Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստան. Մայիս 1-էն առաջ եւ ետք. «Հայրենիք»

Մայիս 04,2018 23:40

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
1 Մայիս 2018

Վերջին մօտաւորապէս մէկ ամսուան ժամանակամիջոցին, Հայաստան բեմ դարձաւ ժողովրդային եւ քաղաքական հազուադէպ իրադարձութիւններու, որոնք ափ ի բերան ձգեցին հայկական աշխարհը. Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, մատնուեցանք հեւասպառութիւն պատճառղ զարգացումներու, որոնք ժամէ ժամ նորութիւններ բեմ հանեցին։ Մեզի հետ, դէպքերուն հետեւող աշխարհն ալ զարմանք արձանագրեց ի տես շա՜տ բաներու, ինչպէս՝ ժողովրդային պոռթկումի խաղաղ արտայայտութեանց, անկարելի կարծուող յեղափոխութեան, մասնաւորաբար երիտասարդներու մասնակցութեամբ ծաւալ ստացած շարժումի մը, որ յեղաշրջեց մեր հայրենիքին իրավիճակը՝ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, ու տակաւին կը մնայ յղի բարեշրջում խոստացող եղելութիւններով։

Նպատակ չունինք արձանագրելու ժամանակագրութիւնը այն դէպքերուն ու քայլերուն, որոնք վառեցին այս շարժումին պատռոյգը։ Կը բաւէ միայն նշել, որ ժողովրդային խաղաղ ըմբոստութիւնը բեւեռուեցաւ «Ելք» դաշինքի անդամ եւ Քաղաքային Պայմանագրութիւն կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի շուրջ, սկզբնապէս դրսեւորուեցաւ իբրեւ նախկին նախագահ, ապա, նոր դրութեամբ վարչապետ ընտրուած Սերժ Սարգսեանի դէմ ընդվզումի արտայայտութիւն։ Ալիքին բարձրացման հետ, հետզհետէ բացայայտ դարձաւ, որ ուրուագծուող տագնապը, Փաշինեան-Սարգսեան անձնական հակադրութենէ աւելի՝ Հայաստանի քաղաքական-ընկերային առկայ դրութեան դէմ շարժում մըն է։

Դէպքերու զարգացումը ստացաւ այնպիսի արագ թափ, որ ստեղծեց յարափոփոխ վիճակ, դուռը լայն բանալով տեղին ու անտեղի, արդար ու անհիմն մեկնաբանութիւններու. ստեղծուեցաւ վիճակ, երբ առաւօտուն ներկայացուած կեցուածք մը կամ մեկնաբանութիւն մը գլխիվայր շրջեցաւ քանի մը ժամ կամ օր մը ետք։ Ալիքը որոշ գագաթնակէտի մը հասաւ Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, նախ՝ Փաշինեան-Սարգսեան կարճատեւ հանդիպումով, երբ օրուան վարչապետը մերժեց ընդառաջ երթալ մրցակիցին հրաժարական տալու պահանջին, յայտարարելով, որ անոր հետ բանակցելու գետին չի տեսներ, սակայն յաջորդ օրը, ստիպուեցաւ յայտարարելու իր հրաժարականը եւ խոստովանելու՝ թէ «Փաշինեան ճիշդ էր»։ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը արդարօրէն ընկալուեցաւ իբրեւ ժողովուրդին արձանագրած առաջին մեծ յաղթանակը եւ նոր թափ տուաւ «թաւշային յեղափոխութեան»։ Մինչեւ այսօր ալ, այդ քայլին մասին կայ երկու հակոտնեայ մեկնաբանութիւն. մէկը կ՛ըսէ, թէ Սարգսեան քաղաքական անձնասպանութիւն գործեց, իսկ երկրորդը կþըսէ, թէ ան քայլ մը ետ առած է ու վերջին խօսքը չէ ըսած, հակառակ անոր, որ իրականութիւնը յստակ է։ Յաջորդ գագաթնակէտերը կազմեցին փոխ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը իբրեւ Սարգսեանի գործը շարունակող վարչապետ առաջադրանքին մերժումն ու նոր վարչապետի ընտրութեան համար 1 Մայիսին խորհրդարանի նիստ մը գումարելու որոշումը, Փաշինեան ներկայացաւ իբրեւ միակ թեկնածու։

