Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայ երաժշտութեան գիշեր՝ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ

Օգոստոս 08,2023 15:51 Share

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Աստուածածնայ Ուխտի Շաբթուան ծիրէն ներս, 7 Օգոստոս 2023, Երկուշաբթի, ժամը 21.00-ին տեղի ունեցաւ Հայ երաժշտութեան գիշեր, կատարողութեամբ Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճուի եւ Գերմանիայէն հիւրաբար քաղաքս ժամանած Առէն Էմիրսեանի։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը գլխաւորեց սոյն հանդիսութեան իր մօտն ունենալով՝ Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Ներէս Քհնյ. Այվազեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու վարիչներ, ինչպէս նաեւ յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեան։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզը բոլորովին լեցուած էր հանդիսատեսներով, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ հետեւեցան երեկոյեան։

Երեկոյթը սկիզբ առաւ Մարալի երգեցողութեամբ եւ Առէնի կիթարի նուագակցութեամբ կատարուած «Սարերի հովին մեռնեմ» երգով։ Յաջորդաբար, Մարալ ողջունեց ներկաները եւ ծանօթացուց հիւր երաժիշտը, շեշտելով իր Պոլսահայ արմատները։ Էմիրսեան առաջին անգամ Պոլիսի մէջ հանդէս եկած էր նման երաժշտական հանդիսութեամբ մը, եւ ինք եւս խոստովանեցաւ որ ակնկալածէն շատ աւելի կենսունակ հաւաքականութիւն մը գտած էր իր մօտ։ Մարալը նաեւ յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Յարութիւն Վարդապետին եւ Սեւան Աթաօղլուին, որոնց գործակցութեամբ այս գիշերը կազմակերպուած էր։

Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցան «աքուստիք» ոճով Հայերէն երգեր, որոնցմէ մին գրի առնուած էր Էմիրսեանի հանգուցեալ հօր կողմէ։ Այդ առիթով երգակցեցաւ նաեւ Էմիրսէի դուստրը՝ Վէրոն Էմիրսեան։ Հանդիսութեան ընթաքցին ներկայացուեցան նաեւ եզակի գործեր, որոնք բանաստեղծութեան տողերով յօրինուած էին։

Զգայացունց երեկոյթի աւարտին, Մեր Հոգեւոր Պետը յուշանուէրներ յանձնեց օրուայ երգիչներուն, իրենց մաղթելով ամենայն բարիք։ Այս առթիւ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ՝ իրապէս անկեղծ մթնոլորտի մէջ իրականացած այս հանդիսութիւնը յայտնի էր թէ ոգեւորած էր բոլոր մասնակիցները։ Այս մէկը առիթ եղած էր, որ Հայ երգը հնչէ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։

Յատկապէս հիւր երաժիշտը անծանօթ անուն մըն էր շատերուն համար, սակայն իր կատարողութիւնը յայտնի կ՚ընէր, թէ՝ արդէն իսկ վարպետացած էր երաժշտական մարզէ ներս։ Գնահատելի էր Պոլսահայ սիրուած երգչուհի Մարալի հետ պատրաստած իր ներկայացումը։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց նաեւ Հայր Սուրբն ու Սեւան Աթաօղլուն, ուրախութիւն յայտնելով որ պատանիներ ու երիտասարդներ իրենց տաղանդը ցուցադրելու դաշտը կը գտնէին եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։

Հանդիսութեան աւարտին, Մարալն ու Առէնը ներկաներու մեծ հետաքրքրութեան արժանի եղան։

Պատրիարքութիւն Հայոց

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031