Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Փութինի նոր զէնքը, որ կը կոչուի Պրիքս

Հուլիս 23,2015 17:15

Արեւմուտքի կատարած բոլոր սեղմումներուն դիմաց Ռուսիա կը շարունակէ մնալ անդրդուելի: Անցեալ  Դեկտեմբերին երկիրը հարուածած  տնտեսական «շինծու» տագնապէն ետք  Ռուսիոյ նախագահը   տնտեսական տարբեր ոլորտներու մէջ կարեւոր եւ երեւելի բարենորոգչական ծրագիրներու զարկ տալով կրցաւ  «ներծծել» այդ տագնապի    հետեւանքները: Ռուսիոյ թիւ մէկ առաջնորդը   լաւ ըմբռնած է, որ  ամերիկեան քաղաքական գրոհին հիմքը    գլխաւորաբար տնտեսական սեղմումներ     կատարելն է: Այդ գրոհներուն ամէնէն երեւելին Ուքրանիոյ տագնապն է, որուն    հանգոյցին  ամէնէն սեղմուած օղակին  մէջ   Ուքրանիան  Ռուսիայէն տարանջատելու երեւելի ճիգը կար: Այս պատկերին դիմաց Փութինի համար այսօր հիմնական   նոր խաղաքարտը կը կրէ  Պրիքս անունով ճանչցուած տնտեսական   կառոյցը:

Պրիքսը հիմնուած է 2009 թուականին (նախ անուանուած է ՊՐԻՔ (Պրազիլ, Ռուսիա, Իրան եւ Չինաստան) եւ աւելի ուշ 2010-ին  Հարաւային Ափրիկէի  կառոյցին միանալով  կառոյցը վերանուանուած է  ՊՐԻՔՍ): Այսօր նոյն ՊՐԻՔՍ-ին Ռուսիայէն զատ մաս կը կազմեն ՝Չինաստան, Հնդկանսատն,   Աֆղանիստան, Մոնկոլիա,  Իրան, Պրազիլ եւ Հարաւային Ափրիկէ:   Օրեր առաջ     Ռուսիոյ  Բէշկիրա  ինքնավավար մարզի մայրաքաղաք ՝ Օֆայի  մէջ տեղի ունեցած    Պրիքսի  ֆորումի բացումին Փութին ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով իր տնտեսական զէնքերը սեղանին վրայ դնելով կը վստահեցնէր, որ Չինաստան Ռուսիոյ համար  անփոխարինելի եւ ռազմավարական  դաշնակից է: Փութինի խօսքին մէջ կարեւոր այլ շեշտադրումն մը եւս կար: Անոր խօսքով  Պրիքս-ը այսօր աշխարհի բնակչութեան  գրեթէ կէսը   համախմբող կառոյց է: Ռազմավարական հիմքով ստեղծուած այս մարմինը կարեւոր հեռանկար ունի: Կառոյցը տնտեսական    ծրագիրներու արդէն  պատրաստի փաթեթ մը  պատրաստած է եւ այդ ծրագիրները  կ’երկարին մինչեւ 2025  թուական:

Putin and gold

Ի՞նչ է Փութինի թելադրանքը այստեղ: Զինուորական գրեթէ բոլոր գետիններուն վրայ  անխախտ մնացած Ռուսիա իր ձեռքին մէջ կը պահէ   Չինական եւ Հնդկական  գոնսէբթները:  Մինչ  օրս երկու նշեալ երկու կորիզային հզօրները լուռ կերպով կը հետեւին Սուրիոյ, Իրաքի եւ Ուքրանիոյ տագնապներուն,  Ռուսական կողմը կը հաւաստիացնէ, որ    իրենք ընկճուած կողմ  ու մանաւանդ անտեսուած տէրութիւններ չեն:  Փութինի յաջողութեան մեծագոյն գրաւականը Սուրիոյ մէջ դիմակայելը եղաւ ու հակառակ  համաշխարհային մասշտաբի   Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար Ասատին դէմ եղած  բուռն քննադատութիւններուն  խաղը մնաց հիւսիսի հզօրին ձեռքը: Այս խնդրէն զատ   Ռուսիա հակառակ Սուրիոյ խնդրին շուրջ Թուրքիոյ հետ իր ունեցած տարակարծութեանց   մերձեցում ցուցաբերեց Էրտողանի իշխանութեանց եւ Փութին Անգարա հասնելով տնտեսական ու յատկապէս կազային կարեւոր  համաձայնութիւններ կնքեց: Այս բոլորին զատ պէտք է շեշտադրել ,  Սէուտական Արաբիոյ ռուսներուն հետ լեզու գտնելու ճիգը, որ ամէն առիթի  բախեցաւ    քաղաքակիրթ մերժումներու: Հակառակ անոր, որ Ռուսիա  միլիառներ արժող տնտեսական համաձյանգրեր կնքեց   Րիատի հետ եւ մեծ պատիւներով ընդունեց թագաւորութեան փոխ  գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Նայէֆ իշխանը Մոսկուայի թելադրանքը  Սիւննիներուն մնաց նոյնը : Փութին առանց երկմտելու կ’ըսէր ՝ «Գացէք եւ ձեր հարցերը կարգաւորեցէք Թեհրանի հետ»: Ռուսական քաղաքականութեան ամրութեան ամէնէն կարեւոր ցուցանիշը  իր դաշնակիցները չզոհելու մարտավարութիւնն է, եւ այս մօտեցման լաւագոյն ապացոյցը  Ասատի իշխանութեան  վրայ մնալու առընթեր Ռուսիոյ անմնացորդ  ճիգն ու վճռակամութիւնն է: Արեւմտեան   դէտեր քանիցս հարցադրումներ ըրած են, թէ արդեօ՞ք Փութին  յարմար պահու մը պիտի «ձերբազատուի»  Ասատէն ու անոնց հարցադրումները մնացած են օդին մէջ: Ռուսիա լաւ գիտէ, որ Ասատի իշխանութիւնը «սրբութիւն սրբոց» մը չէ սակայն գիտէ նաեւ, որ Ասատի հրապարակէն հեռանալով  պիտի սկսի «տաք ջուրերէն» իր հեռացման նախնական գործընթացը:  Փութին չէ մոռցած Լիպիոյ եւ Իրաքի մէջ իրականցուած սցենարները, ուր  տեղի «բռնակալներ»ը կրծելու  պատրուակով արեւմուտքը  քաոս ստեղծելէն ետք արիւնոտ ձեռքերով այսօր եւս կը ծծէ  տեղի  հիմնական հարստութիւնը ՝ նաւթը:

P-brics putin1

Ռուսիա կարեւոր դեր ունեցաւ նաեւ Իրան- Արեւմուտք համաձայնութեան  համար տարուող բանակցութիւններու ամբողջ ընթացքին մէջ: Իրանցիները  տակաւին երկար շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն այդ առումով  իսկ  համաձայնութեան գոյացումէն ետք անոնք պիտի անդամակցին «Շանկհայի համագործակցութեան  կազմակերպութեան» որ դարձեալ ստեղծուած է ռուսական ճիգերով եւ  որուն  Չինաստանէն զատ մաս կը կազմեն Ղազախստան, Տաճիկիստան, Խըրխզիստան եւ Ուզպէքիստան:     Պրիքս եւ Շանկհայի  տնտեսական ֆորումները աճող  կառոյցներ են: Անոնք տնտեսական օրակարգ թելադրող   ներուժ ունին: Նախ ունին մեծաթիւ, չըսելու համար հզօր բնակչութիւն հետեւաբար նոյնպէս ունին  սպառող եւ արտադրող լայն հասարակութիւններ:

 