Քանի մը օրուան մէջ, Հայաստանի քաղաքական բեմին խճանկարը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, նախատեսել տալով վերիվայրումներ՝ նաեւ կուսակցական մակարդակներու վրայ. իշխանական Հանրապետական կուսակցութիւնը մնաց առանձին, Փաշինեանի թեկնածութեան յարեցան մնացալ բոլոր ազդու՝ մեծ ու փոքր ուժերը։ 1 Մայիսի նիստին, Հանրապետական պլոքը, վստահելով ձայներու իր առաւելութեան, խափանեց Փաշինեանի վարչապետ ընտրութիւնը, իսկ միակ թեկնածուն՝ «ժողովուրդի թեկնածուն» անդրդրուելի մնաց քայլ մը իսկ չնահանջելու իր որոշումին վրայ. «Գորդեան հանգոյց»ը մատնուեցաւ անքակտելի վիճակի, դուռը լայն բանալով լուծումի նոր փորձերու առջեւ, յիշեցնելով յունական դիցաբանութեան մէջ ծանօթ՝ «Փանտորայի տուփ»ի պատմութիւնը. հոն, տուփին յատակը մնացած էր Յոյսը…

***

Յառաջիկայ օրերուն ու հաւանականութիւններուն մասին խօսելէ առաջ, կþարժէ անդրադառնալ քանի մը իրականութիւններու, որոնք կը կազմեն համայնապատկերին ընդհանուր գիծերը, կը բացատրեն շարժումին շարժառիթները։
Երեւանի ու այլ քաղաքներու փողոցները ողողած ցոյցերը հիանալիօրէն ունէին խաղաղ բնոյթ, մինչեւ այսօր ալ կը պահպանեն այդ նկարագիրը. ոչ ոք նկատեց, որ իշխանաւորները չդիմեցին հակացոյցեր կազմակերպելու փորձութեան, ինչպէս յաճախ կը պատահի այլ երկիրներու մէջ ու դուռ կը բանայ արիւնահեղութեան, իսկ մանր միջադէպերը հետք ձգող ազդեցութիւն պիտի չունենան։ Փաշինեանի հետեւորդները բացարձակ մեծամասնութեամբ երիտասարդներ են, համալսարանականներ, որոնք վերջին երկու սերունդներու դառնութիւններուն դիմաց փրկութեան լաստ մը կը սեպեն Փաշինեանը։

Մայիս 1-ին, ցուցարարներու առաջին շարքերուն երեւցան մեծ թիւով տարեցներ։
Փաստօրէն, թէ՛ 1 Մայիսի նիստը եւ թէ զայն կանխող հրապարակումները՝ իրարու հակադիր ճակատներէն, սեւի վրայ ճերմակով (նաեւ տեսալսողական միջոցներով) հաստատեցին, որ Հայաստան ներքին ճակատներու վրայ մատնուած է տագնապալի վիճակի։ Աղաղակող կերպով եւ առանց կաշկանդումներու վկայութիւններ տրուեցան տարիներէ ի վեր բոլորին ծանօթ այն իրականութեան մասին, որ իշխանաւորներն ու անոնց ետին կանգնողները ժողովուրդը մատնած են ընկերային դաժան վիճակի, տնտեսական բարելաւումի մասին հաւաստիքները բոլորովին չեն համապատասխաներ իրականութեան, հետեւանքներէն մէկը, ու ամէնէն վնասաբերը՝ զանգուածային արտագաղթն է դէպի ապրուստի աւելի լաւ պայմաններ խոստացող երկիրներ՝ մօտ ու հեռու, մասնաւորաբար երիտասարդ եւ ուսեալ սերունդը կլանող, որովհետեւ Հայաստանի մէջ անոնց համար ապագան մատնուած է մթութեան։

Այս ալիքին վրայ նաւարկող Փաշինեանը յաջողութեամբ յառաջ տարաւ շարժումը, ինքզինք վերածելով դժգոհ զանգուածը մագնիսացնող բեւեռի մը, հակադիր բեւեռի դերը ձգելով իշխանաւորներուն, հիմնականին մէջ Հանրապետական կուսակցութեան։ Այլ կարեւոր կէտ մըն էր այն, որ «թաւշեայ յեղափոխութիւն» անունով ծաւալած շարժումը, կեդրոնանալով ներքին այս վիճակին վրայ, յայտնապէս ջուր չխմեց արտաքին ուժերէ, թէեւ իշխանութեան մօտիկ կանգնողներ ուղղակի եւ անուղղակի ակնարկութիւններ ըրին հաւանական արտաքին զօրակցութեանց, յատկապէս նշելով, որ նման շարժում մը նիւթական միջոցներու կը կարօտի…։ Տակաւին, յստակ դարձաւ, որ տակաւին տարի մը առաջ, հրապարակային նոյն ոճով՝ բարձրախօսը ի ձեռն փողոցներու մէջ քուէ հայցող «Ելք»ի այս ղեկավարը յաջողած է թափանցել ժողովրդային խաւերէ ներս եւ այսօր, Հայաստանի հրապարակները ողողող բազմութիւններ տարուած են անոր հմայքով, հոգ չէ թէ այս բոլորին մէջ տեսնուի զգացականութեան ու իտէալականութեան գերակայութիւն։ Այլ կուսակցութիւններ մնացած են աւելի ձեռնածալ, ու բնականաբար հող կորսնցուցած են։

Մայիս 1-ի նիստի նախօրեակին, Փաշինեանի հետ հանրապետականներու հրապարակային տեսակցութիւնը, որ կոչուած էր բանակցութիւն բանալու՝ ի խնդիր մեծ հարցականներու պատասխաններ որոնելու եւ համախոհութեան դուռը բանալու, ստացաւ մեղադրեալի մը հարցաքննութեան դատարանային նիստի մը ընթացքը։ Հանրապետական ներկայացուցիչներ, մանաւանդ խորհրդարանի նախագահը ամավերջի քննութեան ներկայացող աշակերտ մը հարցաքննող ուսուցիչի կամ ամբաստանեալ մը մեղադրող փաստաբանի մը ոճով՝ հարցումներու տարափ մը թափեցին Փաշինեանի գլխուն, որ պատասխանեց լաւ աշակերտի մը պէս, մինչդեռ աւելի քան շաբաթ մը առաջ, Սարգսեանի հետ հանդիպումին՝ եղած էր աւելի կտրուկ։ Նման պատկեր ստեղծուեցաւ նաեւ վարչապետի ընտրութեան յատկացուած Մայիս 1-ի նիստին, ուր կողմները բացայայտ դարձուցին, որ առ նուազն չեն խօսիր նոյն լեզուով, կը մնան անհաշտ մեղադրողներ, մէկը վստահելով ժողովրդային լայն զօրակցութեան, միւսը՝ ձայներու առաւելութեան ու… արտախորհրդարանական իր լծակներուն։ Հոս եւս, մեկնաբանութիւններ ծայր տուին, թէ՝ Հանրապետականները, իրենց նախագահին հետեւողութեամբ, քաղաքական անձնասպանութիւնը կը շարունակեն, կամ՝ չþանտեսուիր այն հաւանականութիւնը, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը մաշումի ենթարկուի, հակառակ միակամութեան անոր հաւաստիքին՝ դիմափոխութիւն ու վերանուանում ապրի. սա Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ աննախընթաց կամ օտար երեւոյթ չէ։ Համայնավարութեան օրերէն ի վեր, կարգ մը դէմքեր ծփացած են այս կամ այն լիճին վրայ, ուրիշներ մատնուած են անշքութեան, անցած են վարագոյրի ետին…

Որպէսզի չվազենք դէպքերէն արագ, նշենք, որ ստեղծուած է հակադարձութեան մը սպասումի վիճակ։ Խորհրդարանի նիստին, Փաշինեանը քննադատողներ անգամ մը եւս ուղղակի ու անուղղակի ակնարկութիւններ կատարեցին «երկրի անվտանգութիւնը խաղի դնելու» անոր ընթացքին մասին։ Ի դէպ, բոլորն ալ կը խօսին ժողովուրդին ու անոր շահերուն պաշտպանութեան անունով, խաղաղութեան ու ապահովութեան պահպանումին նախանձախնդրութեամբ, Արցախի ու Հայաստանի սահմանները ամուր պահելու կամքով, հարցերը սահմանադրական միջոցներով լուծելու տրամադրութեամբ, ընկերային-տնտեսական տագնապը դարմանելու խոստումներով։ Կու գայ պահ մը, որ ժողովուրդին միտքին մէջ հարց կը ծագի, թէ ի վերջոյ, ո՞վ է իր իրական պաշտպանը, իր անունով խօսողը. հարց չի տրուիր, թէ «ժողովուրդին պաշտպան» իշխանաւորները ինչո՞ւ տարիներէ ի վեր անտարբեր մնացած են աղաղակող դառնութեանց դիմաց ու այսօր, յանկարծ դարձած են ժողովուրդի կարիքներուն ընդառաջողներ (ընդդիմադիրներ բոլորովին չեն դրժեր կարգ մը իրագործումներ, սակայն զանոնք արդարօրէն կը դիտեն իշխանութեան մը կողմէ նուազագոյն պարտականութիւնները կատարողի տեսանկիւնէն)։

