Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Եթէ Թուրք Ազգայնական մը Ըլլայի. Nor Haratch

Մարտ 24,2015 11:17

Երբեմն կը մտածեմ թէ հայկական ցեղասպանութեան հարցին, Հայ Դատին եւ ընդհանրապէս հայութեան հանդէպ, ի՞նչ  պիտի ընէի եթէ  ես թուրք ազգայնական մը ըլլայի։ Պահ մը կը փորձեմ ինքզինքս նոյնացնել թուրք ազգայնական ղեկավարի մը հետ, հասկնալու համար իր միտումները։ Այս մտային մարզանքը կը կատարեմ կարելի եղածին չափ աւելի խորը թափանցելու համար թրքական ռազմավարութեան եւ իր բացայայտ ու թաքուն դիտաւորութիւններուն մէջ։

Ուրեմն, եթէ թուրք ազգայնական մը ըլլայի, ամենէն առաջ զօրավիգ պիտի կանգնէի Թուրքիոյ պետական պաշտօնական մերժողականութեան, Ապտիւլ Համիտներու եւ Թալէաթներու հայրենիքը չարատաւորելու համար ցեղասպանութեան մը  ամբաստանութեամբ։ Ու այս առընչութեամբ ամէն թոյլատրելի եւ անթոյլատրելի միջոցներու  առատ զինանոցս զօրաշարժի պիտի ենթարկէի։ Յետոյ, նկատի առնելով թէ հարիւր տարի ետք Հայերը տակաւին պահանջներ կը ներկայացնեն՝ զիրենք միշտ պիտի նկատէի թրքութեան ուժական թշնամիներ։ Հետեւաբար պիտի ջանայի զիրենք միշտ տկար ու նկուն պահել, որպէսզի չկարենան օր մը, վաղը կամ հազար տարիէն, թրքական հողէն թիզ մը իսկ փրցնել։  Այս նպատակով պիտի ջանայի կարելի եղածին չափ զօրավիգ կանգնիլ Ազէրպայճանին, յատկապէս Ղարաբաղի հարցով. որովհետեւ Արցախը, իր բնական դիրքով եւ իր ռազմաքաղաքական նշանակութեամբ, Հայաստանի թիկունքին պաշտպանն է եւ եթէ այս պաշտպանութիւնը չքանայ, Ղարաբաղը կրկին Ազէրպայճանի ձեռքն անցնելով, Հայաստանը զգալիօրէն կը տկարանայ ու թէ՛ արեւելքէն եւ թէ՛ արեւմուտքէն չափազանց խոցելի կը դառնայ։ Արդարեւ առանց Արցախի մնացած Հայաստանի մը  հարաւային մասը, Զանգեզուր Սիւնիքը, հողային նեղ շերտ մըն է որ տեղ մը միայն 35 քիլոմեթրի լայնք ունի ու դիւրաւ կրնայ կուլ տրուիլ թուրքեւազէրի միացեալ յարձակումի մը պարագային։

Այս ամէնով հանդերձ պիտի քաջալերէի նաեւ այն թուրք մտաւորականները որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ՚ընդունին եւ զայն կը դատապարտեն։ Ոչ միայն, այլեւ պիտի ջանայի սերտացնել ամէն մակարդակի վրայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի Հայերու եւ Թուրքերու հանդիպումները՝ մարզական մրցումներով, մշակութային միասնական ձեռնարկներով, հայեւթրքական  բարեկամութեան միութիւններ ստեղծելով, առեւտրական յարաբերութիւններով. բայց նաեւ քանի մը հայկական եկեղեցիներ ու հայապատկան կալուածներ վերադարձնելով ու նորոգելով  եւ այլ նման միջոցներով։

Այս ամէնը ՝ հայութիւնը տկարացնելու միտումիս պիտի  չհակասէր. ընդհակառակն՝ մէկ քարով երկու թռչուն զարկած պիտի ըլլայի։ Նախ՝ այս «հայամէտ» ձեռնակներով աշխարհին ցոյց պիտի տայի թէ  Թուրքիան փոխուած է, Հայերու հանդէպ լաւ տրամադրուած է, ցեղասպանութիւնը դատապարտած է, հետեւաբար՝ «Յարգելի օտար քաղաքական դէմքեր, լրագրողներ եւ մտաւորականներ, որ պարբերաբար Թուրքիոյ դէմ նիզակ կը ճօճէք ցեղասպանութիւնը յիշեցնելով, տեսէ՛ք  մենք Հայերու հետ երկխօսութեան սկսած ենք արդէն, միասնաբար ծրագիրներ կը մշակենք, բարեկամական յարաբերութիւններ կան, կալուածներ ու եկեղեցիներ վերադարձուած են եւ այլն, ուստի դուք մի՛ խանգարէք  հայ-թրքական մեղրալուսինը ձեր միջամտութիւններով ու շարունակաբար ցեղասպանութիւնը մէջտեղ հանելով»։ Ճիշդ է որ այս կալուածներու եւ եկեղեցիներու վերադարձը՝ Թուրքերուս կողմէ գին մը վճարել կը նշանակէ. սակայն այս գինին արժէքը որքան սուղ ալ ըլլայ՝ դարձեալ շատ աւելի ցած է այն առաւելութիւններէն  որ այս գինին վճարումով կը ստանանք քաղաքական-քարոզչական գետնի վրայ։

