Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Պատրիարքական ընտրական կանոնադրութեան նախապայմանը կը խոչընդոտէ ժողովրդավար, արդար ընտրութիւնը

Սեպտեմբեր 25,2019 22:30

Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւն հասած է 23 սեպտեմբեր 2019-ին։ 1961, 1990 եւ 1998 թուակիր պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւնները բնական թեկնածու ներկայանալու եւ պատրիարքանալու կարելիութիւն կու տար այն հոգեւորականներուն, որոնք ի հօրէ թրքահպատակ էին, անկախ իրենց պաշտօնավարման կամ բնակութեան վայրէն։

Մինչդեռ 2019-ի կանոնադրութիւնը, ընդհանուր գիծերու մէջ կրկնելով հանդերձ իր նախորդները, որպէս պատրիարքութեան թեկնածութեան նախապայման կը դնէ ըլլալ «Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան յատկացեալ եպիսկոպոսաց դասուն» անդամ։ Այս կէտը ի սկզբանէ իսկ կը խոչընդոտէ ժողովրդավար ու արդար ընտրութեան մը կազմակերպումը՝ բոլոր թեկնածուներուն մասնակցութեամբ։

Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան դպրեվանքը տարիներ առաջ փակուած է եւ ան փաստօրէն զրկուած է հոգեւորականներ հասցնելու կարելիութենէն։ Ուրեմն աթոռը երեք եպիսկոպոս միայն ունի այժմ։ Այս կանոնադրութեամբ դրուած նախապայմանը ակնյայտ է որ մեծ նեղութիւն մը պիտի ստեղծէ հայ համայնքին առջեւ՝ ապագային պատրիարքական ընտրելիներ գտնելու ուղղութեամբ։

Ուստի, երբ նկատի առնուի նաեւ հանրապետական շրջանին կայացած պատրիարքական ընտրութիւններու արդիւնքին պատրիարք ընտրուած անձերուն մեծ մասամբ (Խաչատուրեան, Գալուստեան, Գազանճեան) արտասահմանի պաշտօնավարութենէն Պոլիս գալու հանգամանքը, անկարելի է իրաւացի չնկատել Պոլսոյ պատրիարքութեան նիւթին շուրջ յայտնած անհանգստութիւնը։

Ուրեմն,

-Ինչո՞ւ արտասահմանի բնական թեկնածուներուն մասնակցութեան կարելիութիւն չընձեռող յօդուած մը աւելցուած է Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութեան, հակառակ 1961-ի, 1990-ի եւ 1998-ի կանոնադրութիւններուն։

-Ինչո՞ւ արգելք կը դրուի արտասահմանի՝ ի հօրէ նախկին թրքահպատակ թեկնածուներու ընտրութեան մասնակցութեան, երբ փակուած է Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան դպրեվանքն ու նոր հոգեւորականներ պատրաստելու ուղղութեամբ կան լուրջ խնդիրներ։

-Խնդրոյ առարկայ յօդուածին վերաբերեալ իրենց անհանգստութիւնը արտայայտած են նաեւ պատրիարքական տեղապահն ու կրօնական ժողովի ատենապետը։ Ի նկատի ունենալով նաեւ Սահմանադրական ատեանի 10 յուլիս 2019 թուակիր որոշումը, ըստ որու խախտուած է կրօնական ազատութիւնը, չի նշանակե՞ր արդեօք, որ ձեր կառավարութիւնը կը շարունակէ տակաւին միջամտել Հայոց եկեղեցւոյ ներքին գործերուն։

Կարօ ՓԱՅԼԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30