Այսօր, խորհրդարանի նիստէն ետք, տիրապետող հարցումը կը մնայ հետեւալը. յառաջիկայ օրերու խորհրդակցութիւններն ու բանակցութիւնները պիտի յաջողի՞ն ելք մը գտնել թնճուկային վիճակէն։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի այն ակնարկութիւնը, թէ հարցերը պէտք չէ փողոցներու մէջ լուծել, արդէն մնացած է անարձագանգ։

***

Ինչ որ արձանագրեցինք վերի սիւնակներուն մէջ, ընդհանուր գիծերն էին այն համայնապատկերին, որուն կը հետեւինք ժամը ժամուն, կամ հպանցիկ կերպով կը դիտենք-կը կարդանք հոս կամ հոն։

Յիշեալ զարգացումները, ինչպէս ըսինք, հեւասպառ վիճակի մատնած են թէ՛ ցուցարաները, եւ թէ զարգացումներու հետեւողները՝ բոլոր ճակատներուն վրայ։ Ըստ բաւականին լայն քննարկում տեղի չþունենար այն ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ շուրջ, որոնք ուրուագծուած են Փաշինեանի քաղաքական յայտարարութեանց ու անոր դիմաց իշխանաւորներուն տուած պատասխաններուն ու հակադարձութիւններուն մէջ։
Արձանագրենք անոնցմէ մէկ քանին։

Ի՛նչ որ ալ ըլլան յառաջիկայ օրերու զարգացումները, մինչեւ իսկ եթէ կարելի ըլլայ հասնիլ հոն, ուր, ըսենք՝ իբրեւ առժամեայ լուծում, համախոհութիւն գոյանայ Փաշինեանի վարչապետ ընտրութեան շուրջ, անկէ ետք՝ ի՞նչ։ Այսինքն, հանրապետականները պիտի ընդունի՞ն ձեռքէ հանել այն միջոցները, որոնք անոնց ու իրենց կողքին կանգնող «աներեւոյթ խաւ»ին ապահոված են նիւթական եւ ուժական միջոցներ։ Կարելի պիտի ըլլա՞յ երաշխաւորել խորհրդարանական այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք ըլլան իշխանութեան ընդդիմադիրներուն պատկերացումին չափ արդար, ունենալու համար շատ աւելի ներկայացուցչական դիմագիծով ազգային ժողով մը։ Բացայայտ գաղտնիք է, որ որոշ խմբակ մը, արտաքին տնտեսական ուժերու եւ խմբաւորումներու հետ գործակցաբար, մենաշնորհներու վիճակ ստեղծած է երկիրն մէջ։ Յաջորդ կառավարութիւնը պիտի կրնա՞յ… պետականացնել տնտեսութեան այնպիսի միջոցներ ու հիմնարկներ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր շահ կը հոսեցնեն փոքրամասնութեան մը գանձանակներուն մէջ, երբեմն փշրանքներ հասցնելով յիշեալ խաւին ապաւինող-յենարաններուն։

(Պետականացում բառը հաւանաբար յօնքեր վեր պիտի հանէ. նման բաներ մոռցուած են ժամանակակից աշխարհին մէջ, չեն համապատասխաներ տնտեսական արդի դրութեան, սխալ կիրարկումներ մաշեցուցած են անոր օգտակարութիւնը)։