Յետոյ այս «հայամէտ» մարտավարութեան երկրորդ  օգուտն այն է թէ  Հայերու մէջ պառակտում կը ստեղծէ։ Մէկ կողմէն միշտ պիտի ըլլան, անշուշտ, թունդ հակաթուրք Հայեր, բայց պիտի կարենանք զիրենք չէզոքացնել համաշխարհային հանրային կարծիքին ցոյց տալով որ մինչ մենք, Թուրքերս, բարեկամութեան ձեռք մեկնած ենք, Ցեղասպանութիւնը դատապարտած ենք, եկեղեցիներ ու կալուածներ վերադարձուցած ենք, իրենք մնացած են նոյն ժամանակավրէպ, ազգայնական, յետադէմ, ցեղապաշտ եւ ծայրայեղական Հայերը։ Միւս կողմէն մեր «հայամէտ»  մարտավարութեան որպէս արդիւնք՝ կարգ մը Հայեր պիտի հաւատան, թէ Թուրքերը իսկապէս փոխուած են ու կ՚արժէ իրենց մեկնած ձեռքը սեղմել. մանաւանդ որ այսպէս վարուող Հայերը օտար շրջանակներէ ալ գովեստի եւ քաջալերութեան պիտի արժանանան, ու ողջամիտի, իրապաշտի, յառաջադէմի եւ ոչ-ծայրայեղականի  ածականները առատօրէն իրենց պիտի շռայլուին։ Իսկ Հայերուն մէջ քիչ չեն այն փառասէր սիրամարգները, որոնք իրենք զիրենք շոյուած պիտի զգան օտարներու կողմէ նման որակումներու արժանանալով։

Այս ամէնուն հետեւանքով՝ ցարդ միակտուր  հայկական ճակատը երկուքի  պիտի բաժնուի ու հայութեան մէջ պառակտում պիտի յառաջանայ՝ հակաթուրք  եւ «թրքամէտ» Հայերու միջեւ, հայկական ճակատը զգալիօրէն տկարացնելով. ինչ որ Թուրքիոյ ուզածն է արդէն։

Ուստի ցեղասպանութիւնը դատապարտող Թուրքերը, եթէ նոյնիսկ անկեղծ են եւ իրենց զղջումը թրքական խորամանկութեան հերթական արտայայտութիւնը չէ (ինչ որ ինքնին քննելի այլ հարց է), ոչ թէ դաւաճաններ, այլ հայրենասէր ազգայնական Թուրքեր պիտի համարէի, որովհետեւ, իրենք ցեղասպանութեան դատապարտումէն անդին չեն անցնիր  եւ իրենցմէ ոչ ոք հատուցումի մասին –ալ ո՜ւր մնաց հողային հատուցումը- կը խօսի։ Միայն թէ անդրադարձած ըլլալով թէ այլեւս կարելի չէ ցեղասպանութիւնը ուրանալ, «ընդունինք, դատապարտենք, ու այսքանով հարցը փակենք» կ՚ըսեն։ Իսկ ցեղասպանութիւնը ընդունիլը, զայն դատապարտելը, ու այդքանով հարցը փակելը ինքնին միայն ձրի խօսք է, բան մը չ՚արժեր, ոչ մէկ իրական վնաս կը պատճառէ Թուրքիոյ. կը նմանի մէկը չարաչար ծեծելուն, մահացու կերպով վիրաւորելուն, իր ամէն ինչը կողոպտելուն ու ատկէ ետք, առանց բանտ նստելու, առանց գողցուածը վերադարձնելու, «Ներողութիւն, սխալ ըրի, ուրիշ անգամ չեմ ըներ» ըսելուն ու այդքանով հարցը փակելուն։

Հայաջինջ սպանդը ուրացողները, հայութիւնը մխրճելով ցեղասպանութիւնը դատապարտելու պայքարին մէջ, ոչ միայն անոր ուշադրութիւնը պիտի շեղեցնեն բուն հարցէն՝ որ  հատուցումն է, այլեւ որքան շատ հայութեան պահանջներուն դէմ դիմադրեն այնքան աւելի «ցած գին» մը պիտի վճարեն այն օրը որ ստիպուին ցեղասպանութիւնը ընդունիլ։  Միւս կողմէն «հայամէտները», հայութեան պառակտումին նպաստելով, պիտի տկարացնեն անոր պահանջատիրական թափը հայեւթուրք քաղաքական սակարկութեան առիթով։

