Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Իւրաքանչիւր հայ ձեռքերու միացումով պիտի վերակերտէ հայրենիքն ու ապագան․ «Հայրենիք»

Դեկտեմբեր 26,2020 09:25

«Ահա՛ ծառը, հին ծառացումներս մոռցնել տուող գեղածիծաղ ծառ. ահա՛ լոյսերը, որ վառած են ու ողողած ճամբադ` եկո՛ւր»:

Պoղոս Սնապեան («Կորստական թոյներ» – 1970)

Տարիք չեն ճանչնար տօնական օրերը։ «Սիրուն զանգակները․․․» նոյնքան քաղցր ու ախորժալուր կը հնչեն նորածինին, պատանիին եւ ալեհեր ծերունիին։

Հիմա, դարերու պատմութիւն ունեցող զանգակներ պիտի մնան… լռելի, սկսելով Դադի վանքի ամեհի զոյգ մը զանգերէն, որոնք քակուեցան, ծրարուեցան զիրենք լսող ժողովուրդին հետ բռնեցին բռնագաղթի ճամբան:
Բոլոր հայերուս նման, Ձմեռ Պապն ալ կը շարունակէ հեռուէն ըմբոշխնել Մասիսները, որոնք թէեւ սահմանէն անդին են, սակայն մեր սրտի սահմանէն ներս են առնուած, եւ՝ այնքա՜ն հարազատ։

Ճակատագի՞ր։ Քանի մը շաբթուան մէջ, Մասիսներու ճակատագրին ենթարկուեցան Արցախի բոլոր բարձր լեռները` Գոմշասարը (3724 մեթր), Ծռասարը (3616 մ․), Քէօռօղլուդաղը (3462 մ․), Օմարը (3395 մ․), Մեծ Հինալը (3367 մ․), Մռաւը (3343 մ․), Սպիտակասարը (3200 մ․), Քիրսը (2724 մ․) եւ նոյնիսկ վերջերս Դիզափայտը (2478 մ․), որուն լանջերուն կը գտնուին Հին Թաղերն ու Խծաբերդը։ Դեռ աւելին, Սիւնեաց աշխարհի Խուստուփն ալ սահմանամերձ դարձած է եւ թիրախ՝ արցախեան բարձունքներու ճակատագրին մատնուելու։

«․․․Նախ այցի գնա՛ մոռցուած խրճիթներուն, հիւղերուն, ճակատագրէն զարնուած մարդոց որդիներուն, զրկուած մանուկներուն, որոնց հայրերը լուռ կը տառապին, մայրերը կու լան նոյն կսկիծով. նախ չքաւորներուն դուռը զարկ, որբերուն ժպտէ՛, հանդիպէ ամէնուն, բաշխէ՛ բարիքներդ, քաղցրացուր անո՛նց կեանքը, լիացուր բոլորը ու յետո՛յ եկուր․․․», գրած է Պօղոս Սնապեան (1927 – 2014), որուն համար Նոր Տարուան շրջանը միշտ ալ իւրայատուկ էր:

Շշմած ու վհատած կը թուի ըլլալ Ձմեռ Պապը։
Որո՞ւն դուռը թակել, որո՞ւն երդիքին տակ տօնել Ամանոր։
Պահ մը մէկդի դնենք ցոյցերը, հազարաւոր զոհերը ողբացող հարազատները, տնտեսական դժուարութիւններն ու պսակաձեւ ժահրը. անդին, զարհուրելի են տեսարանները, հոն Եռաբլուր կոչուող բարձունքին վրայ։ Քաղաք մըն է անիկա, գերբնակուած եւ աշխարհի ամենէն աւելի երիտասարդը, սակայն դժբախտաբար անշունչ քաղաք մը։

Ձմեռ Պապը պիտի չուզէ՞ր առանց հրմշտուքի, արգելքի եւ ընդդիմութեան այցելել Եռաբլուր եւ խոնարհիլ հոն հանգչած հազարաւոր մատղաշներու շիրիմին։ Անշո՛ւշտ որ պիտի ուզէր եւ խրատական ձայնով մը պիտի արձագանգէր, թէ Եռաբլուրը վախճան չէ. Եռաբլուրը ուխտավայր է, ուրկէ ճամբայ պիտի ելլէ մօտիկ եւ աւելի հեռու անցեալներուն գործուած սխալներուն դարմանումի, կորուստներու վերականգնումի եւ իրաւունքներու տիրացման Հայուն նոր քայլարշաւը՝ որքան ալ որ թշնամիին ստեղծած արհաւիրքները մթագնած ըլլան այսօրուան երկինքը:

Իւրաքանչիւր հայ ձեռքերու միացումով պիտի վերակերտէ հայրենիքն ու ապագան, եւ Ձմեռ Պապը մեր կողքին պիտի ըլլայ նոր տօնածառերը զարդարելու պահուն։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031