Ասկէ կը ծագի այլ հարց մը. ինչպէ՞ս կþըլլայ, որ Հայաստանի մէջ փոքրամասնութիւն մը «աշխատանքի ճամբաներով» կրնայ հարստութեան ու բարօրութեան հասնիլ, մինչդեռ զանգուածը կը տուայտի աղքատութեան սահմաններուն մէջ ու կը ստիպուի արտագաղթել։ Յեղաշրջումը յառաջ տանելու եւ նոր յաջողութեան հասցնելու պարագային, ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ պաշտօն չարաշահողներէն, հարստութիւն կուտակող եւ երկրէն դուրս փախցնողներէն (դեռ քանի մը ամիս առաջ խոստովանութիւն մը հրապարակուեցաւ, որ «օֆշորային» գործառնութիւնները պիտի զսպուին, յաջորդ օրերուն ու շաբաթներուն ոչինչ ըսուեցաւ կիրարկումին մասին)։ Յետոյ, ինչո՞ւ հայկական դրամագլուխն ու ներդրումները պիտի չըլլան գերակշռողը, այլ առաւելաբար պիտի դիմուի արտաքին ներդրումներու ընտրանքին, անոնք ալ ներկայացուին իբրեւ մե՜ծ իրագործումներ, մինչդեռ ամէնէն պարզ տրամաբանութիւնն իսկ կը յուշէ, որ տեղ մը ներդրում ընող օտարականը՝ անհատ կամ ըներութիւն-շահակցական հիմնադրամ, այդ քայլին կը դիմէ ՇԱՀ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ նպատակով, եւ ո՛չ թէ տուեալ երկիրն ժողովուրդին սեւ աչքերուն համար, ու շահ կþապահովէ՛, արտահոսքի մատնելով երկիրն եկամուտի կարելիութիւնները, փշրանքներ ձգելով գիւղն ու սահմանային շրջանները զարգացնելու ծրագիրներուն։
Նոր ընտրութիւններու պատրաստուելու փուլը կերտելու համար, սահմանադրական փոփոխութիւններու, նախագահականէ խորհրդարանական անցած ըլլալու վիճակը արդեօք դուռ պիտի բանա՞յ խօսքի նոր աճուրդի. փաստօրէն, նոր դրութեամբ իշխանութեան ձեւաւորման հազիւ սկսած՝ արդէն իսկ կը խօսուի այս դրութեան «ահաւոր թերութիւններուն» ու «կիսանախագահական դրութիւն» որդեգրելու կամ այլ ընտրանքներու մասին։ Կարծէք թէ օրէնքն ու սահմանադրութիւնը ըլլային բուն յանցաւորը, զայն սխալ կիրարկողը, չարաշահողը ըլլար անպարտ։ (Նոյնը չէ՞ պարագան կրօններուն, որոնց անունով ոճիրներ կը գործուին, որովհետեւ կը կատարուի սխալ կիրարկում…)։
Խօսինք աւելի պարզ բառերով. այսօրուան հարցականներն ու տագնապները նորութիւն չեն. անոնց մասին տարիներէ ի վեր բարձրաձայն հնչած են ահազանգեր, վերջինը՝ իշխանական նոր դրութեան որդեգրման օրերուն, շեշտելով, որ խոստումները կրնան բարի եւ յուսատու ըլլալ, սակայն աւելի կարեւորը՝ տագնապին արմատներուն սրբագրումն է։ Անտեսումը, մասնակի շահերու հետամտութիւնը, փտածութեան խորացումը եւ իսկական բարեփոխութեան ուշացումը ճամբայ բացին այժմու պոռթկումին։

***

Վերադառնալով անմիջականին՝ այսօրուան ու վաղուան. հարց է, թէ փակ դուռները ինչպէ՞ս կարելի է բանալ հակադիր ու անզիջող ճակատներուն միջեւ։ Պատասխանը պարզ է, թէեւ կիրարկումը կրնայ դժուար թուիլ։
Հայաստան միակ երկիրը չէ, որ մատնուած է սահմանադրական կամ քաղաքական տագնապներու։ Անցեալ տասնամեակներուն, մէկէ աւելի երկիրներու մէջ (օրինակ՝ 80-ականներու Ֆրանսան) մատնուած են այնպիսի վիճակներու, ուր անհաշտ հակառակորդները, ոխերիմ մրցակիցները քով-քովի եկած են ու կազմած՝ միացեալ կառավարութիւն, զայն կոչած են համակեցութիւն՝ քոապիթասիոն։ Կարելի է որոնել ու գտնել լուծման այլ ճամբաներ։

Ահաւասիկ քանի մը հիմնական հարց, որոնք պատասխանի կը սպասեն երկրին ու ժողովուրդին բարւոքում, բարելաւում խոստացողներէն։ Այս պատասխաններէն մեծապէս կախեալ են տնտեսական վերականգնումը, արտագաղթի կասեցումն ու մարդկային հոսանքին շրջումը, որպէսզի Հայաստանի բնակչութեան թիւը 4 կամ աւելի միլիոնի հասցնելու համար, հարկադրուած չըլլանք սպասելու տասնամեակներով։

