Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական և ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողով

Հունվար 25,2016 20:40

2016 թ. յունուարի 21-23-ին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի հրաւէրով տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական և ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողով, Երեւանի Հ.Յ.Դ. Արամ Մանուկեան երիտասարդական կեդրոնէն ներս:

Աշխարհի մօտ 20 երկիրներու մէջ գործող (Հայաստան, Արցախ, Գանատա, Ա.Մ.Ն., Հարաւային Ամերիկա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Աւստրիա, Շուէտ, Իրան, Լիբանան, Սուրիա…) Հ.Յ.Դ. երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու 30 ներկայացուցիչներ քննարկեցին միութիւններու կազմակերպական վիճակին, սփիւռքեան համայնքներուն մէջ հայապահպանութեան խնդիրներուն, դաշնակացական երիտասարդներու գաղափարաքաղաքական պատրաստուածութեան, Հ.Հ. ներքաղաքական եւ ընկերային իրավիճակին եւ արտաքին հիմնախնդիրներուն առընչուող հարցեր։

Խորհրդաժողովին ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ երիտասարդական հարցերու պատասխանատու՝ ընկեր Վիգէն Եագուպեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու՝ ընկեր Սարգիս Մկրտչեան: Նաեւ դասախօսութեամբ ներկայացաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկեր Կիրօ Մանոյեան:

Մասնակիցները նախ լսեցին միութիւններու անցնող երկու տարիներու գործունէութեան մասին զեկոյցներ, տեղեկացան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի աշխատանքներու ու որդեգրած քաղաքական ուղեգծի մասին, ապա խորհրդակցեցան նոր ծրագիրներու եւ գործելադաշտերու շուրջ:

Ժողովը յատուկ կերպով քննարկեց շրջաններու կողմէ իրականացուող պատանեկան ճամբարներու ծրագիրները, որոնք տեղի կ՚ունենան Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններէն ներս, եւ հաստատեց շարունակել հայրենի հողին վրայ կազմակերպուող ամառնային ճամբարները եւ ընդլայնել գործունէութեան ոլորտն ու կիրառել նոր ձեւեր եկող երկու տարիներուն ընթացքին:

Քննարկման առարկայ դարձան միջազգային երիտասարդական կազմակերպութիւններու շրջանակներու մէջ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի յառաջիկայ գործունէութեան առաջնահերթութիւնները եւ անելիքները։

Մասնակիցները կարեւորեցին դաստիարակչական արդի նիւթերու անհրաժեշտութիւնը, որը պիտի նպաստի աւելի զարգացած միութենականներ ունենալու նպատակին։ Շեշտուեցաւ  քարոզչական նոր ձեւերու կիրառելու անհրաժեշտութիւնը՝ միութիւններու աշխատանքներու մասին լրատւութիւնը աւելի արագ ու աւելի լայն շրջանակի հասցնելու նպատակով։

Խորհրդաժողովը անդրադառնալով Երկրին մէջ առկայ ընկերային բազմաթիւ հարցերուն, որոնցմէ են հայրենի երիտասարդութեան ու ուսանողութեան խնդիրները, վերահաստատեց իր վճռակամութիւնը շարունակելու բարձրաձայնել այդ հարցերը եւ պայքարելու ընկերային արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ։

Ժողովը հաստատեց, թէ իր կազմակերպական համահայկական կառոյցի ճամբով պիտի շարունակէ համախմբել սփիւռքի եւ հայրենիքի երիտասարդութիւնը՝ ազգային, քաղաքական եւ գաղափարական հարցերու շուրջ:

Որոշուեցաւ ապահովել բոլոր շրջաններու համադրուած գործակցութիւնը՝ դիմադրելու եւ հակազդելու համար Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի պետական եւ լոպպիիստական խումբերու հակահայ աշխատանքներուն եւ սփռուող ապատեղեկատուութեան:

Խորհրդաժաողովի աւարտին, բոլոր շրջանները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ ամբողջ կարողականութեամբ ծառայելու հայ ազգի եւ հայրենիքի շահերուն եւ Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարին:

Հ.Յ.Դ. ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031