Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թուրքիան կ՛ուզէ դառնալ Միացեալ Նահանգներու հիմնական գործընկերը կամ համաճարտարապետը: Համակարգի մը, որ կարեւոր մասով նաեւ Սիւնիքի մէջ կը կառուցուի. «Ազդակ»

Սեպտեմբեր 24,2026 11:13 Share

«Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները 100-ամեակի շեմին» քննարկման նիստին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յատարարութիւնը ունի քանի մը երանգային շերտեր, որոնք պէտք է մանրադիտակի տակ առնել:

Գործակցութեան երկու ուղղութիւն նշուած է: Սեւ Ծովն ու Հարաւային Կովկասը: Երկու պարագային ալ Անգարան իբրեւ միջնորդ, իբրեւ բանակցող նոյնիսկ գործարք կնքող կողմ նախապէս նկատի ունէր Մոսկուան, որուն հետ յարաբերութիւնները խորացուցած էր: Հիմա, նոր յարաբերակցութիւն կը հաղորդուի այս յայտարարութեամբ: Սեւ Ծովու եւ Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւններուն մէջ Անգարան կ՛ուզէ հիմնական դեր ստանձնել եւ խնդիրները լուծել հիմնականին մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ: Շրջանցում կայ Մոսկուայի. բայց ոչ միայն Մոսկուայի:

Անգարան կ՛առիթաւորուի այս ձեւով Իրանի պատերազմին ներգրաւուածութենէն եւ ազդակ կը յղէ Ուաշինկթընին: Եւրոպան, մեծ հաշուով, Ֆիտանի տնտեսական-քաղաքական տեսադաշտին մէջ տեղ չէ գրաւած: Անգարայի ուղերձը Ուաշինկթընին այն է, որ աշխարհաքաղաքականութեան դերակատար է ինք եւ պատրաստ է Միացեալ Նահանգներուն հետ լուծել խնդիրները:

Յաւակնոտ յայտարարութիւն է թուրք դիւանագէտին կատարածը այն իմաստով, որ համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման համար Ուաշինկթըն պէտք ունի Թուրքիոյ, եւ հաւասարէ հաւասար Ուաշինկթըն-Անգարա գործընկերութիւնն է, որ կրնայ ապահովել տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու զարգացումը:

Այստեղ տարածաշրջանը Հարաւային Կովկասն է: Այդ խաղաղութիւնը, կամ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը, Թուրքիան կը պայմանաւորէր Ազրպէյճանի հետ Երեւանի հարցերու հանգուցալուծումով: Հիմա այդ նախապայմանը այստեղ չ՛երեւիր, եւ երկու բեւեռի միջեւ համագործակցութեամբ կը պայմանաւորուին տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու զարգացումը:

Ուժանիւթային եւ հաղորդուղիներու նոր ճարտարապետութիւնը, այս պարագային հայաստանեան տարածքներու վրայ կը կառուցուի հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի կողմէ: Թուրքիան կ՛ուզէ դառնալ Միացեալ Նահանգներու հիմնական գործընկերը կամ համաճարտարապետը: Համակարգի մը, որ կարեւոր մասով նաեւ Սիւնիքի մէջ կը կառուցուի:

Հարաւային Կովկասը միջազգային քաղաքագիտութեան մէջ որոշ ժամանակ առաջ ռուսական տիրոյթ կը նկատուէր: Հիմա Անգարան կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներուն հետ կիսուիլ այդ տիրոյթի խնդիրներու հանգուցալուծման գործընթացը:

«Ա.»

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Ամենաընթերցված

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո    
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930