Այս տուեալներուն դիմաց    Եւրոպական Միութենէն ներս տեղի ունեցող խլրտումները ու յատկապէս Յունաստանի մէջ արձանագրուած դէպքերը ու  «Ո՛չ» խորագիրը բարձրացուցած քուէահամարը ցոյց տուին, որ Եւրոպայի  տնտեսական  միասնութիւնը առաջուան երանգները չունի: Տակաւին ով կրնար պատկերացնել, որ եւրոպական ընտանիքին ամէնէն թոյլ օղակներէն մին համարուող Յունաստանի  երիտասարդ վարչապետ Ալէքսիս Ցիբիրաս  եւրոպական ընտանիքին խորհուրդներ պիտի տար  հեռու մնալու ի սպառ բաժանումներու եւ ջլատումի վտանգներէն: Յունաստանի ձախակողմեան ղեկավարը նաեւ գիտէ, որ Պրիքսին անդամակցելու   խնդիրը կարեւոր  նախաքայլ մը պիտի ըլլայ նոր բեւեռացումներու  ուղուող աշխարհին համար: Ու այս ընդհանուր օրակարգէն հիմնական օգտուողը պիտի ըլլայ Ռուսիան, որ իր շարքերուն մէջ պիտի ներառնէ ոչ միայն Յունաստանը այլ բազում երկիրներ, որոնք տնտեսական սուր  տագնապներու եզրին են ( օրինակ Սպանիան, Փորթուկալը եւ այլ երկիրներ): Այս նոր հաւանական սցենարներուն դիմաց Միացեալ Նահանգներ, որուն ներկայ ղեկավարութիւնը կը թուի յոգնած ըլլալ ընդհանուր իրավիճակներէն որոշած է մինչեւ 2017 թուական այսինքն Օպամայի նստաշրջանին աւարտը   ժամանակ շահիլ եւ խուսանումներ կատարել բոլոր ճակատներուն վրայ:

Թէ ինչ հանգամանքներ կրնայ ունենալ Պրիքսեան  համախմբումի  այս  կարեւոր  ժողովը այդ մէկը պարզ կը դառնայ տնտեսական   նոր  ազդակներու  երեւումով: Միով բանիւ երեւելի է, որ այս երկիրներուն միջեւ առկայ դաշինքը միայն տնտեսական չէ այլ  ընդունինք կամ ոչ ունի գաղափարական հիմք: Փութին  հակառակ իր երեսին նետուած մեղադրանքներուն երբեք նպատակ չունի նոր Խորհրդային Միութեան մը մանրակերտը  հիմնելու: Ան լաւ գիտէ, որ  այդ հանգրուանը կը պատկանի պատմութեան:  Գիտէ նաեւ, որ այսօրուան աշխարհին մէջ տնտեսական  կարելիութիւններու,  նոր տեսլականով    ֆինանսական տարբեր շերտերուն հետ լեզու գտնելու մօտեցումները  դարձած են առաջնահերթութիւն:   Այսօրուան աշխարհը կը խօսի  ոչ թէ իզմերու այլ շահերու լեզուով: Ճիշդ նաեւ, որ տնտեսական  խնդիրներու եւ  խաւերու միջեւ շեշտակի  տարբերութիւններով ապրող Ռուսիան ունի բազում հարցեր:  Բայց եւ այնպէս    միջազգային տարբեր թղթածրարներու մէջ յաջողութիւն եւ տիրական ներկայութիւն գրանցած Փութին ռուսներուն համար այլընտրանք չունի:

Ռուսական մօտեցումէն գոհ են  յատկապէս Պրիքսի  անդամները: Ատկէ զատ  այդ երկիրներուն ունեցած մարդկային հզօր ներուժը եւ տնտեսական  կարելիութիւնները Ռուսիոյ համար զինուորական հզօրութիւնէն անդին տնտեսական կարեւոր զէնքեր կը համարուին:

Այս մասին պէտք է մտածէ  յատկապէս եւրոպական ընտանիքը, որ սա պահուն    տնտեսական սուր տագնապներու նախասեմին է: Փութին զինուորական հզօրութեան կողքին նոր զէնքերու լեզուով կը խօսի ու այդ զէնքերուն ամէնէն ուժականներէն մէկը կը կոչուի ՝ Պրիքս:

 Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031