Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հոգեհանգիստ Եւ Հաւաք` Ի Յիշատակ Վահան Յովհաննիսեանի

Հունվար 05,2015 15:35

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ յետ Ս. եւ անմահ պատարագի կիրակի, 4 յունուար 2015-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ներկաները համախմբուեցան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի հաւաք, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի վերջին հրաժեշտը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Սոյն հաւաքին բացումը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան, որ ըսաւ, թէ նորագոյն պատմութեան վերջին 25 տարիներուն գոյութիւն ունէր միայն մէկ Վահան, անզուգական Վահան, եւ որուն անունը կու գայ հարստացնելու ՀՅԴ պատմութեան էջերուն ոսկիէ տառերով դրոշմուած Չաւուշի, Սերոբի, Արամի, Շահէնի, Պետոյի եւ այլ անուններու փաղանգը:

Յիշատակի հաւաքին իր վկայութիւնը տուաւ Տիգրան Ճինպաշեան: Ան ըսաւ, որ ցաւի համատարած արտայայտութիւնը եւ ժողովրդային յուզումը կը յուշեն, որ մեզմէ հեռացողը, իր վարքով ու գործով, ազգի ակնկալութիւններով, հաւաքական իղձերուն արտայայտիչներէն մէկը եղած էր: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս գիտութեան մարդն ու խոստմնալից հնագէտը, ղարաբաղեան պահանջատիրական պայքարի օրերուն, շատ մտաւորականներու նման վար դրաւ իր գրիչն ու ինքզինք նետեց հայոց ազատագրական պայքարի նորագոյն դրսեւորման կրակներուն մէջ գտնուելով պայքարի առաջին գիծերուն վրայ:

Ան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, որ Վահանը իբրեւ դաշնակցական գաղափարական զինուոր կը մնայ մեր կողքին, ինչպէս մնացած են Քրիստափորը, Զաւարեանը, Ռոստոմը, Հրայր Դժոխքը եւ հայ ազատագրական պայքարի բիւրաւոր երախտաւորները:

Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, որ եթէ հետեւինք մամուլը ողողած ցաւակցական գրութիւններուն, պիտի ափսոսանք անդառնալի կորուստը, եթէ կարդանք Վահան Յովհաննիսեանի ստորագրած ազգային քաղաքական յօդուածները, կը տեսնենք կացութիւնները արագօրէն ըմբռնելու բացառիկ կարողութիւն ունեցող քաղաքական գործիչի բոլոր առանձնայատկութիւնները: Ան երբեք խտրութիւն չէր դներ ասպարէզներուն միջեւ. կը ծառայէր այնտեղ, ուր ինք պիտանի էր եւ օգտակար: Իր մահով բաց մը ստեղծուեցաւ մեր հասարակութեան մէջ, իսկ կարօտի զգացումը երկար ատեն մեզի պիտի ուղեկցի:

Հաւաքին վերջին ելոյթով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան նշեց, որ Վահան Յովհաննիսեանի անցած ուղին բազմածաւալ ու բազմաբնոյթ եղած է: Հայ քաղաքական դաշտին մէջ նշանակալի դեր ունեցած է ան յատկապէս Արցախի կայացման տարիներուն, որմէ ետք Ազգային Ժողովի հիմքը կերտողներէն մէկը հանդիսացած է:

Հաւաքի աւարտին ներկաները իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին իրարու ու հեռացան իրենց սրտերուն մէջ անզուգական ղեկավար ընկերոջ յիշատակը վառ պահելու խոստումով:

Անզուգական Վահանը

Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեանի խօսքը` Վահան Յովհաննիսեանին նուիրուած յիշատակի հաւաքին ընթացքին:

Վահան Յովհաննիսեան`

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ,

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երկար տարիներու պատգամաւոր,

Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան,

Ազատամարտիկ,

Արցախի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներէն,

Քաղաքական բանտարկեալ (տխրահռչակ վարչակարգի պատճառով):

Հաւանաբար չարչրկուած մարմինը իր վերջնական պարտութիւնը կրելէ առաջ, երբ զինք ներկայացնելու փորձ կատարուէր այս եւ նման բնորոշումներով, դէմքին վրայ պիտի երեւէր սովորական բարի եւ գրաւիչ ժպիտը…

Բաւարար էր ու է ըսել ընկ. Վահան…

Նոյնիսկ` Վահան….

