yerakouyn.com. Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2016-ին, շարունակուեցաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի զանազան բնակելի շրջաններու վրայ հրթիռակոծումը: Թէեւ ոչ անցած տասն օրերուն նման: Կէսօրուան ժամերուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ Վիլլաներու շրջանը: 4 հրթիռներ ինկան, երկուքը պայթեցան, իսկ միւսները՝ ոչ: Բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չկան: Կան նիւթական վնասներ, կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:
Նշենք, թէ Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2016-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ փորձեցին յարձակիլ Հալէպի արեւմտեան շրջանի ալ-Զահրաա թաղամասին վրայ, սակայն սուրիական բանակը անմիջապէս զինուորական ծանր գործողութիւններ կատարելով կասեցուց զինեալ խմբաւորումներու ներս թափանցումը:
Միւս կողմէ, զինեալ խմբաւորումներ շարունակեցին տասնեակներով հրասանդեր հրթիռներ եւ արկեր արձակել Հալէպի զանազան շրջաններու վրայ:
Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող «ալ-Նուսրա» ճակատին դաշնակից համարուող «ալ-Պատըր» խմբաւորումի կողմէ հռիռակոծման թիրախ դարձաւ «ալ-Տապպիթ» մայրանոց-հիւանդանոցը, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ՝ ամբողջութեամբ հիւանդապահուհիներ, յղի մայրեր եւ նոր ծնած փոքրիկներ, ամէնէն ողբերգականը՝ մէկ վայրկեան առաջ ծնած փոքիկին սպաննուիլն էր:
Կարդացեք նաև
«Ալ-Տապպիթ» մայրանոց-հիւանդանոցը եղաւ 5-րդ հիւանդանոցը, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին հրթիռարձակումներու թիրախ դարձաւ: