Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հրանդ Տինքի «ծակ» կօշիկները թագ ու պսակ Են` հայատեաց գորշ գլուխներու (նահատակութեան 10-ամեակ). «Եռագույն»

Հունվար 19,2017 13:33

Համբիկ Պիլալեան

Վերյիշելով Հրանդ Տինքը. 2007-2017:

Սա պարզ բառերով պիտի ուզէի վերնագրել գրութիւնս, զոր նուիրուած է եզակի հայորդիի մը յիշատակին: Սակայն, ինչպէս միշտ, միտքս չարտօնեց ու ազգային արժանապատուութիւնս թոյլ չտուաւ նման «սխալ» գործել, որովհետեւ ցարդ թուրք զազրամիտ պետական համակարգը կը շարունակէ խծբծել, անարգել, ուրանալ եւ ստորագնահատել հայն ու Հայաստանը, Հրանդ Տինքի յիշատակն անգամ, ծաղր ու ծանկի ենթարկելով արդարութեան հասնելու ամէն ճիգ ու աշխատանք:

Ուստի, յարմարագոյնն էր կրկին վկայակոչել Հրանդի «ծակ» կօշիկները:
Իրօք, տասը տարի շարունակ այսպէս ըսած Թուրքիոյ արդարադատական համակարգը, իր ետին ունենալով «խորքային պետութեան» բոլոր լծակները, կրցաւ Հրանդ Տինքի դատական-պաշտպանական գործընթացները իրենց հունէն շեղել, մե՛րթ այլանդակ ու այլազան պատճառաբանութիւն յառաջ քշելով, մե՛րթ ստապատիր խօսքեր, շինծու խոստովանութիւններ եւ մտացածին քննութիւններ հրապարակելով, եւ շատ անգամ մարդակերի պահուածքով` թաքուն սպառնալիքներ ուղղելով բոլոր անոնց, որոնք արդարութիւն կը պահանջէին յանուն խօսքի ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման:

Ընդգծուածին ապացոյցը տուին Հրանդի պաշտպան փաստաբանները, որոնք շնորհիւ իրենց անդուլ եւ յամառ աշխատանքին, կամքին ու արդարատենչ ձայնին, ամէն ճիգ ի գործ դրին հասնելու արդարութեան, յաչս աշխարհին ցոյց տալու իսկական դահիճն ու անոր հովանաւորը, սակայն, ամէն անգամ որ դատաիրաւական արխիւները կը լրացուէին նոր փաստարկներով, ի յայտ կու գային վաւերական տուեալներ` սպանդին եղելութիւնը բացայայտող, յեղակարծօրէն կը ցցուէին շինծու խոչընդոտներ, որոնք արգելք կը հանդիսանային դատական ճիշդ գործընթացի շարունակութեան:
Այլ խօսքով, պիղծ թրքութիւնը «կը յաղթէր» արդարութեան հաշուոյն:

Պոլսահայ մտաւորական, խմբագիր ու հրապարակախօս Հրանդ Տինք իր ողջուց կրցած էր ամբողջ հասարակութիւն մը զգաստութեան հրաւիրել, խօսիլ ու քարոզել, բացատրել ու բացայայտել, բայց մանաւանդ շեշտադրել, որ արդի թուրքի թէ ազատամիտ քաղաքացիի առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է ճանչնալ իր մօտիկ անցեալի տխուր պատմութիւնը, իր պապերու կատարած սարսափելի սպանդը, ըմբռնել պատահածին` Հայոց ցեղասպանութեան ահաւորութիւնն ու հայրենազրկուի արհաւիրքը, առերեսուիլ այս բոլորին հետ եւ լծուիլ հայ-թուրք յարաբերութիւններու նորովի ձեւաւորման:

Աւելի՛ն. քաջասիրտ հայորդին եւ ազնուահոգի մտաւորականը, ապաւինած իր գիտական պատրաստութեան, մտքի լոյսին եւ հաւատքի զօրութեան, կանգնեցաւ թուրք հասարակութեան դիմաց, թափանցեց անոնց սրտերու ալքերը, վկայակոչեց իր սեփական պատմութիւնն անգամ, կշռադատեց քաղաքական դէպքերու ծանրութիւնը, լոյսին բերաւ պատմական իրողութիւններու եւ ընկերային անարդարութիւններու հսկայ պաստառներ, եւ ատոնցմով ուզեց ուշքի բերել արդի քաղաքացի թուրքը, քիւրտը, ալաուին, զազան եւ այլ փոքրամասնութիւններ:

 

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031