Հայոց պատմութեան վերջին 25 տարիներուն կար մէկ Վահան… անզուգական Վահան:

Վահանը
Կռուի դաշտէ հեռու, անպարտելի հերոսները կարելի է տապալել միայն, դարանակալ, անհաւասար ու անողոք հարուածով:

Այդպէս եղաւ նաեւ Վահանի պարագային: Արարիչի մէկ «վրիպում»-ով… կանխահաս էր` Տէր…

Բայց քաջ գիտենք, պատմութիւնը վկայ, որ ՄԵԾԵՐԸ չեն մեռնիր, ՄԵԾԵՐԸ իրենց մահուամբ կը յաւերժանան:

ՀՅԴ-ի եւ հայոց պատմութեան էջերուն ոսկէ տառերով դրոշմուած Չաւուշ, Սերոբ, Հրայր, Արամ, Դրօ, Ռուբէն, Թաթուլ, Շահէն, Պետօ ….անուններու փաղանգը կը հարստանայ նոր նուիրեալով մը, որուն անունն էր` ՎԱՀԱՆ:

Յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին, կը խոնարհինք մեր ընկերոջ վաստակին եւ յիշատակին առջեւ:

Մեր Ժամանակներու Ամէնէն Վառ Անհատականութիւններէն Մէկը

Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը` Վահան Յովհաննիսեանին նուիրուած յիշատակի հաւաքին ընթացքին:

Անդառնալի կորուստը գուժող մահազդին մէջ ՀՅԴ Բիւրոն ընկեր Վահան Յովհաննիսեանը կը ներկայացնէր իբրեւ «մեր ժամանակներու ամենավառ անհատականութիւններէն մէկը»: Այս որակումը չափազանցութիւն չէր, զգացական ցաւոտ վիճակի մը առթած իր անմիջական ընկերներուն կողմէ գերգնահատանքի արտայայտութիւն մը չէր: Այո՛, Վահանը մեր ժամանակներու ամէնէն վառ անհատականութիւններէն մէկը եղաւ: Եթէ համոզուած չէք, ապա կարդացէ՛ք վերջին օրերուն հայաստանեան մամուլը ողողած իր տեսակաւոր գործակիցներու եւ ընկերներու, համախոհներու եւ ընդդիմադիրներու ցաւակցական գրութիւնները, հեռատեսիլէն դիտեցէ՛ք Վահանի` Ազգային ժողովին մէջ ունեցած ելոյթներէն կարճ դրուագները. զգացէ՛ք մարդոց միտքերուն մէջ անոնց յառաջացուցած արձագանգը: Նորէ՛ն կարդացէք վերջին տարիներու ընթացքին իր գրած ու ներկայիս իր մահուան առիթով վերատպուող ազգային-քաղաքական նիւթերով յօդուածները եւ անպայման կը համոզուիք, որ Վահան Յովհաննիսեան մեր իրականութեան մէջ եզակի երեւոյթ էր: Այնքան եզակի, որ կեղծ անունով գրուած իր յօդուածաշարքերուն առաջին յօդուածէն իսկ իր անկեղծ ստորագրութիւնը յստակօրէն կ՛երեւէր եւ ո՛չ անպայման իր ոճային առանձնայատկութիւններուն շնորհիւ: Իր ստորագրութիւնը իր գաղափարներու եւ կարծիքներու ինքնատպութիւնն ու անոնց բարձր որակն էր. անոնց խո՛րքը, որ կը բխէր ենթակայի միտքի զարգացման գերազանցիկ աստիճանէն ու կացութիւնները արագօրէն ըմբռնելու եւ զանոնք իրենց կարեւորութեան արժանի մակարդակին վրայ զետեղելու բացառիկ կարողութենէն:

