Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Դաշնակցութիւնը իր 136 ամեայ հայրենանուէր գործունէութեան ընթացքին կատարած է սխալներ եւ կատարելապէս գիտակից ու պատասխանատու է անոնց համար, որոնց դատաւորը, սակայն, միայն ու միայն իր հարազատ ժողովուրդն է»

Սեպտեմբեր 23,2026 10:57 Share
hyd

ՀՅԴ Իրանի Հիւսիսային եւ Հարաւային շրջաններու, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէներուն յայտարարութիւնները, ուր կը դատապարտուի Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ հնչեցուած Դաշնակցութիւնը «արմատախիլ ընելու» կոչը․

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀՅԴ ԻՐԱՆԻ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐԻ
ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆԵՐԻ

«Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցականութիւնը «քաղաքական մտքից արմատախիլ անելու» մասին: Այն չի կարելի դիտել որպէս մէկ պատգամաւորի կատարած արտայայտութիւն: Այն քաղաքական մտածողութիւն է, որի շրջանակում իշխանութիւնը բացայայտօրէն պայքարում է քաղաքական բազմակարծութեան դէմ: Սա այլեւս քաղաքական բանավէճ չէ. սա քաղաքական անհանդուրժողականութեան բացայայտ դրսեւորում է:

135 տարուայ քաղաքական պատմութիւն ունեցող կազմակերպութեանը մէկ պատգամաւորի ամբիոնային յայտարարութեամբ «վերջին» յայտարարելը ոչ թէ Դաշնակցութեան պատմութեան աւարտն է, այլ այդ յայտարարութեան հեղինակի քաղաքական մտածողութեան ցուցանիշը:

Իր բազմամեայ գործունէութեան ընթացքին Դաշնակցութեանը փորձել են արգելել, ճնշել, դուրս մղել Հայաստանի քաղաքական կեանքից: Այն անցել է օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի ծանրագոյն տարիներով, Հայոց Ցեղասպանութեան աղէտով, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծմամբ, խորհրդային իշխանութեան աքսորով ու արգելքներով, եւ անգամ անկախութիւնից յետոյ եւս պետական սահմանափակումներով ու քաղաքական ճնշումներով:

Ուստի այսօր որեւէ քաղաքական ուժի կողմից «արմատախիլ անելու» մասին խօսելը պատմականօրէն նոր գաղափար չէ: Նոր չէ նաեւ այն պատասխանը, որ տալիս է Դաշնակցութեան 135ամեայ պատմութիւնը: Դաշնակցութիւնը միայն խորհրդարանական խմբակցութիւն չէ, առաւել եւս՝ որեւէ մէկ իշխանութեան կողմից շնորհուած քաղաքական կարգավիճակ: Այն քաղաքական կազմակերպութիւն է՝ իր գաղափարական ժառանգութեամբ, իր կառոյցներով, իր սերունդներով եւ իր պատասխանատուութեան ընկալմամբ:

Դաշնակցութեան գոյութեան իրաւունքը որեւէ իշխանութիւն չի շնորհում: Եւ որեւէ իշխանութիւն չի կարող այն վերցնել: 135 տարին Դաշնակցութեան համար լոկ տարեթիւ չէ: Այն պատասխան է բոլոր նրանց, ովքեր տարբեր ժամանակներում մտածել են, որ կարելի է արգելել, լռեցնել կամ վերացնել Դաշնակցութիւնը: Եւ այսօր այդ պատասխանը նոյնքան յստակ է. Դաշնակցութիւնը եղել է, կայ եւ շարունակելու է իր քաղաքական պայքարը՝ կազմակերպուածութեամբ եւ Հայաստանի ու հայ ժողովրդի առաջ իր ստանձնած պատասխանատուութեամբ»:


ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ

«Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊի կողմէ այս օրերուն՝ Ազգային ժողովին մէջ, նորութիւն չէ, անսպասելի չէ եւ վստահաբար ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ, տարբեր շարժառիթներով, բայց միշտ միեւնոյն նպատակով՝ Հայաստանի ու հայութեան պահանջատիրութեան գաղափարախօսութեան իսպառ վերացումը, որուն պատնէշը եղած է, է՛ ու պիտի մնայ Դաշնակցութիւնը:

Եւ ա՛յս է միակ պատճառը անոր թիրախաւորման:

Դաշնակցութեան դէմ արտաքին թէ ներքին դարէ մը աւելի կրկնուող տարատեսակ արշաւներուն մերկացնող հատու պատասխանը տրուած է միշտ, տրուած է հսկայ դէմքերու կողմէ, տրուեցաւ ու կը տրուի նաեւ այսօր տեղւոյն վրայ ԱԺ-ի ամպիոնէն՝ պատգամաւոր մեր ընկերներուն կողմէ, եւ պիտի շարունակուի տրուիլ աշխարհով մէկ արարող մեր մեծ ընտանիքին ու յատկապէս մեր պաշտօնական մամուլին ու մարմիններու կողմէ: Կանխենք. Դաշնակցութիւնը ընդունած է միշտ ու կ՛ընդունի իր հասցէին քննադատութիւն, բաց ճակատով, պատրաստ՝ կարգին բանավէճի, սակայն սուտ, բանբասանք, անհիմն, անորակ, տգէտ պիտակաւորում, ցեխարձակում, ապատեղեկատուութիւն՝ ոչ, իսկ արմատախիլութեան սպառնալիք՝ երբեք, այդ ալ անարմատ թիւրիմացութիւններու կողմէ: Դաշնակցութիւնը իր 136 ամեայ հայրենանուէր ու ազգանուէր գործունէութեան ընթացքին կատարած է սխալներ եւ կատարելապէս գիտակից ու պատասխանատու է անոնց համար, որոնց դատաւորը, սակայն, միայն ու միայն իր հարազատ ժողովուրդն է եւ ոչ թէ պատահական յայտնուած այս կամ այն պաշտօնեան կամ խմբակը:

Այս բոլորին դիմաց մեր պատասխանը յստակ է ու մեկին.

Ազգային խորքով, բարոյական էութեամբ, գաղափարական ամրութեամբ, համազգային վարքագիծով եւ քաղաքական պահանջատիրական յստակ տեսլականով առաջնորդուող մեր կուսակցութիւնը, կազմակերպական համահայկական իր կառոյցով, իր երիտասարդական միաւորներով, իր ուղեկից միութիւններով եւ համակիրներու փաղանգով վճռակամ ու պատրաստ է շարունակելու պայքարի իր երթը, առանց ընկրկումի, ի խնդիր Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատի իր երդումին ու անվերապահ նուիրումին, ի խնդիր Հայ Դատի լուծման հանգրուանային իրագործումին, հակառակ բոլոր տեսակի արտաքին թէ ներքին դժուարութեանց ու անցարգելներուն»:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Փարիզ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել