Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին եւ անոր Գրադարաններու, արուեստներու եւ մշակոյթի բաժանմունքին որոշումով Թինա Տէմիրճեան նշանակուեցաւ Կլենտէյլ քաղաքի յաջորդ պաշտօնական բանաստեղծը՝ բանաստեղծութեան արուեստը տարածելու առաքելութեամբ։ Ան պիտի փոխարինէ 2023ին հաստատուած այս պաշտօնին առաջին անգամ նշանակուած Ռաֆֆի Ճօ Վարդանեանը։
Բանաստեղծութեան արուեստը տարածելու նպատակին համար, քաղաքին պաշտօնական բանաստեղծը պիտի իրագործէ ծրագիրներ, կազմակերպէ հաւաքներ, աշխատանիստեր եւ ներկայացումներ, քաղաքի տարբեր տարիքի քաղաքացիներ ներգրաւելու յոյսով։
Նյութն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ»-ում


















