Վահան Յովհաննիսեանի մասին խօսիլ կարենալու համար հարկաւոր է իրեն նման պերճախօս ըլլալ. այլապէս կարելի չէ ամբողջութեամբ ու հարազատօրէն ներկայացնել այս մարդուն բազմակողմանի համը, հոտը, բայց յատկապէս` անոր հոգեկան ու մտաւորական հարստութիւնը: Ճիշդ չէ մանաւանդ Վահանը դիտել միայն կուսակցական դիտանկիւնէն, ինչքան ալ լայն ըլլայ այդ դիտման արանքը, ինչքան ալ ինք իր այլազան կարողութիւնները իր երիտասարդ տարիքի թեւակոխումով իսկ կարեւոր չափով անտեսած ըլլայ` նուիրուելով ժամանակներու պարտադրած եւ իր հոգին ու միտքը տանջող հայութեան նախ ազատագրական, ապա` քաղաքական պայքարին:

Վահանի կուսակցական ու ազգային գործունէութիւնը սկսաւ շատ կանուխէն` իր պատանեկութեան շրջանին` իր կամքէն անկախ պատճառներով, երբ իր հայրը, պայմաններու բերումով, իր ընտանիքէն ալ գաղտնի կը ձգէր երկիրը` աւելի ազատ պայմաններու մէջ իր ազգային համոզումները իրականութեան վերածելու ներքին մղումով: Իր հօր այս վերաբերումը խորապէս ցնցեց Վահանի հոգեկան աշխարհը: Իր թարմ հոգիին վրայ բացուած սկզբնական վէրքը սակայն շուտով վերածուեցաւ հիացմունքի եւ հպարտութեան. Վահանի բռնելիք ճամբան գծուած էր. ինք ատոր պատրաստուելու ժամանակը շահած էր արդէն: Զարմանալի չէ, որ երբ նախորդ դարու ութսունական թուականներուն ազգային պայքարի իրողական գործունէութեան ժամանակը հասաւ, Վահանը կազմ ու պատրաստ էր ստանձնելու պարտականութիւններու իրեն ինկող բաժինը: Արցախի շարժման թոհուբոհին մէջ տեղի ունեցող ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ Վահանը կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ. Բիւրոյին իր անդամակցութիւնը այդպէս կը շարունակուի մինչեւ իր մահը` բացառելով միայն քաղաքական նկատումներով իր բանտարկութեան աւելի քան երեք տարիները:

Բանտէն ելլելէն ետք տեղի ունեցած առաջին ընտրութիւններուն ան ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր ու մնաց այդպէս մինչեւ անցեալ տարի Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան իր նշանակումը:

Վահան Յովհաննիսեանը գնահատուած էր քաղաքական բոլոր գունաւորումներուն պատկանող իր գործակիցներէն: Իր սրամիտ պատրաստաբանութեամբ ան շահած էր բոլորին համակրանքը: Իսկ համակրելի սրամտութիւնը մտային ու հոգեկան յառաջացեալ զարգացման ցուցանիշ է:

2008-ի նախագահական ընտրութիւններուն նախօրեակին Վահանի տարած ընտրապայքարը կը զատորոշուէր իր բարձր որակով: Սակայն քաղաքական գործիչ ըլլալէ առաջ Վահան Յովհաննիսեան իր նախընտրած ասպարէզին` հնագիտութեան մէջ լաւ մասնագէտ էր. ան բացառիկ մանկավարժ էր: Երբ հարկը ներկայացաւ, ան զբաղեցաւ նաեւ բարեսիրական գործով. ձեռնհասօրէն ղեկավարեց «Օգնի՛ր եղբօրդ» գործը` սուրիական պատերազմի առաջին փուլի ընթացքին օժանդակութիւն հասցնելով տագնապահար հայութեան: Մէկ խօսքով` ան խտրութիւն չդրաւ գործունէութեան ասպարէզներուն միջեւ: Ծառայեց այնտեղ, ուր ինք պիտանի ու անհրաժեշտ էր: Ասիկա չէ՞ դաշնակցական գործիչի հիմնական յատկանիշը:

Եթէ անփոխարինելիներ գոյութիւն ունին, ապա Վահանը անոնցմէ է: Առայժմ գոնէ իր տեսակը չ՛երեւիր հասարակական մեր հորիզոնին վրայ: Այս է պատճառը թերեւս, որ իր մահով պակաս մը ստեղծուած է մեր հասարակութեան մէջ: Իր բացակայութեան հետեւանք այս պակասը կը ստեղծէ անյագ կարօտի զգացում մը, որ ըստ երեւոյթին երկար ատեն մեզի պիտի ընկերակցի ու անհանգստացնէ:

