Շաբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ։
Հանդիպման առանցքը հանդիսացան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց յառաջիկային Երեւանի մէջ կայանալիք Ս.Դ.Հ.Կ.ի 23-րդ համագումարին։


















