Մինչեւ այստեղ, իբրեւ թուրք ազգայնական, լիովին պիտի  համաձայնէի թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ «հայամէտներու» որդեգրած այս զոյգ – եւ երեւութապէս միայն հակասական-  քաղաքականութեան հետ։ Թուրքերուս խորամանկութիւնը գիտնալով՝ գոհունակութեամբ  պիտի մտածէի թէ ցեղասպանութիւնը ուրացողներն ու «հայամէտները» գաղտնապէս իրարու հետ համաձայնած են դերերու այս բաշխումին մէջ։ Բայց եթէ իրարու հետ համաձայնած ալ չըլլան՝ պիտի չմտահոգուէի, որովհետեւ, ինչպէս թրքական առածը կ՚ըսէ, «ամէն Թուրք՝ զինուոր կը ծնի» եւ հետեւաբար շարքային թուրք անհատն ալ գիտէ կողմնորոշուիլ իր ազգային ու պետական շահերը պաշտպանելու համար, նաեւ հեռահայեաց նպատակով, առանց որ այս առընչութեամբ իրեն թելադրութիւններ ընելու պէտքը զգացուի։

Մէկ բանի, սակայն, պիտի չհամաձայնէի, եթէ թուրք ազգայնական մը ըլլայի՝ հայ թրքական սահմանին փակումին։ Քանի որ Թուրքերուս նպատակն է մեր ազէրի եղբայրներուն միանալը, եւ Հայաստանը, իբրեւ մեր երկուքին միջեւ ծառացող պատուար, խոչընդոտ  մըն է մեր նպատակին իրագործման ճամբուն վրայ։ Ուստի սահմանը բանանք որպէսզի Հայաստանը այսպէսով պատուարի տեղ՝ կամուրջ դառնայ մեր եւ Ազէրպայճանի միջեւ։ Հայաստանը, արդէն թշուառ վիճակի մէջ է ու մեր ապրանքներով ողողուած, հետեւաբար եթէ սահմանը բացուի ա՛լ աւելի  պիտի լեցուի ոչ միայն մեր ապրանքներով, այլ նաեւ մեր դրամագլուխով, մեր գործակալներով, որոնց հետեւանքով երկրին տնտեսութեան մէջ միշտ աւելի դերակատար պիտի ըլլանք։ Միւս կողմէն, սահմանին բացումով Հայաստանի կապը դուրսի հետ մեր երկրէն պիտի անցնի ու մենք մեր ձեռքը երկրին տնտեսութեան  բանալին կ՚ունենանք  եւ Հայաստանը մեր ճորտ պետութեան կը վերածուի. որովհետեւ երբ ուզենք պիտի կարենանք որեւէ պատրուակով մը սահմանը փակել ու Հայաստանը ծունկի բերել։

Քանի աշխարհս կայ, ծովուն մէջ մեծ ձուկը կ՚ուտէ փոքր ձուկը. իսկ եթէ կ՚ուզենք որ այս կարելի չըլլայ՝ հարկ է պատուար մը դնել որպէսզի մեծ ձուկը փոքրէն բաժնուած ըլլայ ու չկարենայ անոր մօտենալ։ Այս պատուարը սահմանին փակումն է. անգամ մը որ սահմանը բացուեցաւ մեծ-ձուկ Թուրքիան դիւրաւ փոքր-ձուկ Հայաստանը պիտի ուտէ, մանաւանդ որ սահմանին բացումով՝ ոչ միայն նիւթական այլ նաեւ հոգեբանական պատուար մըն է որ պիտի փլի ու, մեծ անդոհանքէ մը ազատուելուն պէս, դարաւոր թշնամութիւնը յանկարծ բարեկամութեան պիտի փոխուի. երկուստեք երթալ-գալն ու Թուրքերու թափանցումը պիտի աւելնայ, գործակցութիւններ, բարեկամութիւններ պիտի հաստատուին, նաեւ յարաճուն չափով խառն ամուսնութիւններ։ Արդէն երկու ժողովուրդներու բարքերը շատ մը կողմերով նման են՝ նոյն տոլման եւ խորովածն ունինք, ընտանիքի, այր մարդու դերին  մասին քիչ-շատ նոյն ըմբռնումը, իրարու նմանող երաժշտութիւն, իրարու նմանող բարոյական կանոններ ու նիստ ու կաց եւ այլն։ Ուստի սահմանին բացումով կամաց-կամաց մեր մեծ նախնիներուն, Թաէլաթներուն եւ Քէմալներուն երազներուն պիտի հասնինք. առանց արիւն թափելու, կամաց-կամաց, խաղաղօրէն բայց անխուսափելիօրէն, Հայերը մեր մէջ պիտի ձուլուին։ Բաւ է որ չուզեն մեզի հետ ամենապաղ յարաբերութիւնները պահել. բաւ է որ մեր կողմէ սահմանը բանալէն ետք՝ Հայերը զայն փակ չպահեն…

Սուրէն Ծովիկեան

Nor Haratch

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

  1. Seyran says:

    Թուրքերը հաշվի կառնեն Ձեր ենթադրությունները

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031