Յարգա՛նք իր յիշատակին:

Անուանի Հասարակական – Քաղաքական Գործիչը

Ստորեւ կու տանք Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի խօսքը` Վահան Յովհաննիսեանին նուիրուած յիշատակի հանդիպումին ընթացքին:

Բոլորիս համար ծանր լուր էր եւ սրտի ցաւ, երբ Ամանորի նախաշեմին տեղեկացանք, որ ծանր հիւանդութեան պատճառով կեանքից վաղաժամ հեռացաւ անուանի հասարակական-քաղաքական գործիչ, Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, մեր գործընկեր Վահան Յովհաննիսեանը:

Նրա կեանքի անցած ուղին շատ բազմաբնոյթ, բազմածաւալ եւ բազմաբովանդակ էր: Վահանի հետ ծանօթացանք 70-ականներին, երբ սովորում էինք նոյն Բրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուների հիմնարկում` Վահանը բանասիրական, ես` անգլո-ռուսական բաժանմունքում: Հետագայում նա տեղափոխուեց Մոսկուա, ստացաւ բարձրագոյն կրթութիւն, վերադարձաւ Երեւան, աշխատեց որպէս գիտաշխատող, գիտահետազօտական բաժնի վարիչ «Էրեբունի» թանգարանում, Գիտութիւնների ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող, ստացաւ պատմական գիտութիւնների թեկնածուի գիտական աստիճան:

Վահան Յովհաննիսեանի ներկայութիւնը նշանակալի է եղել Հայաստանի քաղաքական դաշտում թէ՛ արցախեան ազատամարտի, Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան կայացման տարիներին, թէ՛ դրանից յետոյ` Հայաստանի Ազգային ժողովում: Նա նորանկախ երկրի պետականութեան հիմունքները կերտողներից էր: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովում երկար տարիների ընթացքում ծաւալել էր համապարփակ գործունէութիւն, լինելով Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերի մշտական յանձնաժողովի նախագահ, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւնների մշտական յանձնաժողովի անդամ, ղեկավարել է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութիւնները ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովում, ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովում, ԵՒՐՈՆԵՍԹ-ի խորհրդարանական վեհաժողովում: Մինչեւ Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան նշանակուելը եղել է Ազգային ժողովի Առողջապահութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերի, Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերի մշտական յանձնաժողովների եւ բարոյագիտութեան ժամանակաւոր յանձնաժողովի անդամ, Ազգային ժողովի հայ-գերմանական միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբի անդամ: Հնարաւորութիւն եղաւ նրա հետ հանդիպել նաեւ Պէյրութում 2010-ին, երբ նա Ազգային ժողովի նախագահի ղեկավարած պաշտօնական պատուիրակութեան անդամ էր:

Վահան Յովհաննիսեանը եղել է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական տեղական ինքնակառավարման հարցերով, վերջապէս առաջադրուել է նախագահի թեկնածու: Դասաւանդել է տարբեր ուսումնական հաստատութիւններում, լինելով հոյակապ դասախօս եւ մանկավարժ:

Արժանացել է տարբեր պետական պարգեւների: Տասնեակ գիտական աշխատանքների հեղինակ էր: Իրօք, վերին աստիճանի պատրաստուած եւ կրթուած, իւրայատուկ եւ սուր հիւմըրին տիրապետող անձնաւորութիւն:

Վահան Յովհաննիսեանի մահը մեծ կորուստ է իր կուսակցական զինակիցների եւ բոլորիս համար: Կորցրեցինք գաղափարական մարտիկի, կիրթ մտաւորականի, պետական ու կուսակցական գործչի, լաւ հռետորի եւ վառ անհատականութեան: Անգամ հիւանդութեան օրերին լաւատես էր, մտածում էր ապագայ ծրագրերի եւ հայրենիքի մասին:

Կրկին անգամ խորին ցաւակցութիւն եմ յայտնում անուանի գործչի, մեր գործընկերոջ հարազատներին, մերձաւորներին, նրա զինակիցներին, բոլոր ներկաներին:

Վահան Յովհաննիսեանի մասին վառ յիշատակը միշտ կը մնայ մեր սրտերում:

www.arfd.info

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031