Լրահոս
Տատիս բաժակը
Օրվա լրահոսը

Ո՞վ Սպանեց Հրանդ Տինքը. karabakh-open.info

Հունվար 19,2015 12:59

«Միայն Գաղափարն է որ ո’չ մահ ունի, ո’չ դատաւոր, ո’չ գերեզման եւ ո’չ դագաղ»

Սիամանթօ

karabakh-open.info. Հրանդի շիրիմին առջեւ լռութեամբ կենալ: Հրանդը այնտեղ չէ: Անոր գաղափարը կը թեւածէ ամէն տեղ: Հեռուներէն վերադարձող ոգիի մը պէս: Դառնալու բաժին մը մեզմէ:

Խորքին մէջ ո՞վ սպաննեց Հրանդ Տինքը:
Անոր սպաննութեան գործը քննող դատավարութիւնները կրնան երկարիլ, կրնան վաղը նոր բացայայտումներ ըլլալ եւ լրահոս պատմէ ոստիկաններու, շրջաններու կառավարիչներու եւ կուսակալներու ձերբակալման մասին:

Երբ ընկերոջ մը հետ Գում Գաբուի մէջ գտնուող Պոլսոյ պատրիարքարանի նեղ թաղէն դուրս եկանք սաստիկ անձրեւ էր: Տեսակ մը լարուած էինք: Մենք մեր ճակատագրին դիմաց: Տեսակ մը անզօր: Տեսակ մը տկար:

Խորշանք մը կար ամէն քայլի: Անձրեւը կը լուար թաղերուն սալայատակները: Դիմացը արաբերէն գրուած ցուցանակներ կային: Հաւանաբար սուրիացիներ գաղթականներ եկած էին իրենց օրուան հացը ճարելու: Գետնին՝ ջուրի հոսանքները կը շատնային ու անձրեւը կը դառնար հեղեղ: Դեղին թաքսին կարելի եղաւ կանգնեցել եւ ծանր ու հինցած թրքերէնով վարորդին բացատրել մեր ճանապարհին ուղղութիւնը:
Առանց անուն տալու պիտի հասնէինք հոն:

Թերեւս պիտի չուզէինք Հրանդի անունը տալ կամ յիշատակել «Ակօս»ը :
Ընդհանուր շրջանին անունը տուինք ու նստանք: Խճողում, լարում, ու դուրսը ծանր փոթորիկ:
Վարորդը անսպասելիօրէն կանգ կ’առնէր «Ակօս»ի դիմաց եւ կ’ըսէր՝

Հո՛ս, զարկին մարդուն:
Տխուր հայացքով մը գլուխը կը շարժէր ու կը սպասէր, որ դուրս գանք ինքնաշարժէ:
Հասած էինք Թաքսիմ: Հրանդի սպաննութեան վայրը:
Ոչ մէկ խօսք, ոչ մէկ անդրադարձ:

Պարզապէս Հրանդի թարմ վէրքը մեր մէջ կրելով կը հետեւէինք Պոլսոյ սրտի զարկերուն: Քաղաքի պոլսոյ նեղ ու խոնաւ թաղերուն մէջ Հրանդի ոգին կար:

Դժուար էր հասկնալ զինք:
Նախ եւ առաջ թուրքերուն ըսելիք ունեցող, իր բառերը առանց ծամծելու ըսող, քաջօրէն դիմադրող: Դիմացի ընդդիմախօսին տեսակէտը յարգող, խիզախ գրիչն էր ան: Ըսելիք ունէր նաեւ սփիւռքահայութեան ու վստահ եմ, որ անոր խօսքին ամէնէն նուիրական մասը տակաւին չէ հասկցուած սփիւռքի մէջ: Իր նահատակութիւնը յաջորդող ամիսներուն սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ Հրանդը դարձաւ խորհրդանիշ:

Այդ խորհրդանիշը տարբեր անկիւններէն դիտուեցաւ, անոր պատկերները դրուեցան ամենուրէք: Իր մտածումները հնչեցին բարձրաձայն: Բայցմիտքը մնաց անհասանելի:

Սփիւռքի համար Հրանդի մօտեցումները ամբողջութեամբ մարսուելիք գաղափարներ չէին: Բոլորովին այլ պատմութիւն էր Հայաստանի պարագան: Հրանդի մահէն անմիջապէս ետք Հայաստանի ամէնէն հեռաւոր շրջաններուն մէջ բողոքի երթեր եկան: Նորէն Հրանդի պատկերները թափօրներուն առջեւ դրուեցան ու անոր յիշատակին խունկ ու մոմ վառեցին: Հրանդի մահուան խորհուրդին մէջ ամէնէն երեւելին թրքատեացութեան մասին եղած շեշտն էր:
Հարցում ո՞վ էր Հրանդը սպաննողը: Թո՞ւրքը: Ի՞նչու սպաննեց: Որովհետեւ հա՞յ էր:

Եւ այս հարցումներու տարափին տակ անցնող հարիւր տարիներու երկաթեայ ծանրութիւնը:
Սակայն արդեօ՞ք Հրանդ այդ ատելութեան համար մեռաւ:

Հրանդ շատ լաւ գիտէր թուրքիան ու գիտէր նաեւ որ իր ըրածը հեշտ ճանապարհով պիտի չըլլար: Հրանդ գիտեր, որ իր խօսքը ընդունելի չէր ո՛չ թուրքին եւ ո՛չ ալ հայուն համար:

Բայց վճռած էր անցնիլ գետին միւս ափը: Վճռած էր նետուիլ փրկուելու համար: Ու իր ցատկելէն ետք անոր համար ոչ մէկ կարեւորութիւն ունէր իր ճակատագիրը:
Հայերուն վիրաւոր սրտին նայելով Հրանդ չխօսեցաւ ատելութեան մասին: Ու երբ թուրքերու աչքերուն մէջ նայեցաւ չխօսեցաւ ցեղասպանութիւնը բռնի կերպով ճանաչնալու մասին: Անոր խօսքը, ապրումը, կիրքը, բառը ունէին մէկ երանգ:
Մարդուն խօսքը մարդուն տալ:

Ատոր համար էր Հրանդ: Ու յաջողեցաւ իր բառին արձագանքը ուղղարկել՝ երդիքէ երդիք, երկիրէ երկիր եւ սահմանէ սահման:
Այսօր Հրանդի նահատակութեան 8-րդ տարելիցն է:

8 Տարիներ առաջ ուրիշ էր կացութիւնը եւ այսօր ուրիշ:
Իր յօդուածներէն մէկուն մէջ Հրանդ մեծագոյն երազ կը համարէր, որ հայերը եւ թուրքերը միասնաբար նշեն հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը: Ու հակառակ անոր, որ մեծ ու ծանր հոսանքներ կը փչեն ամէն տեղէ եւ թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն հեռու մնալ պատմութեան հետ առերեսուելու կամքը դրեսեւորէ, այսօր հեռու չենք այդ օրէն:

Հրանդ դարձեալ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ ամօթ կը համարէր, որ հայերս աշխարհի կարեւոր տէրութիւններէն Օսմանեան թուրքիոյ կողմէ կատարուած ցեղասպանութեան ճանաչումը մուրանք: Ան նաեւ կը զգուշացնէր, որ ցեղասպանութիւնը հեռու պահենք քաղաքական շահարկումներէ: Այս խօսքին համար վստահ եմ, որ մեզմէ շատեր պատրաստ էին զինք խաչը հանել:

Հրանդի համար ցեղասպանութեան խնդրին էութիւնը անվիճարկելի էր ու ինք լաւ գիտեր այդ հողերուն մէջ աղաղակին զօրութիւնը:
Այդ հզօր աղաղակը, բողոքի այդ մեծ ալիքը զինք հանգիստ կեանք վարող եւ ինքնամփոփ պոլսահայու իրավիճակէն դուրս նետեց ու դարձցուց հոսանք:
Կը մնայ հարցումը:

Ո՞վ սպաննեց Հրանդը ե ինչո՞ւ սպաննեց: 70 Միլիոն թուրքիոյ մէջ աղաւնիի վախով սրդողած այս գիրի զինուորը ի վերջոյ ինչ վնաս ունէր տալիք թուրքիոյ:

Ո՞վ սպաննեց Հրանդը եւ ինչո՞ւ սպաննեց :
Սպաննեց, որովհետեւ ուզեց սպաննել անոր ծրագիրը:
Սպաննեց, որովհետեւ ուզեց սպաննել Հրանդի մարդկային տեսակը:

Սպաննեց, որովհետեւ ուզեց լռեցնել անոր մէջ կուտակուած մէկ դարու աղմուկը ու փակել անոր անունը ցաւի կափարիչներով:
Սակայն Հրանդ մնաց իր բարձրութեանը վրայ :

Անզիջող, անպարտելի:
Անոր սպաննութեան խարանը մեր բոլորին վզին է:
Ի վերջոյ գործ կայ ընելիք ու հարցումը, որ կը տրուի անիմաստ կը դառնայ:
Որովհետեւ Հրանդ չէ մեռած: Հրանդ կ’ապրի ու պիտի ապրի մեր մէջ:

Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031