Գործող իշխանութիւններու խորհրդարանական մէկ ներկայացուցիչին սփիւռքի մասին կատարած յայտարարութիւնը ըստ էութեան հետեւեալ հիմնական միտքը ներառած է:
Սփիւռքը ունի երկու գործառոյթ: Կա՛մ սփիւռքահայը պէտք է վերադառնայ Հայաստան, կա՛մ ալ կապ հաստատէ կառավարութեան հետ ըսելու համար, թէ ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար դառնալ Հայաստանին: Այս միտքերու հիմնաւորումներուն ընթացքին ներկայացուած են նաեւ տեսակէտներ, թէ առեղծուած է յայտարարելը, թէ հզօր սփիւռք կ՛ենթադրէ հզօր Հայաստան, եւ թէ սփիւռքի հզօրացումը համազօր է Հայաստանի տկարացումին:
Այս վերջին վարկածին տեսադաշտը Հայաստանէն արտագաղթածներու սփիւռքն է: Փաստօրէն ամբողջովին դուրս եկած է յետցեղասպանական, դասական սփիւռքը իր կառոյցներով եւ կազմակերպութիւններով:
Հիմա, արդէն մօտեցանք իշխանութիւններու ընդհանուր առաջադրանքին. կամ, նոյնացաւ յայտարարութիւնը «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող զանգուածին հանդէպ որեւէ պատասխանատուութիւն չունի կառավարութիւնը: Պատասխանատուութիւն չունենալ կը նշանակէ նաեւ որեւէ ծրագիր չունենալ: Ընդհանրապէս կապ չունենալ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու հետ:
Կարդացեք նաև
Հիմնաւորումներուն մէջ նաեւ կայ հաստատում, որ սփիւռքը որեւէ կշիռքի կարգ չունի Հայաստանի յարաբերակցութեամբ եւ թէ սփիւռքը իրաւական կեդրոն չունի, մէկ հասցէ չունի, որուն կարելի է դիմել:
«Իրական Հայաստան»-ին այս ձեւով կը զուգորդուի «Իրական սփիւռք»-ը, որ ունի երկու ընտրանք եւ գործառոյթ: Վերադառնալ Հայաստան կամ սպասարկել կառավարութեան օրակարգին: Իսկ կառավարութեան օրակարգը հիմնականին մէջ սատարելն է Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:


















