***

Մատնանշումներու ցանկը կարելի է երկարել եւ ժամ առ ժամ նորութիւններ գտնել՝ դէպքերու զարգացման համընթաց արագութեամբ։ Կուսակցական ուղեգիծէ շեղումները, խորհրդարանական խմբաւորումներէ հրաժարումներն ու հեռացումները նախանշանները կու տան այլ փոփոխութիւններու, ընդհանուր խճանկարի վերագծումին, որոնք եթէ սեպենք իբրեւ բնական հետեւանքներ ստեղծուած աննախընթաց վիճակին, միւս կողմէ, բոլորիս ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն անմիջականի օղակին սահմաններուն մէջ։ Մինչդեռ, այս բոլորէն անդին, կայ այլ կարեւոր հարցական մը, որ առաջին ակնարկով կրնայ ընկալուիլ իբրեւ վերացական մօտեցում, այս օրերուն լաւ չհնչող փիլիսոփայութիւն։
Բացատրենք, մտաբերելով հայ միտքի տիտաններէն՝ Լեւոն Շաբթի «Շղթայուածը» թատերակին մէջ արծարծուած կացութիւններ։ Շանթ ընթերցողը տարած է հազար տարի ետ, հասցուցած է Անի, ուր կայ օտար բռնատէր մը. հայ իշխան մը, թարգմանը ըլլալով ժողովուրդին ազատատենչութեան ու ընդվզումին, կը ծառանայ օտար բռնատէրին դէմ ու զայն կը հեռացնէ երկրէն, սակայն շուտով անոր մէջ կը վերայայտնուի բռնատէրը, զայրոյթ եւ ըմբոստութեան տրամադրութիւն տարածելով ժողովուրդին մէջ։ «Զգացական» պատգամաբեր տիպար մը կը դառնայ քարոզիչը Մասիսի վիհերուն մէջ դարերէ ի վեր շղթայուած Արտաւազդին, հաւաստելով, որ ան պիտի գայ քանդելու ստրկութեան շղթաները եւ ազատագրելու ժողովուրդը, սակայն նաեւ կը քարոզէ, որ ամէն բանէ առաջ, պէտք է սեփական հոգիներէն վանել Բռնատէրը։ Այս պատգամը արձագանգ կը գտնէ հայ իշխանին բռնատիրութեան դէմ ծառացող մէկէ աւելի դասակարգերու մէջ, որոնք յաջորդաբար ձեռք կþառնեն իշխանութիւնը, նախ կը հեռացնեն բռնատէր դարձած հայ իշխանը, ապա կը չէզոքացնեն զիրար, որովհետեւ իրենց մէկ գլուխ կը բարձրացնէ Բռնատէրը։ Ի վերջոյ, հայ իշխանը օտարներու օգնութեամբ կը վերահաստատէ ինքզինք։ Արտաւազդին սպասումը կը մնայ սպասում…

Իրական կեանքը սոսկական թատրոն կամ գրականութիւն չէ, սակայն թատրոնն ու գրականութիւնը ներշնչում կþառնեն իրական կեանքէն։ Շանթի այս գործը կը ցոլացնէ յոռետես մթնոլորտ. Շանթ նաեւ ծանօթ է իբրեւ մտաւորական մը, որուն մէջ միտքի տիրապետութիւնը կը գերակշռէ զգացումը։ Հայաստանի այսօրուան վիճակն ալ կը պահանջէ, որ միտքը զգալի դարձնէ ինքզինք, առանց հրաժարելու ազնիւ զգացումներէ. Միտքը՝ որ վերանկախացումէն ասդին մեծ նահանջ արձանագրած է մեր հայրենիքին մէջ (Հայաստան բացառութիւն չէ, թէեւ ցոյց տուաւ, որ կրնայ զատորոշուիլ եւ չկրկնել «Արաբական Գարուն»ը կամ Ուքարնիոյ նախընթացը…), ասպարէզը ազատ ձգելով «պիզինէս»ի հետամուտ դրօշակիրներուն առջեւ։
Ու զարմանալի՞ է, որ վերջին շաբաթներու շարժումին մէջ կայ մեծ բացակայ մը՝ Մտաւորականութիւնը, որմէ կը սպասուի վերականգնել իր դերը, այնպէս՝ ինչպէս եղաւ 60-ականներուն, Ցեղասպանութեան 50-ամեակին, կամ Արցախեան Շարժումի օրերուն։ (Միշտ ալ կարելի է առարկել, որ կացութիւնները նոյնը չեն, պէտք չէ նման բաղդատութիւններ ընել)։

«Հայրենիք»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031