդին շարունակեց հեռու մնալ հայրենիքէն եւ օտարուած՝ անոր իրականութենէն, չկարողանալով ի պէտս գործադրելու հայրենիքին նկատմաբ իր սէրն ու գուրգուրանքը, զորս ժառանգած էր Ցեղասպանութիւնը վերապրած իր մեծ հայրերէն ու մայրերէն:

2018 թուականին պէտք է ամբողջութեամբ դուրս գանք հիասթափութեան հոգեվիճակէն, եւ ձգտինք իրականացնել այն նպատակները, որոնց համար մեր ազգի ընտրեալները տուին նոյնիսկ իրենց կեանքը, այն է՝ ունենալ անկախ, խաղաղ ու բարեկեցիկ պետութիւն որտեղ արդարութիւնն ու արժանապատուութիւնը ամենաբարձր աստիճանաչափի վրայ են եւ ուր իւրաքանչիւր մարդ հնարաւորութիւն ունենայ ապրելու արժանապատուօրէն: Մենք պարտաւոր ենք տէր կանգնիլ արեամբ նուաճած մեր հայրենիքի անկախութեանը եւ Արցախին, գործուն քայլեր ձեռնարկել նաեւ տնտեսապէս անկախանալու համար եւ կերտել երկիր մը, որ աւելի կանխատեսելի ու յուսալի գործընկեր է միջազգային ընտանիքին համար:

Պէտք է վերջ դնել Հայաստանի մէջ ազատ մտքի ու խօսքի ճնշումներուն, քաղաքական հայեացքներու համար մարդոց հալածանքներուն՝ բանտարկութեան եւ այլ ձեւերով, երկրի հարստութեանց թալանին, քաղաքացիներու աղքատացման եւ արտագաղթին, եւ ամենակարեւորը՝ այս բոլորին նկատմամբ անտարբերութեան. Այս բոլորի վերլուծութիւնը կատարելէ ետք, պահը հասունցած է զբաղելու ոչ թէ խնդիրներու հետեւանքներով, այլ պատճառներով եւ իրական լուծումներով:

Թող բոլորը իմանան, որ եթէ կը կարծուէր, որ պայքարը աւարտած է, ուրեմն ան չէ՛ր իսկ սկսած:

Այսօր պէտք է նոր լիցք հաղորդել հայուն յոյսին եւ քաջ գիտակցիլ, որ առանց պայքարի՝ ան կը մատնուի ստրուկի վիճակին, զուրկ՝ արժանապատութեան եւ արդարութեան ոգիէն:

Մենք պարտաւոր ենք հնարաւոր բոլոր ձեւերով եւ մինչեւ վերջ պայքարիլ չարիքի ծառայող Հայաստանի իշխանական ներկայ համակարգին ու համայն հայութեան ձախողած ղեկավարութեան դէմ:

Վախի, անտարբերութեան, անգործութեան եւ մասնաւորապէս նահանջի գինը մեր հայրենիքն է: Ուշքի եկէք…:

Սիրելիներ, ժպտացէ՛ք միշտ: Բարութիւնն ու սէրը, կամքն ու ազնիւ պայքարը երբ կը զուգորդուին, յաղթանակն անխուսափելի կը դառնայ բոլոր իրավիճակներուն մէջ:

Մաղթելով ձեզ առողջութիւն, երջանկութիւն, եւ անձնական նորանոր յաջողութիւններ, տարեմուտի իմ ուղերձը կ’աւարտեմ խոստանալով, որ յաղթելու ենք:

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ:

Յարգանքով,

Թորոս Սէֆիլեան

Պէյրութ, Լիբանան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031