Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 10 Նոյեմբեր 2026, Երեքշաբթի, ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի քաղաքավարական այցելութիւնը։
Մեծայարգ հիւրը յայտնեց, որ իր Ստանպուլ անդրանիկ այցելութեան ընթացքին փափաքած էր ծանօթանալ Թուրքիոյ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին՝ Հայոց Պատրիարքութեան եւ մեր Հոգեւոր Պետին հետ։ Իր ազգականը՝ Կարօ Համամճեան կ’ընկերանար իրեն:
Նորին Ամենապատուութիւնը սիրով հիւրասիրելով մեծայարգ հիւրը, շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար: Մեր Հոգեւոր Պետը տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի, Հայ համայնքի մասին, յաջողութիւն մաղթեց մեծայարգ հիւրին եւ ընդգծեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մերձեցման գործընթացին կարեւորութիւնը։
Պատրիարքութիւն Հայոց



















































